Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
ՊԱՏՄԱՔԱՂ-ի թիւ 17-ի մէջ անդրադարձանք Շումերներու ծագման կապի մասին Հայոց հետ. թիւ 18-ի մէջ անդրադարձանք Հայերէնի եւ Շումերէնի նմանութիւններուն…: Շումերներու ծագումը կը մնայ արդիական հարց, ուսումնասիրութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտնականներուն կողմէ կը շարունակւին, ինչպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Հայ գիտնականներէն Արմէն Դաւթեան 2014 թ. հրատարակեց հայերէն-շումերէն 2000-է աւելի բառերու նմանութեան բացատրական բառարան մը: Ըստ բանասէր Արմէն Դաւթեանի «Հայերէնը՝ Շումերական արձանագրութիւններու վերծանման բանալի է»: Եւ «Եթէ գիտնականը Հայ է, ապա ան շատ աւելի հեշտ կրնայ վերծանել Շումերական արձանագրութիւնները»: Խորապէս համոզւած ըլլալով Հայ-Շումերական մշակոյթներու յաջորդականութեամբ. ինչպէս եւ երկու ժողովուրդներու ծագման լեռնային արմինոիդական յատկութիւններուն, ՊԱՏՄԱՔԱՂ-ով՝ մինչեւ օրս, երեք համարներու մէջ հրատարակած ենք նիւթեր այս կարեւոր եւ այժմէական հարցի մասին: Հաւատալով, որ տէր պէտք է կանգնինք մեր հին մշակութային եւ ծագումնաբանական հարստութիւններուն…: Երկու լեզուներու սերտ կապերու մասին կրկին կը հրատարակենք այս ցուցակը, որ հրատարակած ենք մեր առաջին հեղինակային գիրքին մէջ, տպուած 2006 թ.:
Հետեւեալ ցուցակի երեք սիւնակներու տեղեկութիւնները առնւած են իրաքցի յայտնի Շումերէնագէտէ մը՝ նոյնութեամբ անգլերէն տառերով: Լիայոյս ենք, որ համաշխարհային գետնի վրայ կատարւած գիտական պրպտումները՝ ի վերջոյ պիտի յանգին այն եզրակացութեան, որ Շումերէնը շատ հին Հայերէն է. ու հետեւաբար այդ պիտի բարձրացնէ Հայ ազգի հսկայական դերը համաշխարհային պատմութեան մէջ:
ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ
ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ ԱՄՕԹԱԼԻ ԴԱՇԻՆՔԸ
Բիւզանդիոնի Յուլիանոս կայսրը (361-363), 363 թ. մարտի 5-ին, հսկայ բանակով դուրս ելաւ Անտիոքէն եւ սկսաւ իր մեծ արշաւանքը Սասանեան կայսրութեան վրայ: Յուլիանոս իր բանակէն զօրամաս մը ղրկեց Հայաստան. այդ զօրամասը
միանալով Արշակ Բ-ի բանակի հետ արշաւեց Մարաստանի վրայ, Շապուհին զբաղեցնելու այդ ճակատի վրայ. իսկ կայսրը մնացած բանակով շարժւեցաւ Սասանեաններու մայրաքաղաք Տիզբոնի վրայ:
Տիզբոնի մօտ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Յուլիանոս կայսրը սպանւեցաւ:
Բիւզանդիոնի նորընտիր կայսրը՝ Յովիանոս (363-364), որոշեց չշարունակել արշաւանքը, եւ կնքել խաղաղութեան դաշինք մը Շապուհ Բ-ի հետ: Ան ընդունեց Սասանեաններու բոլոր ծանր պայմանները, որովհետեւ կուզէր շուտով վերադարնալ Հռոմ, ամրապնդելու իր վտանգւած իշխանութիւնը:
