Մշակութային

Invictus

Չորսդիս կորսուող հայրենիք,
չորսդիս կորսուող բառեր,
չորսդիս մարդիկ աներդիք,
չորսդիս ողբի խուլ ձայներ:

Չորսդիս կորսուող յոյսեր,
յանձնումներ եւ աւերում,
դեռ մարմիններ կարեվէր,
սուտ խոստումներ անհատնում:

Ստրկացնող պայմաններ,
սպառնալիք, հարկադրում,
խաղաղութեան անուամբ դեռ
Մեծ Եղեռնի ուրացում:

Թոյլ մի տար որ սահմանեն
հայրենիքդ ուրիշներ,
չմնայ անապաւէն
երկիրդ  որբ ու անտէր:

Բայց գտնուած ենք այստեղ,
գոյատեւած վերստին,
կամքս ամուր է, ուժեղ,
յոյս չեմ կապած երկինքին:

Պիտի ժայթքի անթեղուած
վառ հրդեհը ցասումի,
պիտի փշրին կաշկանդուած
շղթաները արնալի:

Բաց ճակատով ստանձնէ
մարտահրաւէրը դժուար,
պայքարի կամքով զինուէ
եւ հաւատքով անսպառ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Related Articles

Back to top button