Արցախի հայաթափումը որակւեց ցեղասպանութիւն
Արամ Ա կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ երկօրեայ նիստերն աւարտւեցին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ գումարւած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի երկօրեայ նիստերը աւարտւեցին։ Յայտնում են Կիլիկիայի կաթողիկոսարանից:
«Առկայ հարթակը, որ մինչ այժմ ունեցած է առցանց եօթը նիստեր, ներառած էր հայկական առումով ընդլայնւած աշխարհագրութիւն. արդարեւ, Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Շւէյցարիայէն, Ֆրանսիայէն եւ Լիբանանէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ երկօրեայ նիստերով քննարկեցին «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» թեմային առնչւած հրատապ օրակարգի կէտեր։
Պրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), պրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան (Հայաստան), դոկտ. Արմէն Մարուքեան (Հայաստան), դոկտ. Վահրամ Բալայեան (Արցախ), դոկտ. Հրայր Պալեան (ԱՄՆ), դոկտ. Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան (Արգենտինա), դոկտ. Վիգէն Չթըրեան (Շւէյցարիա), Տիգրան Եկաւեան (Ֆրանսիա), դոկտ. Նորա Պայրագտարեան (Լիբանան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան) եւ Ահարոն Շխրտըմեան (Լիբանան – քարտուղար) յաջորդաբար քննարկեցին տարածաշրջանի նորագոյն իրադարձութիւնները, Ադրբեջանի իրագործած ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման հետեւանքները, միջազգային իրաւական ատեաններու մօտ՝ ռազմագերիներու, ձերբակալւածներու եւ պահւող անձանց վերադարձի հնարաւոր ուղիները արծարծելու, Ադրբեջանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու թղթածրարի պատրաստութեան եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի մշակման խնդիրները։
Խորհրդաժողովը արձանագրեց.-
1- Միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ Արցախի հայաթափումը որակեցին ցեղասպանութիւն։
2- Ինչպէս 20-րդ դարու Մեծ Եղեռնը, Արցախի հայաթափումը տեղի ունեցաւ ի լուր անտարբեր մնացած միջազգային հանրութեան, ներառեալ Հայաստանի գործընկեր Ռուսիոյ։
3- Արցախի հարցը փակւած չէ. կարելի չէ լուռ մնալ ոճիրին, անոր ուրացման եւ շարունակման վտանգին դէմ- յանդիման։
4- Արցախի հարցով յանձնառութիւնը յանձնառութիւն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ապահովութեան։
5- Դէմ-յանդիման ազգային գոյութենական սպառնալիքին, Հայրենի հայութիւնն ու Սփիւռքը պարտին վերջ տալ ներքին պառակտումներու, ուժերու ջլատման եւ կրաւորականացման, համախմբւիլ ի խնդիր սպառնալիքի միասնական դիմակայման։
6- Նպատակաուղղւած աշխատանքներ ծրագրել դէպի հզօր Հայաստան եւ հզօր Սփիւռք՝ իբրեւ մէկ ամբողջութեան վերակայացում։
Խորհրդաժողովը գործնական աշխատանքներու առումով որոշեց.-
ա) 24 Ապրիլի 2024-ի նախօրեակին Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ ոչ-հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, հրաւիրել Արցախի դէմ իրագործւած ցեղասպանութեան եւ միջազգային դատական ատեաններու մօտ Ադրբեջանը պատասխանատւութեան կանչելու ուղիներուն նւիրւած միջազգային գիտաժողով։
բ) Հրատարակութեան ձեռնարկել «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի 19-20 յունւարի 2024-ի խորհրդաժողովի նիստերու ժողովածուն։
գ) «Արցախի նկատմամբ Ադրբեջանի կողմէ 2016-2023-ին կատարւած յանցագործութիւնները եւ անոնց հետեւանքները» հետազօտական ծրագրի շրջանակներուն մէջ համակողմանի վերլուծութեան ենթարկել յիշեալ ժամանակահատւածի ընթացքին Արցախի դէմ Ադրբեջանի իրագործած յանցագործութիւնները՝ նախանշելով անոնց դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հնարաւոր մեթոդներն ու գործիքակազմերը։
դ) Պատրաստել Արցախի բռնագրաււած տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան ենթարկւած եւ անոր սպառնալիքին տակ գտնւող հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկը։
ե) Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ճամբով կոչ ընել, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակւին ռազմաքաղաքական առեւանգւած ղեկավարութիւնն ու ապօրինաբար պահւող ռազմագերիները։
Խորհրդաժողովի մասնակիցները անհրաժեշտ նկատեցին հարթակի նիստեր գումարել հերթական յաճախականութեամբ, հետեւելու, քննարկելու եւ աշխատանքային ուղիներ ճշտելու համար Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ ամենէն հրատապ գործընթացներուն»։
News.am