Հայաստանի փարաւոնին երազները
– Բարեեե՜ւ,- լսեցի կատակասէր բարեկամիս ձայնը՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն: Ե տառը տեւեց աւելի քան հինգ երկվայրկեան:
– Բարեւիդ՝ բարեւ ու կէս: Այս ո՞ւր ես, շատո՜նց ձայնդ չեմ լսած,- պատասխանեցի՝ Ո տառս իրեն չափ երկարելով:
– Կը ներես: Ճամբորդած էի, վերադարձիս ալ գործերու մէջ թաղւած էի,- բացատրեց կէս-կատակ շեշտով: – Այսօր ըսի՝ ձայն մը տամ, հալդ-քէֆդ հարցնեմ, եթէ ուշացած չեմ՝ Նոր տարիդ շնորհաւորեմ եւ նայիմ, թէ Նոր տարիդ ինչպէ՞ս կը հինցնես…
– Նոր տարիս սպառման ժամկէտին (expiry date) չէ հասած, ուշացած չես սեպւիր,- ընդմիջեցի նոյն տրամադրութեամբ:
Քանի մը ընթացիկ հարց-պատասխանէ ետք՝
– Վերջին նորութիւնները լսեցի՞ր,- հարցուց, հասկցնելով, որ հասած է իր նորագոյն կատակը տոպրակէն դուրս բերելու պահը:
– Ո՞ր մէկը: Պաղեստինցիներուն ջարդին անարգել շարունակո՞ւմը… Ռուս-ուկրաինական պատերա՞զմը եւ գերիներ փոխադրող օդանաւի մը ջախջախո՞ւմը… Իրանի մէջ ռմբային արարքնե՞րը… Կարմիր ծովուն եւ Իրան-Պակիստան սահմանին վրայ՝ տաք պատերազմներու տարածման նշաննե՞րը, Լիբանա՞նը, Ֆրանսիայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ժողովրդային շարժումնե՞ր, որովհետեւ այլեւս չեն կրնար կերակրել եւ Իսրայէլի զինանոցները… Նորութիւնները այնքա՜ն շատ են, որ մարդը չի կրնար աչքը մէկ վայրկեան նորութեան մը վրայ նստեցնել, երբ ահա այլ նորութիւն մը կը հինցնէ-կը մոռցնէ քիչ առաջ տեսած-լսածդ…
– Չէ՛, չէ՛, այդ տեսակի նորութիւններու մասին չէ հարցումս: Անոնք միշտ նորոգւող հիներուն ցանկին վրայ են: Մարդիկ վարժւեցան ամենէն ողբերգական դէպքերն ալ դիտել իբրեւ սովորական բաներ. պետական ոճիրներ… քանդումներ… ասանկ բաները սովորական են եւ պէտք է զանոնք կլենք իբրեւ թիւ ու տարածք: Իմ ըսածս ուրիշ նորութեան մը մասին է:
– Է՛, վե՛րջ տուր քաշքշելու սովորութեանդ: Ըսէ՛, թէ ի՞նչ կայ լեզւիդ տակը:
– Կը յիշե՞ս. Հայաստան ատեն մը առաջ յայտարարեց, որ նորէն արբանեակ մը նետած է, ատիկա նոր «աննախընթաց» մը աւելցուցած էր այս իշխանութեան «աննախընթացներ»-ուն ցանկին վրայ: Գիտե՛ս, որ իրենցմէ առաջ Հայաստանի մէջ ոչի՛նչ եղած է, հիմա ամէն բան «զրօ կէտ»-ի տրամաբանութեամբ կընեն եւ ամէն բան աննախընթաց է հայութեան կեանքին մէջ, մինչեւ իսկ ամէն բան զրոյի հասցնելը աննախընթաց է:
– Նորէն կերկարե՜ս: Ըսէ՛, թէ ի՞նչ նորութիւն ունիս,- հարցուցի՝ անհամբերութիւն կեղծելով:
