
Մովսէս Խորենացիէն մեզի հասած են Աբգար թագաւորի գրած նամակները, որոնցմէ մէկը ան ուղարկած է Ներսէհ թագաւորին, եւ այդ նամակին մէջ ան գրած է, «Հայոց Աբգար թագաւորը իր որդի Ներսէհին ողջունում է: Քո ողջոյնի գիրը տեսայ, Պերոզին կապանքներից արձակեցի եւ յանցանքը ներեցի, եւ եթէ կամենաս, նշանակիր նրան Նինւէի վերակացու, ինչպէս ուզում ես: Գալով քո ինձ գրածին, թէ ինձ մօտ ուղարկիր այդ բժշկին, որ այդ հրաշքները գործում է եւ քարոզում է մի ուրիշ աստւած, որ հրից ու ջրից վեր է, որպէսզի տեսնեմ եւ լսեմ նրան, նա բժիշկ չէր մարդկային գիտութեամբ, այլ աշակերտ էր հրի եւ ջրի արարիչ աստծու որդու, եւ նա ուղարկւեց Հայաստանի կողմերը, ինչպէս նրան վիճակ էր ընկել: Բայց նրա գլխաւոր ընկերները Սիմոն անունով մէկը ուղարկւած է այդտեղ, Պարսկաստանի կողմերը, նրան փնտրիր, գտիր եւ նրանից կը լսես, ինչպէս եւ քո Արտաշէս հայրը: Նա բոլոր հիւանդութիւնները կը բժշկէ եւ կեանքի ճանապարհ ցոյց կու տայ»:
Պատմականօրէն յստակ չէ, թէ Ներսէհը Ադիաբենի պետութեան թագաւորն էր, սակայն երբ կը յիշւի ասորեստանցիներու թագաւորը, շատ տրամաբանական է ենթադրել, որ ան Ադիաբենի թագաւորն էր:
Աբգար իր նամակին մէջ բարեկամական ձեռք կերկարէ Ներսէհին: Ան կը ներէ եւ ազատ կարձակէ Պերոզ անունով անձ մը, որ Ներսէհին բարեկամ ըլլալու էր, եւ կառաջարկէ անոր նշանակել Նինւէի կառավարիչ: Աբգարի այս նամակը պատասխան էր Ներսէհի խնդրանքին. վերջինս խնդրած էր, որ Քրիստոսի հրաշագործ առաքեալը՝ Թադէոսը, ուղարկւի իրենց մօտ:
Որոշ պատմաբաններ հայոց այս Աբգար թագաւորի եւ Ներսէհ թագաւորի բարեկամութեան պատմութիւնը մօտաւորապէս մէկ ու կէս դար ուշ կը թւագրեն՝ զանոնք նոյնացնելով Աբգար Թ-ի եւ Ադիաբենի Նասրայ թագաւորի հետ: Յամենայնդէպս, այս պատմութիւնը երկու տարածքներու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւոր մէկ վկայութիւն մըն է:…
Քրիստոսի խօսքերէն
Այս խորագիրին տակ կը հրատարակենք Քրիստոսի խօսքերէն՝ որոնք կերպով մը առնչւած են «ՊԱՏՄԱՔԱՂ»-ի նիւթերուն։ Մեր կողմէ մեկնաբանութիւն չենք ներկայացներ՝ յուսալով, որ սիրելի ընթերցողները հետաքրքրւելով կընթերցեն այդ խօսքերը Աւետարանէն։
Աշակերտ ըլլալու գինը
31 Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ: 32 Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ:
ՂՈՒԿԱՍ 14
ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ
Թէ ինչպէս փրկւեցաւ Կարսի Բագարտունեաց թագաւորութիւնը սելջուկ Ալփ-Ասլանի արշաւանքէն
Սելջուկներու սուլթան Ալփ-Ասլան 1064 թւականին յարձակեցաւ Հայաստանի Անի քաղաքի վրայ: Քաղաքը ցուցաբերեց բուռն դիմադրութիւն, սակայն բիւզանդական ուժերը, յոգնած երկարատեւ պայքարէն, դիմեցին փախուստի: Արդիւնքով սելջուկները յաջողեցան գրաւել գրեթէ անպաշտպան մնացած Անին:
Բագրատունեաց շքեղ մայրաքաղաք Անիի գրաւումէն եւ տեղի ունեցած կոտորածէն ետք, սելջուկ սուլթան Ալփ-Ասլան դեսպան ղրկեց Անիի մօտակայ Բագրատունեաց Կարսի թագաւորութեան Գագիկ թագաւորին՝ պահանջելով, որ ան ներկայանայ իր առջեւ եւ հպատակութիւն յայտնէ:
Կարսի թագաւորը կը դիմէ խորամանկութեան՝ փրկւելու իրեն մօտ գտնւող սելջուկեան բանակէն. «Գագիկը, որ խոհեմ եւ իմաստուն մարդ էր, սուլթանից խաղաղ ճանապարհով պրծնելու միջոցներ որոնեց: Նա հագաւ սգաւորի հանդերձներ եւ նստեց սեւ բարձի վրայ: Երբ սուլթանի դեսպանը նրան այդպէս սգաւոր տեսաւ, ցանկացաւ իմանալ պատճառը եւ հարցրեց. «Ինչո՞ւ ես սեւ հագել, չէ՞ որ դու թագաւոր մարդ ես»: Գագիկ պատասխանեց, թէ՝ «Երբ մեռաւ իմ բարեկամ Տուղրիլ սուլթանը, Ալփ-Ասլանի եղբայրը, ահա այն օրւանից եմ ես այս սեւ հանդերձները հագել»: Մարդն ապշեց եւ գնաց սուլթանին պատմեց, որը նոյնպէս շատ զարմացաւ: Ամբողջ բանակով վեր կենալով, նա եկաւ Կարս, Գագիկի մօտ, նրա հետ բարեկամութիւն հաստատեց…»:
