Հայաստան - Արցախ

Եւ օր մըն ալ մեզմէ պահանջեցին հայ չկոչւիլ այլեւս…

«Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ եթէ այս բոլոր պայմանները ընդունինք խաղաղութիւն կըլլայ, եւ զարգացում…» – կըսէր Փաշինեան երբ քառասունչորսօրեայ պատերազմին կը պարտւէինք եւ ինք կը ստորագրէր համաձայնագիր մը, որուն կէտերը, ինչպէս յայտնի դարձաւ յաջորդ տարիներուն, ահաւոր ենթակայութեան պայմաններ կը ստեղծէին:

Բայց, հակառակ բոլոր զիջումներուն, խաղաղութիւնը չեկաւ, երկիրը շատ հեռու է զարգացումէ: Ինչ որ տեսանք՝ Հայաստանի վրայ յարձակումն ու ներխուժումն է, Արցախի շրջափակումն է, պատմականօրէն հայկական այդ հողատարածքի հայաթափումն է եւ մշակութային պատմական կոթողներու բնաջնջումը:

Խաղաղութեան մասին կը շարունակենք խօսիլ պատի մը հետ, մինչ դէպի անդունդ կուղղւինք եւ բառերը իրենց իմաստը կը կորսնցնեն ի դէմ այլ հսկայական շահերու, որոնք կը ձգտին տիրանալ հայկական յաւելեալ տարածներու:

Հայաստանի Վարչապետը կըսէ. «անցեալին ամէն ինչ սխալ ըրինք: Բոլոր այն արժէքները, որոնց վրայ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սխալ են եւ այդ իսկ պատճառով դուրս մնացած ենք տարածաշրջանի զարգացման ծրագիրներէն: …Պէտք է շատ աւելի մրցունակ եւ իրատես ըլլանք»:

Հիմա առաջարկը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:

Ետին թողել ազգային իղձերը, նպատակներ ինչպիսին են պետականակերտում, ազգային գերիշխանութիւն, պատմական անցեալ, իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, աշխարհի մէջ յարգանք որպէս քաղաքացի, անտեսել յիշողութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ արդարահատոյցի սկզբունքները:

Ամէն ինչ սրբել, եւ զերոյէն սկսիլ ամէն ինչ: Այս է Փաշինեանի առաջարկը: Կամ Սուլթան Էրդողանի եւ իր զրահակիր Ալիեւի պահանջը:

Իշխանութեան իր դիրքերէն, Փաշինեան, պարտութեան խօսնակը, կառաջարկէ մենք մեզի վերսկսիլ որպէս ազգ, մեր հայկական էութիւնը թափել տարածաշրջանային համարկման ջուրերուն մէջ, ուր գիշատիչներ կը սպասեն մեզի:

Փաշինեանի իշխանութիւնը չառաջարկեր հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ հանրային իսկական դիալոկ մը մասնակցութեամբ ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող խօսակիցներու, դիալոկ մը ուր կարելի է վերակառուցել մեր հաւատքը մեր ներուժին հանդէպ, յղանալ լուծումներ որոնք ծնունդը ըլլան հազարամեակներէ ի վեր ինքզինք վերստեղծող ազգի մը ստեղծագործ հանճարին:

Այս իշխանութեան միակ առաջարկները մեր դահիճներու թունաւոր պայմանաւորումներու ընդօրինակումն են, ընդորում թատերական ներկայացումներու տեսքով ի դէմս Ազգային ժողովի «քննարկումներով», ուր երկրորդական դերակատարներ կը ճգնին ցոյց տալ այս ազգային պառակտումի գործընթացի համընդհանուր ընդունւածութիւնը:

Ազգային ապահովութիւնը, պետութիւնը, Հանրապետութիւնը աւելի քան երբեք գոյութենական սպառնալիքի տակ կը գտնւին: Արցախը բռնագրաււած եւ հայաթափւած է, եւ կարծես չկայ այլընտրանք մեր առաջ քան մենք զմեզ մեղադրելու, որ ազատ Հայաստան երազած ենք, Արցախի ազատագրում եւ անկախութիւն, պայքարած ենք յանուն արդարութեան եւ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներուն, չենք ընդունած, որ ցեղասպանները մնան անպատիժ եւ շարունակեն իրենց ոճիրը ոչ միայն հայ ժողովուրդի այլ նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ:

Մեզի կուզեն հաւատացնել, որ մեղաւոր ենք քաղաքական այն բոլոր յաջողութիւններուն համար, որոնց արդիւնքով աշխարհը յարգելու սկսած է հայուն: Մեղաւոր ենք արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարին համար, գլուխ բարձրացնելու դարերու ստրկութենէ յետոյ, եւ այդ բոլորին համար կուզեն, որ այսօր գին վճարենք մեզի լռութեան մատնելով, մեզի մղելով, որ լքենք ամէն ծրագիր, որ ազգային գերիշխանութեան կը ձգտի, որ Արցախ բառը չգործածենք, չխօսինք Ցեղասպանութեան մասին, ոչ ալ արդարահատոյցի, չխօսինք առհասարակ:

Այդ բոլորի նախընթացները կուզեն անյայտացնել, եւ անհետացնել ամէն պահանջատիրութիւն:

Չխաբւինք: Էրդողանն ու Ալիեւը խաղաղութիւն չեն ուզեր: Հայաստանը տարիներ ու տարիներ Արցախի հարցի խաղաղ լուծումին մասին խօսեցաւ, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ:

Անոնց նպատակը հայ ժողովուրդի՛ անհետացումն է, կամ անոր գոյութեան նւազագոյնի թոյլատրումը միայն:

Հայկական տարբեր իրականութիւններ կան, բայց առանձին, իրարմէ բաժան-բաժան չեն կրնար գոյատեւել: Այս գոյութենական բանավէճը պիտի, որ Հայաստանն ու Սփիւռքը դնեն սեղանի վրայ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցը այսօր կը մերժէ որեւէ քայլ, որ ազգային պառակտումը խորացնէ եւ հայկական ինքնութեան ու գոյութեան հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն դէմ գործէ:

Ո՛Չ Սահմանադրական փոփոխութեան:

ՅԱԿՈԲ ԹԱՊԱԳԵԱՆ
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի
Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ

Related Articles

Back to top button