Մշակութային

ԵՂԵԳԱՆ ՓՈՂ

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈԳԻՆ (Հատւած)

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

…Եկո՜ւր, եկո՜ւր.- Ժամանակն ա՛յս է.- Եկո՜ւր…

Ահա ցեղիդ մաս մազնիւ՝

Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ՝

Ճամբուդ վրայ կը սփռէ

Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ…

Եկո՜ւր, եկո՜ւր.- եւ Մասիսի կատարէն

Դիւցազներու, վկաներու հոգիներ,

Իբր աստղերու սերմընցան,

Տեղա՛ բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին,

Մեր սրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ

Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողւեցիր

Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն,

Եւ ըրէ մեր օրրաններն

Արշակներու վերածնող շիրիմներ.

Ամէն հայու լանջքին տակ

Իր մէկ հին պապն արթնցուր.

Եւ նւիրական, յաւերժական զանգւածով

Զանոնք խառնէ եւ խմորէ եւ ձուլէ

Եւ ստինքովդ ապրեցուր։

Ա՛յնպէս որ՝ քու մայրենի

Ճաճանչաւուխտ թեւ թռիչներուդ տակ ամփոփ

Տաքնա՛յ մեր հողն, եւ բլուրներուն վրայ խայտան

Գարուններն հին, Նաւասարդները՝ լեցուն

Մարտիկներու վահաններուն կոփիւնով,

Մեր արծիւներն եւ ուրուրները՝ թողած

Ճախճախուտները նւաստ՝

Կայծակներու թառերուն վրայ կռընչեն.

Էգ առիւծներն ու էգ վագրերը բոլոր՝

Մայրագորով լիզումով՝

Ըլլան կայտառ հայկակներու կաթընտու.

Մեր ամպրոպները (լեցուն

Ըստւերներովն երգիչներուն գողթական)

Սրտին մէջ հայ քերթողին

Փոխւին երգի ու չափւին

Կայծակներու շեշտերով.

Բանւորն հեստի՛, հեստի՛ գեղջուկն ու՝ այգուն՝

Երբ իր քայլերն ուղղւին դաշտերն աւերւած,

Արշալոյսէն արիւնի հոտը առնէ

Եւ արիւնի՛ ծարաւի.

Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,

Նման գարնան մեր տան շեմերը պճնող,

Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,

Բնակարանէ բնակարան.

Կանգնի՛ն այրերն ու մայրեր,

Ծերը կանգի՛, կանգնի՛ տղան.

Ու ամէն ոք Ազգին սիրով լոկ արբշիռ,

Ազգին ոգւով հաղորդւած

Ա՛յնպէս վառի, ապստամբի, բորբոքի,

Որ Թորգոմայ Տունն զգայ

Թէ իր օճախը մարած՝

Այսօր հրաբուխ է դարձեր։

«Ցեղին Սիրտը»

Օգոստոսի 26-ը հայ գրականութեան ամենանահաս գագթներից մէկի՝ Դանիէլ Վարուժանի յիշատակի օրն է:

Related Articles

Back to top button