Հայաստան - Արցախ

Պէտք է շրջանցել բանակցութիւններու անելը

Յայտարարւած էր, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրւի մինչեւ 2023 թւականի աւարտը: Պայմանագիրի բազմաթիւ բնօրինակներ փոխանցւեցան երկուստեք: Փոխանցւած նախագիծերը, երբ Հայաստանէն կը փոխանցւէին, մերժւեցան Ադրբեջանի կողմէ, Ադրբեջանի կողմէ փոխանցւածներն ալ` Հայաստանի կողմէ: Կըսւէր, որ այս ուղղակի, առանց միջնորդի հաղորդակցութիւնը կընթանայ դրական հունով, հիմնական խնդիրները լուծւած են, կը մնան միայն քանի մը մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակւին: Այս բոլորը տեղի կունենային ամբողջական գաղտնապահութեան պայմաններուն մէջ. ոչ ոք գիտէր, թէ ի՞նչ կառաջարկէ Ադրբեջան, նոյնպէս անյայտ էր, թէ ի՞նչ կառաջարկէ Հայաստան: Կարգ մը սպրդած տեղեկութիւններէն կարելի էր կռահել, որ Ադրբեջան չափազանցւած պահանջներ կը դնէ, որոնց Հայաստան կը փորձէ առարկել ու աւելի ընդունելի տարազներ գտնել:

Յունւար ամսւան սկիզբը, Ադրբեջանի նախագահը՝ Իլհամ Ալիեւ, որ անակնկալօրէն նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ հրամանագրած էր, մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Այդ հարցազրոյցի ընթացքին, սովորական դարձած յոխորտանքներէն ետք, Իլհամ Ալիեւ բացայայտեց Ադրբեջանի պահանջները: Յայտնեց, որ սահմանազատման բանակցութիւնները կապ չունին խաղաղութեան պայմանագիրին հետ: Անոնք կրնան շարունակւիլ պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք: Կը հետեւի, որ Ադրբեջան Հայաստանէն իր գրաւած շրջաններէն հեռանալու մտադրութիւն չունի: Այս բարձունքները կը ծառայեն դիտարկելու ամբողջ Հայաստանը եւ զայն մարտականօրէն զգաստ պահելու: Աւելին. Ալիեւ կը պահանջէ ոչ միայն Հայաստանի հողերով շրջափակւած չորս գիւղերը (անկլաւները), այլեւ մեզի անծանօթ սահմանային ուրիշ չորս «ադրբեջանական» գիւղեր: Այս վերջիններուն յանձնումը նախապայման է, մինչ շրջափակւածներուն շուրջ կարելի է բանակցիլ:

Իլհամ Ալիեւ կրկին կը յիշեցնէ Ադրբեջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխափան եւ Հայաստանի կողմէ չվերահսկւող ուղի ստեղծելու պայմանը: Այդ ուղին, կամ միջանցքը, Ադրբեջանը պիտի կապէ Ադրբեջանի հետ եւ պէտք է բացւի Մեղրիի շրջանին մէջ, Արաքս գետի ափին. ուրիշ խօսքով՝ Հայաստանի կապը Իրանի հետ պիտի վերահսկւի Ադրբեջանի կողմէ:

Շարունակենք: Ալիեւ կը մերժէ բանակցութիւններու ատեն հիմնւիլ խորհրդային շրջանի քարտէզներուն վրայ: Պէտք է հասկնալ, որ Իլհամ Ալիեւի համար, սահմանազատման հիմք կը հանդիսանան զինւորական նւաճումները: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ողջ տարածքը կը նկատէ Արեւմտեան Ադրբեջան. կը յայտնէ, որ 1918-ին Երեւան (Իրիւան) ադրբեջանական քաղաքը ապօրինաբար յանձնւած է Հայաստանին: Ալիեւի համար Հայաստան առհասարակ գոյութիւն ունի՞ արդեօք:

Նիկոլ Փաշինեան այս վտանգաւոր նկրտումներուն պաշտօնական պատասխան չտւաւ: Պատասխանեց իր կուսակցութեան ժողովի ընթացքին, զգուշութեամբ քննադատելով Իլհամ Ալիեւի առաւելապաշտական յայտարարութիւնները: Այսքան լկտիաբար հրապարակւած պահանջներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան դարաշրջան հիմնելու առաջադրանքը. Հայաստան, ի՜նչ Հայաստան, կը նպատակադրէ դառնալ Կովկասի մէջ «խաղաղութեան» խաչմերուկ:

Դժւար չէ հասկնալ, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնները մատնւած են անելի: Արցախը զիջելէ, այլ զիջումներու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելէ ետք, Ադրբեջանի ախորժակները բացւած են եւ պահանջները համայնակուլ դարձած: Անոնք, կը թւի, որ նոյնիսկ Փաշինեանի կողմէ անընդունելի են:

Նման վիճակի մատնւած իշխանութիւն մը ի՞նչ պիտի ընէր անելէն դուրս գալու համար: Երկրորդական ու լուսանցքային հարցերո՞վ պիտի զբաղեցնէր հանրային կարծիքը, թէ՞ անկեղծօրէն բացայայտէր կացութեան անելանելի ըլլալը եւ դիմէր արտակարգ քայլի մը, քաղաքական քաջ կեցւածքի մը:

Եթէ հրաժարականով իշխանութենէն հեռանալը բացառւած է, քանի որ գռեհիկ ժողովրդավարութեան հասկացողութեամբ ժողովուրդը զայն ընտրած է հինգ տարւան համար, կարելի է առաջացնել ազգային լայն միութիւն մը, ժողովուրդին բոլոր խաւերը մասնակից դարձնելով անելէն դուրս գալու համազգային ճիգին:

Նման համախմբումի մը նախաձեռնութիւնը տրամաբանօրէն պէտք է գայ իշխանութենէն, սակայն ամէն մեղք «նախկիններուն» վերագրելէ ետք, դժւար է, հասկնալիօրէն, նման քայլի դիմել: Քաջութիւն կուզէ սխալը ընդունելով նորը կառուցելու նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ:

Ընդդիմութի՞ւնը պէտք է նախաձեռնէ ազգային միութեան ստեղծումը, դիւրացնելով իշխանութիւններուն գործը: Թերեւս:

Սպասենք նոր զարգացումներուն:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button