Այսպէս Կարսը փրկւեցաւ եւ չունեցաւ Անիի դառն ճակատագիրը: Յաջորդ տարւան ընթացքին Կարսի Գագիկ թագաւորը հեռացաւ երկրէն՝ իր հետ տանելով մեծ թիւով ազնւականներ եւ զինւորականներ, որոնք հաստատւեցան Կիլիկիոյ հիւսիսային սահմանամերձ Ծամնդաւի շրջանին մէջ:
Նման յուսահատ քայլի դիմած էր նաեւ 1021 թւականին Արծրունեաց թագաւորութեան վերջին թագաւորը՝ Սենեքերիմ Արծրունի, երբ իր թագաւորութեան տարածքները յանձնեց Բիւզանդիոնին՝ փոխարէնը ստանալով Սեբաստիա քաղաքը իր շրջակայ գաւառներով:
Այսպիսով, կործանւեցաւ նաեւ Կարսի Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, որ հիմնւած էր 963 թւականին՝ Մուշեղ Բագրատունիի ձեռքով: Իսկ Սիւնեաց հայկական թագաւորութեան Գրիգոր Ա թագաւորը յայտնեց իր հնազանդութիւնը Ալփ-Ասլանին եւ կարողացաւ պահպանել իր թագաւորութիւնը:…
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
Գրիգոր Զոհրապի տեսակցութիւնը Գերմանիոյ դեսպանին
1912 թւականի վերջերուն քաղաքական վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ շատ մշուշոտ էր։ Մեծ պետութիւնները բոլորը կը միջամտէին կայսրութեան ներքին գործերուն։ Մտավախութիւնը մեծ էր, որ հայոց դէմ նոր ջարդեր տեղի ունենային։
Հայութեան ղեկավար դասը կը փորձէր ամէն կերպով օգնութիւն ձեռք բերել գոյութիւնը պաշտպանելու համար՝ յիշելով տարիներ առաջ, 1909 թւականին, տեղի ունեցած Ատանայի ջարդերը, ուր մօտաւորապէս 30.000 հայեր զոհ գացին։
21 նոյեմբեր, 1912 թ. Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զօհրապ, Պոլսոյ Պատրիարք Յովհաննէս Արշարունիի խնդրանքով, կը հանդիպի Գերմանիոյ դեսպանին, «Կատարելով յանձնարարութիւնը (Գրիգոր Զօհրապ կը գրէ Պոլսոյ Պատրիարքին) զոր Ձեր բարձր սրբազանութիւնը ըրաւ ինծի, երէկ պատիւ ունեցայ խօսելու, անձնական այցելութեան միջոցին նորին վսեմութեան Պարոն Տը Վանգենհայմի, դեսպան Գերմանիոյ, մարդասիրական պարտաւորութեան մասին, զոր Ձեր բարձր սրբազնութիւնը եւ հայ ազգը կը սպասեն գերմանական կառավարութենէն:
… Նորին վսեմութիւնը պատասխանեց, թէ ինչ որ ըլլայ, օսմանեան ժողովուրդին վրայ, օտար մարտանաւերու ներկայութիւնը, միջազգային օրինական տեսակէտով արդարացնող դիւանագիտական բանաձեւը չէ, դեսպանատուները չեն մտադրած օտար հպատակաց պաշտպանութեան վրայ կենտրոնացնել միայն իրենց հոգածու ջանքերը: Նպատակը ընդհանուր ապահովութիւնը ամրացնելն է: Պարոն Տը Վանգենհայմը ըսաւ նաեւ, թէ Կիլիկեան ծովափին վրայ գտնւող գերման մարտանաւերու հրամանատարներուն ուղղելիք հրահանգին մէջ պիտի ճշտէ գերման շահերու պաշտպանութիւնը հպատակներու կենաց եւ ինչքի ապահովութեանը մէջ չմասնաւորելու, այլ միջավայրին սրտադրիչ ուժերու ալ գոյութիւնը անվթար կացուցանելու պէտքը: Ապահովութեան խանգարումը ահագին կորուստ մըն է ինքնին գերման շահերուն համար: Պիտի յանձնարարէ հետեւաբար, որ հրամանատարները երկրին ընդհանուր ապահովութիւնն ալ նկատի առնեն եւ կարելի եղած օժանդակութեան մէջ գտնւին ի պահանջեալ հարկին: Իմ խնդրանքիս վրայ, դեսպանը խոստացաւ նաեւ հրահանգ տալ Ադանայի հիւպատոսին, որ աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակէ հայոց առաջնորդին հետ, որպէսզի կարենայ անկէ տեղեկանալ երկրին իրական կացութեանը»:
Սակայն Գերմանիան, բարձր դատելով իր շահերը եւ Օսմանեան կայսրութեանը ուժ տալով, յիշեալ դեսպան Վանկենհայմի ջանքերով 1913 թւականի յուլիսին վերջնականապէս ձախողեցուց հայկական բարենորոգումներու ծրագիրը։…
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 86, 23 նոյեմբերի 2025 թ.