Յովիանոս կայսրի կնքած պայմանագիրին յոյն պատմիչ Ամիանոս Մարկելլիանոս կանւանէ «Ամօթալի դաշինք». ան որպէս ականատես գրած է, «Յովիանոս առանց տատանւելու տւեց այն ամէնը, ինչ որ պահանջում էին պարսիկները…:
Բացի այդ, պայմանագրում արւեց շատ աւելի ծանր ուխտազանց մի յաւելում, ըստ որի, այդ համաձայնութիւնից յետոյ այլեւս օգնութիւն չպիտի տրւէր մեր մշտական եւ հաւատարիմ բարեկամ Արշակին ընդդէմ պարսիկների, եթէ նա այդ մեզանից խնդրելու լիներ:…
Եւ դրա հետեւանքով էր, որ հետագայում, երկպառակութիւնների եւ խռովութիւնների ժամանակ, այս Արշակը կենդանի գերի վերցուեց պարսիկների կողմից, եւ խլւեց Հայաստանից ընդարձակ մի երկրամաս, որը սահմանակից էր Մեդիային: Գրաււեց նաեւ Արտաշատ քաղաքը»:
Ամօթալի դաշինքի համաձայն Եփրատը կրկին դարձաւ պաշտօնական ճանչցւած սահմանը երկու կայսրութիւններու միջեւ: Այս դաշինքի ժամկէտն էր երեսուն տարի:
Նոյն դաշինքի մասին Ամիանոս Մարկելլիանոս պատմիչը կը գրէ, «Մեզ համար աւելի լաւ էր տաս անգամ կռւել, քան ընդառաջել այդ պահանջներից որեւէ մէկին: Իսկ Հայաստանին հասցուցած մեծ վտանգի մասին Արնօլդ Թուինբին կը յիշէ, «Յուլիանոսի յաջորդը՝ Յովիանոս կարողացաւ իր բանակը փրկել կործանումէ՝ յանձնելով Մծբինը եւ հինգ հայկական նահանգներ, որոնք Հռոմէական կայսրութիւնը կցցած էր իրեն 298 թ.: Այս զիջումները Հայաստանի թագաւորութիւնը դրին պարսիկներու գութի տակ»:
Սասանեան Շապուհ օգտւելով առիթէն 364 թ. սկսաւ պատերազմը առանձին մնացած Հայաստանի դէմ: Պատերազմը տեւեց մօտաւորապէս չորս տարի, ի վերջոյ Արշակ Բ ստիպուած եղաւ ընդունելու Շապուհ Բ-ի հրաւէրը եւ 368 թ. այցելելու Տիզբոն՝ հաշտութեան դաշինք կնքելու համար: Տիզբոնի մէջ Շապուհ դրժեց իր բոլոր խոստումները, Արշակ Բ եւ իր քաջ սպարապետ Վասակ Մամիկոնեան ձերբակալւեցան, եւ տանջանքներէ ետք վերջ տրւեցաւ անոնց կեանքին: Արշակ Բ մահացաւ Անյուշ բերդի մէջ, որ կը գտնւէր Տիզբոնի մօտակայքին: Այսպէս, վերջ գտաւ կռանի եւ սալի միջեւ ինկած Հայաստանի Արշակ Բ թագաւորի ոդիսական կեանքը:
ԱՆՑԵԱԼԻՆ՝ ԱՅՍ ՕՐ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԷՋԵՐ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ԹԱՂՄԱՆ ՀԱՐՑԸ՝ 2 յուլիս 1860 164 Տարի առաջ
1860 թ. յուլիսի 2-ին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք՝ Կ. Պոլսոյ թաղերէն մէկուն մէջ Կարապետ անունով հայ բողոքական մը կը մահանայ: Յիշեալ Կարապետը հակառակ այն իրականութեան, որ բուռն հակառակորդ մըն էր Հայոց Առաքելական Եկեղեցիին, ցանկութիւն կը յայտնէ, որ թաղւի Հայոց գերեզմանատունը. այդպէս էր այդ ժամանակ, հայ Բողոքականները, երբ կը մահանային կը թաղւէին Հայոց գերեզմանատան մէջ, եւ այդ ընդունելի էր:
