ԹեհրանՀամայնքՍփիւռք

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան

Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմի

եւ Պատկառելի Ազգային Պատգամաւորական ու Թեմական ժողովի անդամներ,

Քիչ առաջ խոր ցաւով իմացանք մեր բոլորի սիրելի Ռուբիկ Կարապետեանի մահը: Արդարեւ, ո՛վ չի ճանչնար Ռուբիկը, ընդհանրապէս իրանահայութեան ու յատկապէս Թեհրանի հայութեան կեանքին մէջ: Ո՛վ չի ճանչնար այս խանդավառ, ժպտերես ու ծառայասէր Ռուբիկը, որ միշտ պատրաստ է ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Մենք այսպէ՛ս ճանչցանք Ռուբիկը: Ամէն անգամ երբ այցելեցինք Թեհրան, մեր հանդիպումներուն եւ այցելութիւններուն ընթացքին մեզ շրջապատող մնայուն անձերէն մէկն էր Ռուբիկը: Նո՛յն խանդավառութեամբ ու պատրաստակամութեամբ, հանգուցեալը ծառայական ներկայութիւն դարձաւ ազգային առաջնորդարանի բոլոր մարմիններէն ներս, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հայութեան կեանքի կրթական, մշակութային եւ Հայ Դատի յանձնախումբերէն ներս: Արդարեւ, մեծ կորուստ մըն է մասնաւորաբար Թեհրանի հայութեան համար Ռուբիկին մահը:

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կուզենք յայտնել հանգուցեալի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ իր մեծ ընտանիքին՝ Թեհրանի հայութեան: Մեր խոր վշտակցութիւնը նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազանին, Պատգամաւորական ու Թեմական ժողովներուն եւ այն բոլոր կառոյցներուն ուր Ռուբիկը նւիրումով ծառայեց:

Կաղօթենք առ Բարձրեալն Աստւած, որ երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի Ռուբիկի հոգին եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը շնորհէ բոլորին:

Աղօթարար՝

Արամ Ա Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

12 օգոստոս 2025

Անթիլիաս, Լիբանան

Related Articles

Back to top button