Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Անթալիայէն Արցախ

«Պատերազմի հիմնական հետեւանքը ո՛չ թէ անպայման շնչող էակներու, այլ մարդ էակին աշխատանքով արտադրւածի՛ն ոչնչացումն է»

Ջորջ Օրուէլ
(1903-1950, բրիտանացի գրագէտ)

Անթալիոյ մէջ կազմակերպւած դիւանագիտական գիտաժողովի օրերուն, երբ բեմահարթակին վրայ, բարձրաստիճան պատւիրակութիւններու մասնակցութեամբ կը քննարկւէր այսպէս կոչւած՝ կառուցողական «Խաղաղութիւն, զարգացում եւ փոխկապակցւածութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթը, ճի՛շտ նոյն օրերուն, ամայացւած եւ բռնախլւած Ստեփանակերտի մէջ այլ տեսակի «կառուցողական» գործ կը տարւէր, այսինքն՝ քանդումի եւ կործանումի աշխատանք՝ ազերիական վիթխարի «բուլդոզըր»-ներու միջոցով. ազերիները իրենց «բարեացակամութեան» նորագոյն ցուցահանդէսը կիրագործէին՝ քանդելով Արցախի խորհրդարանին շէնքը, նաեւ կողքի կառոյցները, իսկ ասոնք պատճառ չեն, որ մոռացութեան տանք մշակութային կոթողներու, եկեղեցիներու քանդումն ու եղծումը:

Զարմանալի վիճակ, որ սակայն… զարմանալի չէ, ո՛չ ալ անակնկալ, երբ մտաբերենք ընդհանուր պատկերը, նախընթաց քանդումները:

Մինչ Հայաստանի իմաստո՜ւն ներկայացուցիչները Թուրքիոյ ձեռք կերկարէին ի խնդիր խաղաղութեան, անդին՝ Ստեփանակերտի մէջ, քանդումը կը շարունակւէր ու վերջ չէ գտած։

Ողբերգական են պատկերները, յատկապէս՝ Ազգային ժողովի շէնքի քանդումին։ Շնչող էակներու ջարդէն եւ բռնագաղթէն ետք, հիմա, նոյնինքն այդ մարդ արարածներուն կերտած գո՛րծն է, որ կը քանդւի, իսկ աշխարհը, ներառեալ 19 Բաղրամեան պողոտայի «ազգընտի՜ր» վարձակալներն ու վարձկանները ձեռնածալ կը մնան, աննկատ թողելով ճերմակ ջարդը։

Եթէ հարց տանք այս «ազգընտիր ներկայացուցիչներուն», թէ ըսելիք ունի՞ն, հաւանաբար պատասխանեն. «Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի, ազերիները իրաւունք ունին իրենց հողին վրայ ընելու այն՝ ինչ որ կուզեն»: Չէ՞ որ այդ «ներկայացուցիչներուն» մանդատաւոր պետն ալ ատենին կը յոխորտար, թէ իրենք կընեն այն՝ ինչ որ կուզեն…»
Անտարբերութիւնը այնպիսի ծաւալի հասած է, որ Հայաստան, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, եւ կիրարկելու համար Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեռք բերւած համաձայնութիւն մը (ըստ որուն՝ երկու կողմերու մոլորած եւ հակառակորդի կողմը յայտնւած զինւորները պէտք է վերադարձւին), առանց այլեւայլի որոշեց Ադրբեջան վերադարձնել 28 փետրւարին, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հատւածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան զինւորներու կողմէ ձերբակալւած ազերի զինւորը: Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելով՝ տեղեկացուցած էր, որ դէպքին մասին Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդւածներով նախաձեռնւած է թղթածրար պատրաստել: Յայտնի չէ, թէ այդ թղթածրարը պատրաստւեցա՞ւ ու զինւորին հետ Բաքու ղրկւեցա՞ւ…

Եւ այսպէս, կառուցողական… քանդումը կը շարունակւի։
Անթալիոյ մէջ, թէ՛ Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ եւ թէ՛ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան շեշտեցին, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, առաջնահերթ է Ադրբեջանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կարգաւորման հասցնելը, պարզապէս որովհետեւ նմանօրինակ կարգավիճակ «…պիտի ապահովէ հիմք՝ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի բարգաւաճման համար»: Իսկ գործնական գետնի վրայ, սա կը թարգմանւի նորանոր քանդումներով եւ հայկական հետքերու փոշիացումով: Տեսէ՜ք թէ ինչպիսի՛ բարգաւաճում կը ցուցադրւի Հայաստանի հորիզոնին վրայ: Ատկէ անդին, ի՜նչ ըսել, երբ թուրք ներկայացուցիչը հայկական կողմը… Երեւան կը հրաւիրէ բանակցութեան համար: Մարդիկը փաստօրէն կըսեն, թէ Երեւանը իրենցն է արդէն, «էհ․․․էսդի ալ համեցէք»:

Ինքզինք անհեթեթութեան տարած, անկարողութեան մատնած ԻՒՆԵՍԿՕ-ն ալ, ըստ սովորութեան, կը դիտէ եւ կը հետեւի, ամենադոյզն բողոքն անգամ չարտայայտելով։ Չէ՞ որ Բաքւի նաւթի հանքերէն կաթիլներ կը հասնին իրեն…

Աշխարհը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ մնալ անբան ու անգործ դիտորդ։ Կրկնենք. բայց ինչո՞ւ զարմանալ, երբ գլխաւոր իրաւատէրն ու երաշխաւորը՝ Երեւանի իշխանութիւնը ուրիշ կողմ կը նայի, կը շարունակէ վազել ցնորքներու ետեւէն, եւ հայրենիքն ու ազգն ալ տանիլ իրեն հետ՝ անդունդն ի վար:

Մէկ բան յստակ է. եկեղեցիներու գմբէթներէն խաչերը վար առնելով, եկեղեցիները սրբապղծելով եւ այլափոխելով, կիսանդրիներ եւ խաչքարեր քար ու քանդ ընելով եւ նոյնիսկ Արցախի խորհրդանիշը՝ Ազգային ժողովի շէնքը քանդելով, կարելի պիտի չըլլայ քանդել ու վերացնել արցախահայութեան կամքն ու պահանջատիրութիւնը, որ ամբողջ հայութեա՛ն համար առաջնահերթութիւն մըն է, ո՛չ մէկ աղերս ունի Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած շինծու գիտաժողովին ու անոր ճշտած առաջնահերթութիւններուն հետ:

Հայաստանն ու Սփիւռքը ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ գործի անցնելու, միասնաբար շրջադարձ կատարելու համար կործանարար ընթացքէն:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button