Նոյն թաղի հայերը կորոշեն թոյլ չտալ, որ հանգուցեալը թաղւի Հայոց գերեզմանատան մէջ, որովհետեւ Կարապետը շատ ծայրայեղ Բողոքական մը եղած էր իր կենդանութեան տարիներուն, եւ խիստ հակառակորդ մը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, ան նոյնիսկ ծաղրած էր Հայոց ծէսերը եւ հայհոյած: Թաղի հայերէն մօտ 200 անձ չեն ձգեր, որ Կարապետի մարմինը թաղւի իր ցանկացած տեղը (Հայոց գերեզմանատունը): Իսկ Հայ բողոքականներն ալ կը պնդեն իրենց հանգուցեալ ընկերոջ խնդրանքը. ու երբ կը հանդիպին ընդդիմութեան կը բողոքեն Օսմանեան կառավարութեան:
Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նամակներ կը ստանայ Անգլիոյ եւ Ամերիկայի Պոլսոյ դեսպաններէն. պատրիարքը Օսմանեան կառավարութեան եւ օտար դեսպաններու քաղաքական ճնշման տակ, կը համաձայնի ընթացք տալ Հայ բողոքականներու խնդրանքին: Բայց Պոլսահայերը կը դիմադրեն, ու կանցնին գործի պաշտպանելու իրենց եկեղեցական ծէսերու եւ հաւատալիքներու անկախութիւնը որեւէ արտաքին ոտնձգութիւններէ: Քանի մը հազար հայեր կը պաշարեն Հայոց գերեզմանատունը, նոյնիսկ գիշերները հերթապահութիւն կընեն, թոյլ չտալու համար, որ մեռելը թաղւի Հայոց գերեզմանատան մէջ: Մեռելը համաձայն Եւրոպական թերթերու ամբողջ հինգ օր կը մնայ անթաղ վիճակի մէջ:
Օսմանեան կառավարութիւնը օտար դեսպաններու պնդման եւ քաղաքական ճնշման տակ կը դիմէ ուժի գործածման: Օսմանեան պատերազմական նախարար Ռիզա փաշան մօտ 3000 ձիաւոր եւ հետեւակ «զօրքով» կը շարժւի հայոց գերեզմանատան վրայ: Պոլսահայերը կորոշեն չզիջել, ու հարցը կառնէ սուր ազգային բնոյթ, եւ բախումը կը դառնայ իրականութիւն: Ընդհարումներու ժամանակ կը վիրաւորւին մօտ 30 հայեր եւ քանի մը թուրք ոստիկաններ: Ի վերջոյ Պատրիարքի միջամտութեամբ մէկ կողմէն, եւ պարտադրուած Օսմանեան ուժի հետեւանքով կարելի եղաւ մեռելը թաղել Հայոց գերեզմանատան ծայրը…:
Այս միջադէպը մեզ կը յիշեցնէ մեր առողջ մտաւորականներու ազգային միաբանութեան մշտական կոչերը, որոնցմով կը թելադրւէր՝ թէ ազգութիւնը վեր է ամէն դաւանութենէ. Մէջբերենք հետեւեալը Գամառ Քաթիպայէն (Ռափայէլ Պատկանեան 1830-1892).
«Քրիստոնեայ ենք մենք եւ որդիք Հայկի.
Այսքանը բա՛ւ է. է՛լ Լուսաւորչական
Կամ Պապադաւան եւ կամ Լոթրանքի
Ազգը չբաժնենք՝ ի սէր հայութեան»:
Մեր օրերուն, յիշեալ դէպքէն մօտաւորապէս մէկ ու կէս դար ետք՝ այդ օրւան տեղի ունեցածը ծիծաղելի կը թւի. բայց այդ պատմաշրջանին հարցերը զարգացած էին այլ ուղղութեամբ, եւ նման դէպք մը կարելի էր, որ ստանար շատ լուրջ արձագանգ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ:
Փառք Տիրոջ, որ այս տեսակի ներազգային հարցերը դարձած են անցեալի պատմութիւն. քաջ գիտնալով, որ մեր պատմութիւնը մեր փորձառութեանց շտեմարանն է, որմէ կրնանք օգուտ ստանալ հայ ազգը զերծ պահելու բոլոր ազգաքանդիչ գաղափարներու վտանգներէն…:
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 50, 7 յուլիսի 2024 թ.