– Այդ արբանեակը աննախընթաց բան մը իրականացուցեր է: Պատմեմ: Այդ արբանեակին միջոցով, մեր գիտնականները յաջողեր են հաղորդակցութեան մէջ մտնել Անդենականին հետ եւ գաղտնալսել որոշ խօսակցութիւններ: Գաղտնալսելը հիմա մոդա է ամէն տեղ: Ահա՛ թէ ինչն է նորագոյն աննախընթացը:
– Այս ճամբորդութիւնդ կատակելու ախորժակդ քիչ մը աւելի բացեր է կարծես թէ…- ընդմիջեցի:
– Չհարցուցիր, թէ ի՞նչ լսեր են, գաղտնալսումին արդիւնքը ի՞նչ եղեր է…
– Ըսէ՛ տեսնենք:
– Լսեր են մօտաւորապէս հետեւեալ խօսակցութիւնը՝ Աստծոյ եւ Հին Կտակարանի հերոսներէն մէկուն միջեւ:
– Պատմէ՜ տեսնենք: Ի՞նչ է եղեր այդ խօսակցութիւնը:
– Աստծոյ ձայնը ըսեր է. «Որդի՛, Անուշիկ Յովսէփ, Յակոբի եւ Ռաքէլի ֆուտբոլի խումբին սիրասուն բերդապահը: Դուն մարմնաւոր կեանքիդ մէջ լաւ գործեր տեսար, երազներու մեկնաբանի հռչակ շահեցար, եւ հիմա հոս անգործ կը պտտիս: Քեզ յատուկ առաքելութեամբ մը Հայաստան պիտի ղրկեմ: Դուն, որ փարաւոնին խրթին երազները մեկնեցիր եւ եգիպտացիրները սովահարութենէ փրկեցիր, հիմա ալ պիտի երթաս Հայաստան եւ հայերու նոր օրերու փարաւոնին՝ Նիկոլ փաշային երազները պիտի մեկնես, փրկարար նոր գործ պիտի տեսնես»:
– Է՞, երազներու մեկնիչը ընդունե՞ր է:
– Ի՜նչ կըսես: Աստծոյ ձեռքը-ոտքը ինկեր եւ աղաչեր է. «Տէր Աստւած. մի՛ներ, մ՛ըլլար, զիս այդպիսի առաքելութեան մը մի՜ լծեր, ձե՛ռքդ պագնեմ, ո՛տքդ պագնեմ, անկարելի բան է ըսածդ»:
– Իմ գիտցած Աստւածս է նէ, որոշումէն ետքայլ չ՛ըներ,- միացայ կատակին:
– Ճի՛շտ ես: Աստւած հաստատ մնացեր է իր որոշումին վրայ եւ պահանջեր է, որ Յովսէփ շուտով ճամբրուկը պատրաստէ եւ հրեշտակի թեւերով հասնի «Զւարթնոց»:
– Խեղճ Յովսէփը ի՞նչ կրնար ընել…
– Կրկներ է առարկութիւնը՝ ըսելով. «Տէր Աստւած: Փարաւոնին հետ գործս շա՜տ աւելի դիւրին էր: Այդ օրերուն, գործս քանի մը երազ մեկնել էր. ըրի՝ վերջացաւ, ամէն մարդ ինձմէ գոհ մնաց: Նիկոլ փաշային ո՞ր երազը մեկնեմ: Օրը նոր՝ երազները նոր: Երբեմն երազները կը վերածւին ժողովուրդը զբաղ պահող՝ պատկերասփիւռի սերիալներու, զանոնք հրապարակ կը նետէ, որպէսզի մարդիկ պարապ-սարապ բաներով տարւին եւ ինք յառաջ քշէ իր նեղ շահերը պաշտպանելու, հայերուն հայրենիքը կտոր-կտոր յանձնելու ծրագիրը, համաձայն «խաղաղութեան ծրագիր»-ին, որ իր գրպանը դրած են թուրքերն ու ադրբեջանցիները»:
«Աստւած Յովսէփի առարկութիւններով չէ բաւարարւած եւ պահանջած է, որ Անուշիկ Յովսէփը հիմնաւորէ զանոնք: Ան ալ սկսեր է թւել սապէս».
