«Արցախի մեդիայի ձայները» փաստավաւերագրական ֆիլմը՝ Արցախի յիշողութեան ձայնը

Արցախի պետական լրատւամիջոցները, տասնամեակներէ ի վեր տեղեկատւական պատերազմի բովէն ներս, պայքար մղած են բազմաճակատ հարթակի վրայ, բեւեռացւած աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ, սակայն դիմակայած են ու քողազերծած ադրբեջանական ապատեղեկատւութիւնն ու հակահայ քարոզչութիւնը։
Անցնող օրերուն, Երեւանի մէջ կայացաւ Անի Մանկասարեանի հեղինակած «Արցախի մեդիայի ձայները» փաստավաւերագրական ֆիլմի շնորհանդէսը։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատւական դաշտի պետական երեք լրատւամիջոցներու՝ Արցախի հանրային ռադիոյի, «Ազատ Արցախ» թերթի եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, Արցախի ազատագրութեան շարժման օրերէն մինչեւ Արցախի հայաթափման հանգրւան։ Ֆիլմի բեմադրիչ` Հրայր Աւետիսեան, նկարահանող` Տիգրան Գասպարեան, անգլերէն թարգմանութիւն` Անի Մեժլումեան։
Որպէս «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր, 25 տարի համագործակցած եմ Արցախի լրատւամիջոցներու, լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ ու այս վաւերագրականի շարք մը դրւագներու ընթացքին՝ մտովի վերադարձ էր Ազատ ու Անկախ Արցախ։
Վաւերագրական այս ժապաւէնը հմտօրէն կը շաղկապէ փաստագրական յօրինւածքի տարրերն ու պատմական դէպքերու շարակարգութիւնը։
Ֆիլմը՝ չափակշռութաւոր համանւագի նման, ժամանակագրական կարգով, կը սփռւի հանդիսատեսին դիմաց, ուր կը տողանցեն Արցախի նորագոյն պատմութեան դրւագները, որոնց խօսուն վկաները՝ արցախցի լրագրողներն են, այն լրագրողները, որոնք պատերազմի յորձանուտին մէջ իսկ չեն խնայած իրենց կեանքը։
Արցախի հայութեան դժւարին ու դժնդակ այս օրերուն, խիզախութիւն է նման վաւերագրական ֆիլմի գաղափար յղանալն ու բեմադրելը։ Այդ խիզախութիւնը ունեցած է Արցախի Վաղուհաս գիւղի զաւակ՝ լրագրող եւ հաղորդավար Անի Մանկասարեանը եւ այս ֆիլմով կը պատմէ իր գործընկերներու տասնամեակներու վրայ թաւալող անձնուրացութեան ու նւիրումին մասին։
Շարժանկարը ունի իւրայատուկ պատմելաոճ. լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ հարցազրոյցներու վրայ հիմնւած՝ կը կերտւի ֆիլմի Կառուցւածքային պատումը եւ տրամախօսութեան հաղորդակից պահեր կը ստեղծէ։ Պատմական յիշողութեան կը կամրջուին կորուստը, կսկիծն ու եղեռնագործութիւնը։
Արցախի մեդիան տարիներու ընթացքին հաւաքագրած էր վիթխարի արխիւ, փաստագրական վկայութիւններ, որոնց շտեմարանը պատմական վկայութեանց աղբիւր էին։ Ժապաւէնին մէջ կը պատմւի նաեւ այդ արխիւի ճակատագրին մասին։ Արխիւէն մաս մը գերմարդկային ճիգերով կը փրկւի, իսկ որոշ մաս մը հարկադրաբար կը հրկիզւի…։
ֆիլմը կարտացոլացնէ նաեւ Արցախի յաղթական գոյապայքարէն ու ազատագրումէն ետք, լրագրողներու վկայութիւններուն ընդմէջէն ուրւագծւող բռնագաղթի ենթարկւած ու բռնադատւած ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեվիճակի յետագիծը։ Վկայութիւնն է, այն արցախցի լրագրողի պատմութեան, որ լրագրութեան մասնագիտութիւնը մէկ կողմ թողած, արցախեան ազատագրական մարտերու ընթացքին, որպէս կամաւոր կը մեկնի ռազմաճակատ, եւ երբ գործընկերը հարց կու տայ թէ ե՞րբ պիտի վերադառնայ խմբագրատուն՝ պատասխանը յստակ է եւ հնչեղ, «Երբ պատերազմը աւարտի»…։
Այսօր, երբ, օր ցերեկով կայլանդակւի ու եղծման կենթարկւի Արցախի հայկականութեան դիմագիծը, երբ Արցախի ընդերքին մէջ կը քանդւին հայութեան հոգեւոր կառոյցներն ու պատմամշակութային կոթողները, փաստավաւերագրական այս ֆիլմը կու գայ յուշելու, որ Արցախի դարաւոր ազգային դիմագիծի պահապանները եղած են նաեւ արցախցի լրագրողները։ Արցախի լրագրողները հաւատարիմ իրենց կոչումին, անձնւիրութեամբ իրագործած են իրենց առաքելութիւնը, լիովին կատարած են պատերազմական յանցագործութիւններու, աւերածութիւններու եւ մարդկային պատմութիւններու արձանագրումը, քաղաքական իրավիճակի մասնագիտական վերլուծութիւնը, առաջնագծի թէժ կէտերուն վրայ ռազմական իրադարձութիւններու փաստագրումը։
Զգետնւած վիճակէն ու պարտութեան թմբիրէն վերականգնելու ու արարելու մասին հետեւեալ խօսքը ըսած է 27 տարի բանտարկւած, մարդկային իրաւանց պաշտպան, Հարաւային Աֆրիկէի նախագահ Նելսոն Մանդելան. «Պատիւը կը պատկանի անոնց, որոնք երբեք չեն հրաժարիր ճշմարտութենէն՝ նոյնիսկ երբ իրավիճակը մռայլ ու անյուսալի կը թւի, անոնք որոնք անընդհատ, վերստին ու վերստին կը փորձեն եւ երբեք չեն ընկճւիր վիրաւորանքներէն, նւաստացումներէն ու նոյնիսկ պարտութենէն»։ Արցախի Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը այսօր ընտրած է այդ ճանապարհը, չհրաժարիլ ճշմարտութենէն եւ շարունակել առաքելութիւնը։
Վաւերագրականի հեղինակ Անի Մանկասարեանի «Արցախի մեդիայի ձայները» պատմութիւնն է այն լրագրող վկայախօսներուն, որոնք չվարանեցան յուսաբեկութեան ակնթարթին՝ Արցախի յոյսի կոչնակները ղօղանջել ու նոր երգ յօրինել… Արցախի երգը, վերադարձի երգը…։
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ



