Արամ Ա կաթողիկոսը 2024-ը հռչակել է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»
«ԱԼԻՔ» – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 2024-ը հռչակել է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։ Այս մասին յայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ ծառայութիւնից:
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 2003 թւականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր համահայկական կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, դէպքի մը, դէմքի մը կամ յոբելեանի մը։ 2024 տարին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական յատուկ գիրով հռչակեց «ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»։ Իւրաքանչիւր տարւան Հայրապետական Հռչակագիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ կընթերցւի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութիւնը կենտրոնանալու հրաւիրւի տւեալ թեմային, եւ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութիւններով ու ցուցմունքներով վառենք մեր եկեղեցական ու ազգային վարչակազմակերպչական կեանքը։
Արդարեւ, կիրակի, 14 յունւարի 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցւեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Տ. Շահան արք. Սարգսեան հատւածներ ընթերցեց Նորին Ս. Օծութեան «Մարդուժի Պատրաստութեան» տարւան նւիրւած Հայրապետական յատուկ հռչակագրէն։
«Հայրական սիրով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով» ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, Վեհափառ Հայրապետը անոնց ուշադրութեան յանձնած է, թէ «բոլոր կրօնները ու քաղաքակրթութիւնները յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած են մարդը, որպէս մտածող, գործող, կառավարող եւ իր ստեղծագործ ոգիով հասարակական կեանքը զարգացնող եւ անոր իմաստ ու ուղղութիւն տւող իրականութիւն»։ Այս մտածումէն ելլելով՝ Հայրապետը հարց տւած է, թէ «ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ Սփիւռքի կեանքէն ներս. ի՞նչ են ատոր պատճառները». եւ ապա պարզած է հայ կեանքի այսօրւան պատկերը.- ա) մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն, եւ բ) մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կա՛մ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնւի, կա՛մ հեռու է հայ կեանքէն։ «Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց, չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները։ Կուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնւող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Այս հաստատ կամեցողութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնացողներէն։ Միաժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ուժերուն, զանոնք գրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս»,-ըսած է Նորին Սրբութիւնը։
Իր Հայրապետական Հռչակագիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը թւած է այն կառոյցները ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.- ա) ընտանիքը, բ) եկեղեցին, գ) մեր Ս. Աթոռին դպրեվանքը, դ) հայ դպրոցը, ե) բոլոր կառոյցները, զ) հայագիտական կենտրոնները, է) Կաթողիկոսարանի մանկավարժական կենտրոնը եւ ը) համալսարանական ուսումը։ Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման։
Հռչակագրի աւարտին, Արամ Ա կաթողիկոս կատարած է իր Հայրապետական գործնական թելադրութիւնները, տւած է ցուցմունքներ եւ վստահեցուցած է, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մասնակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նւիրական առաքելութեան»։
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2003 թւականէն մինչեւ օրս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարւած տարեկան հռչակումներու ցանկը.-
2003-Աստւածաշունչի տարի
2004-Հայ ընտանիքի տարի
2005-Ազգային պահանջատիրութեան տարի
2006-Հայ դպրոցի տարի
2007-Հայ լեզւի տարի
2008-Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի
2009-Երիտասարդութեան տարի
2010-Հայ կնոջ տարի
2011-Հայ մանուկի տարի
2012-Հայ գիրքի տարի
2013-Հայ մօր տարի
2014-Տարեցներու տարի
2015-100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան
2016-Ծառայութեան տարի
2017-Վերանորոգման տարի
2018-100-ամեակ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան
2019-Հայ մամուլի տարի
2020-Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի
2021-Արցախի տարի
2022-Սփիւռքի տարի (Ա)
2023-Սփիւռքի տարի (Բ) ինքնաքննութենէ երակազմակերպում
2024-Մարդուժի պատրաստութեան տարի»,- ասւած է հրապարակւած հաղորդագրութիւնում: