Ալպեր Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի «Շաղզոյեան» կենտրոնի մէջ ժողովներու ճամբով Բէյրութի մէջ քրիստոնեայ ուժերը համախմբելու նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակւեցաւ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ (մայիսի 18-ին-ԽՄԲ.) ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային ցանցերու հարթակներուն տրւած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Բէյրութի եւ Պեքայի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն յայտնեց. «Նախ եւ առաջ կուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր ընտրամեքենային: Առաջին հերթին նկատի ունիմ մեր համակիր ժողովուրդը եւ կուսակցական ընկերները: Յատուկ կերպով կուզեմ անդրադառնալ մեր համակիր զանգւածի մասնակցութեան, որովհետեւ այս աշխատանքը չի վերաբերիր միայն այսօրւան: Այս աշխատանքը շաբաթներու վրայ երկարած աշխատանք է, մեր համակիրներն ու կուսակցական ընկերները կամաւոր դրութեամբ իրենց ժամանակը տրամադրեցին այս աշխատանքին, այն համոզումով, որ յաջողութեան իրագործումով իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարած պիտի ըլլան»:
«Լիբանանեան լրատուամիջոցներու մէջ անդրադարձ կատարւեցաւ մեր ընտրամեքենային, որուն աշխատանքը բնորոշւեցաւ իբրեւ մեղւափեթակի աշխատանք»,- նշեց ան:
«Կը յուսանք, որ այսօր ալ, երբ կը փակւին քւէատուփերը, մենք կ՛ունենանք նոյն յաջողութիւնը, ինչ որ ունեցանք այլ շրջաններու մէջ»,- յայտնեց Պալապանեան:
«Բէյրութի մէջ գլխաւոր հարցը իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան խնդիրն է, եւ մեծ աշխատանք կենթադրէ այդ մէկը յաջողցնելու համար»,- ըսաւ ան:
«Ինչ կը վերաբերի այսօրւան ընտրութիւններուն, ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէն ինք նախաձեռնեց քրիստոնեայ կուսակցութիւններու եւ ներկայացուցիչներու համախմբումը ապահովելու: Այդ նախաձեռնութիւնը իր արդիւնքը տւաւ, շնորհիւ երկու շաբթւան ընթացքին «Շաղզոյեան» կենտրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու շարքի մը, եւ այդ բոլոր ուժերը համաձայնութեան հասան: Այդ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակւեցաւ ներկայացուցչութեան բաժանումի մը ճամբով»,- յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
«Ազդակ»