«Տէր Աստւած, այս արարածը փարաւորնէն աւելի՛ այլանդակ երազներ կը տեսնէ, մէկը միւսին հակասող, ընդհանրապէս իրականութիւնները անտեսող, ոտքի տակ առնող երազներ: Օր մը կարթննայ եւ կըսէ, որ երազին մէջ տեսած է, թէ Արցախը Ադրբեջանին կը պատկանի: Ուրիշ օր մը կարթննայ եւ կը յայտարարէ, որ երազին մէջ տեսած է, թէ Հայաստանի կարգ մը կղզեակները՝ անկլաւները Ադրբեջանին պատկանած են եւ պէտք է զանոնք ալ Արցախի պէս վերադարձնէ տիրոջ: Ուրիշ օր կարթննայ եւ կը յայտարարէ, որ պատմութեան դասագիրքերը պէտք է ժամանակակից ըլլան, բառախաղեր կընէ Հայոց պատմութիւն եւ Հայաստանի պատմութիւն բառերուն վրայ: Երազատեսը երբեմն գիւտեր ալ կընէ Հայաստանի տարածութեան եւ սահմաններուն մասին: Երազները զինք կը հասցնեն թշնամիին եւ բարեկամին տարբերութիւնը չտեսնելու, մինչեւ իսկ թշնամիներուն գործը իր ձեռքով ընելու բարձունքներուն: Բանակի բարեկարգումի ծրագրերն ալ երազներէն կը բխին, եւ օր մըն ալ կորոշէ աղջիկները զինւորագրել, երբ եղած բանակը կարգին չէ սարքաւորած, սահմանային դիրքերը չէ ամրացուցած, խաղաղ պայմաններու մէջ բանակային զոհերուն թիւը մրցումի կելլէ ճակատումներու զոհերու թիւին հետ:
«Երազները բազմագոյն են. ծիածանն իսկ կը նախանձի գոյներուն առատութեան, նրբերանգներուն: Ո՞ր մէկը յիշեմ: Վերջերս, օր մը արթնցաւ եւ դպրոցներ այցելելու ելաւ, որովհետեւ երազին մէջ տեսած էր, որ մարզադաշտեր որոշ օրէնքներու չեն ենթարկւած, բաղնիքներու ցնցուղները անորակ էին, արթուն վիճակի մէջ զայրացաւ եւ գործին չեկած պաշտօնատարներ քաւութեան նոխազ դարձուց: Դուն ալ չես մոռցած, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ Արցախի վրայ ադրբեջանական վերջին յարձակումը սկսած էր, երբ ի՛ր իսկ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ արցախցիք վտանգւած են, հայաթափում տեղի կունենայ, ինք հրապարակ նետեց նոյն օրը տեսած երազը, ուր արցախցի հայերուն գլխուն որեւէ վտանգ չէր տեսած: Յետոյ, երազներն ալ սկսան դարձեալ իրար հակասել: Քանի մը անգամ երազ տեսաւ, որ ադրբեջանցիները վտանգ կը սպառնան, յաջորդ օրը երազը իրեն թելադրեց խաղաղութեան օձիքը ձեռք առնել, յետոյ դարձեալ, օրւան երազին համաձայն՝ յայտարարեց, որ Ադրբեջան խաղաղութեան քայլերը կը վտանգէ:
«Երազներուն մէկ այլ երանգապնակը կազմւած է ընդդիմադիրներուն եւ զինք չհանդուրժողներուն դէմ գծանկարներով: Եթէ երազին մէջ տեսնէ, որ նահատակ զինւորներու ծնողները պէտք է քաշքշելով հեռացնել Եռաբլուրէն, չի վարանիր հրահանգ տալու: Չի վարանիր նաեւ զինք քննադատողները բանտ նետելու կամ անբաղձալի տարր հռչակելու եւ Երեւանէն հեռացնելու, որովհետեւ երազին մէջ նման թելադրանք հասեր է իրեն: Քանի մը օր առաջ ալ, օր մը արթնցեր է եւ երազէն մեկնած՝ յայտարարեր է, որ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան մը պէտք ունի՝ աւելի աշխոյժ եւ մրցունակ ըլլալու համար: Անկէ առաջ, երազէն բխում առաւ Արարատը Արագածին մրցակից դարձնելու գիւտը: Շարունակե՞մ…
«Եթէ երազները այսքան խայտաբղէտ չըլլային, թերեւս յանդգնէի զանոնք մեկնելու ճիգ մը ընել: Հարցը հոն է, որ այս երազները մեծ մասամբ տեղական արտադրութիւն չեն, այլ ներածւած են, ճիշտ թուրքական այն արտադրութիւններուն պէս, որոնք ողողած են Հայաստանի շուկաները: Երազները մէյ մը կը ներածէ Ադրբեջանէն, ուրիշ անգամ մը՝ Թուրքիայէն, չի գիտեր, որ անոնք տարբեր պիտակով նոյն ապրանքն են: Որպէսզի ժողովուրդը զինք չայպանէ, որ թուրք-ադրբեջանցիներուն գործակալն է, երբեմն երազներ կը ներածէ նաեւ Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, չի մոռնար Ռուսիան եւ այլ երկիրներ»:
«Աստւած համբերութեամբ մտիկ ըրեր է բացատրութիւնները, հիմնաւորումները, զանոնք գտեր է ճիշտ ու տեղին, սակայն մնացեր է իր որոշումին վրայ, ըսելով. Անուշիկս, մեր՝ երկնայիններուս դերը հոն է, որ նման դժւար կացութիւններու դարման գտնենք, խոչընդոտներու առջեւ կանգ չառնենք, չվհատինք: Քեզի շա՜տ աւելի դիւրին գործ մը կը վստահիմ, քանի ինչ որ վստահեցայ Միածինիս. Անոր տւի աշխարհի՛, ամբողջ մեղապարտ մարդկութի՛ւնը փրկելու առաքելութիւնը, քու գործդ միայն Հայաստանը պիտի ըլլայ: Գործ մի՛ ունենար Ուկրանիոյ, Ռուսիոյ, պաղեստինցիներուն, քուրդերուն ու եմէնցիներուն հետ, Ափրիկէ ալ ոտք մի դներ, թէեւ կրնաս կարօտաբաղձութիւն ունենալ Եգիպտոսի նկատմամբ: Գնա՛, փրկէ՛ հայերը, որոնք եղան Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունող առաջին ժողովուրդը»:
«Անուշիկ Յովսէփը տւեր է վերջին բացատրութիւն մը, որ շշմեցուցեր է մինչեւ իսկ Ամենակալը: Ըսեր է. ինչպէ՞ս կրնամ ասանկ առաքելութիւն մը յանձն առնել ու փրկել հայերն ու իրենց հայրենիքը, երբ Փաշինեան փաշան միակ երազատեսը չէ: Երազատեսութիւնը վարակած է իր վարչախումբը (շնորհիւ պարգեւավճարներու եւ այլ հրապուրիչ բաներու), երազներու ուռկանին մէջ ինկած է զանգւածը, մինչեւ իսկ որոշ ընդդիմադիրներ եւ ամբողջ տեղեկատւութեան դաշտը: Ինչպէս ըսի՝ մարդը գիշերը ներածւած երազ մը կը տեսնէ եւ առաւօտուն բան մը հրապարակ կը նետէ, ամէն մարդ, ուզէ-չուզէ, կը սկսի անոր մասին խօսիլ, շատերը կը մոռնան, որ ասոնք զիրենք զբաղեցնելու եւ էական հարցերէ շեղելու դիտաւորութեամբ կըլլան, անդին, երկիրը ձեռքէ կելլէ մի՛շտ փախչող խաղաղութեան անւան տակ, ադրբեջանական բանտերու մէջ մոռցւած գերիներ ու պատանդներ կան: Շատեր մտած են անոր երազներուն աշխարհը, ինչպէս հեքիաթին «Ալիսը եւ իր սքանչելիքներու աշխարհը»: Ինչպէ՞ս մեկնեմ մէկը միւսը հակասող, մէկը միւսը ժխտող երազները: Ո՞ր մէկուն երազին հասնիմ. նոր փարաւոնի՞ն, գործակիցներո՞ւն, թէ՞ իր սուտ ու փուտ երազներուն տարբերակներով վարակւածներուն, իրենց միտքն ու աչքը հլու հնազանդ փակողներուն: Հարցերը աւելի՛ կը բարդանան, որովհետեւ այս ցնորքներուն եւ խաբէութեանց ժխորին մէջ են ո՛չ միայն Հայաստանի բնակիչները, այլ նաեւ տարբեր գաղութներու մէջ բնակող տկարամիտներ, ալզայմըրէ տառապողներ: Մի՛ բարկանար: Ի՞նչ կրնամ կոչել զանոնք, բացի տկարամիտէ, երբ Հայաստանի ու Արցախի կորուստներուն իրականութիւնները, փաստերը չեն տեսներ, չեն ուզեր տեսնել, չեն կրնար ընդունիլ, որ երազատես փարաւո՛նն է այս բոլոր չարիքներուն աղբիւրը, իրենց թշնամիին երազները իրականացնողը»:
«Աստւած գլուխը առեր է ափերուն մէջ, պահ մը փորձեր է հասկնալ, թէ իր երկրորդ ընտրեալ ժողովուրդին ի՞նչ պատահած է, ինչո՞ւ ան ինքզինք մատնած է ինքնալքումի, ինքնակորուստի: Յետոյ, սկսեր է փառաւոր մօրուքը շոյել, անցեր է իր նորագոյն համակարգիչին առջեւ, գտնելու համար ճատրակի խաղի նոր ծրագիր-տարազ մը, որ ըլլայ… աննախընթաց եւ օգնէ այսօրւան ու վաղւան ամբողջ պատկերը տեսնելու, ցոյց տայ մրցումը շահելու ձեւերը: Այնքան երկար մտածեր է, որ… քունը տարեր է եւ սկսեր է երազել»:
– Վերջացուցի՞ր պատմութիւնդ: Միայն մէկ բան յստակ չեղաւ: Արբանեակը արձակւած էր «աննախընթաց» հոլովողներուն կողմէ, սակայն այնպէս կերեւի, որ անոր գաղտնալսածները երբեք ալ նպաստաւոր չեն փարաւոնին եւ իրեն հետեւողներուն համար: Փարաւոնը վաղը կրնայ պաշտօնանկ ընել նաեւ այդ արբանեակը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
26 յունւարի 2024