Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Այն ի՛նչ, որ կը պատահի Հայրենիքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներուն միայն վերաբերող ներքին հարց մը չէ. այլ՝ համահայկական ողբերգութիւն

Բաց նամակ Հայկական Սփիւռքի ղեկավարութեան

Բոլորիս ծանօթ է, թէ ի՞նչ կը կատարւի մեր Հայրենիքին մէջ, ուր ժողովրդայնական (populist) սուտ ու պատիր խօսքերէ խաբւած մեր հայրենակիցներու ընտրող զանգւածին մեծամասնութեան ակամայ մեղսակցութեամբը իշխանութեան հասաւ ազգավնաս խմբակ մը, որ իր առաջնորդով մէկտեղ մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար աննախադէպ պատուհաս հանդիսանալով հանդերձ տակաւին կը յամառի մնալ իր պաշտօնին վրայ:

Կորսնցուցինք մատղաշ սերունդի պատկանող 5000 անգին կեանքեր, անդամալուծւեցաւ մեր ժողովուրդին ողնասիւնը հանդիսացող կրկնապատիկ թիւով երիտասարդութիւն, բարոյազրկւեցաւ Հայկական քաջարի բանակը, կորսնցուցինք Հայրենիքի կարեւոր մէկ բեկորը` Արցախը, մինչ սպառնալիքի տակ է Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան ամբողջ սահմանը: Միջանցքի անւան տակ վտանգւած է մեր դարաւոր Սիւնիքը: Արդէն 5 տարիներէ ի վեր ամենօրեայ յարձակման ենթակայ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, կը նսեմացւին ազգային մեր արժէքները, կառաջարկւի փոխել մեր Հայրենիքին հիմն ու խորհրդանշանը: Պետական մակարդակով կը փորձեն մեզի համոզել, որ մեր ազգին սուրբ խորհրդանիշը՝ Արարատը, անպայմանօրէն մերը չէ: Հերթը հասած է Հայաստանի դրամատուներուն, որոնցմէ մէկը շուտով կրնայ վաճառւիլ այլ երկրի դրամատան մը, որուն դրամագլուխի հետքերը մեծ հաւանականութեամբ՝ ազերիական են, մինչ մեր երկրին շուկան ողողւած է թուրքական արտադրութեամբ էժանագին ապրանքներով, որոնք մեծ վնաս կը հասցնեն տեղական Հայ արտադրողին տնտեսութեանը: Հսկայական տարածութեամբ կալւածներ կը ծախւին անհասկնալի եւ կասկածելի անուններով մարդկանց եւ հայկական ընկերութեան մը քողին տակ պահտւած օտարներու: Մեր Հայրենիքին, այսօրւայ «խաղաղութիւն մուրացող» իշխանութիւնները, գուցէ թուրքական պատւէրի մը անսալով կը փորձեն վատաբանել Հայաստանի Գ Հանրապետութեան գոյութեան հիմը հանդիսացող Հռչակագիրը, կուզեն փոփոխութեան ենթարկել ՀՀ Սահմանադրութիւնը:

Այս բոլորը կը կատարւի օր ցերեկով, մինչ մենք համակերպումի մահացու իրավիճակով մը հանդիսատեսի վերածւած, կը սպասենք յաջորդող ահաւոր պատահարին:

Այսօրւայ կարեւորագոյն թեմաներէն է, այսպէս կոչւած նոր չափորոշիչերով արտադրւած «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթի 7-րդ դասարանի դասագիրքը: ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարին ուղղակի մեղսակցութեամբը, հայրենի պատանի սերունդին գրասեղանին վրայ դրւած է իր բովանդակութեամբ ապազգային դասագիրք մը: Նշեալ դասագիրքին մէջ մեր ազգին դարաւոր պատմութիւնը դիտաւորեալ աղճատւած է: Շատ մը մասնագէտներու վկայութեամբ, անոր մէջ կը բացակային վառ ու պատկերաւոր շարադրանքն ու ազգային գաղափարներով ու մտածողութեամբ տոգորւած նիւթերը։ Խեղաթիւրւած են մեր պատմական քարտէզները: Դասագիրքին, ոչ բարով հեղինակը, ինքնակամ փոխած է նոր ծրագրով նախատեսւած բոլոր թեմաներուն ձեւակերպումներն ու շեշտադրումները եւ յարմարցուցած է իր ապազգային հայեացքներուն, համոզմունքներուն ու դիրքորոշումներուն, իբր թէ առարկայականութեան պատճառաբանութեամբ: Պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր Հայրենիքին անարժան ղեկավարը ընտրւած անձին աւելի եւս անարժան կամակատարը՝ յանձին ՀՀ ԿԳՄՍ-ի նախարարուհիին մեղսակցութեամբ, հետեւողականօրէն կը քայքայւի իր ղեկավարած նախարարութեան վերահսկողութեանը վստահւած՝ մեր ժողովուրդին համար շատ կենսական ոլորտները: Նման բովանդակութեամբ դասագիրքով մը կը փորձւի կրթել սերունդ մը, որպէսզի ան իր ժողովուրդին պատմութեամբ հպարտանալու հիմքեր չունենայ:

Որքան շատ ու խորը ուսումնասիրենք նշեալ անհայրենիք դասագիրքին բովանդակութիւնը, այնքան աւելի կրնանք համոզւիլ, որ անոր հեղինակը պատւէր կատարած է, մեր պատմութիւնը ծառայեցնելով օտարներու շահերուն։ Այս մասին կրնան վկայել անոր բովանդակութեան մէջ տեղ գտած սխալները եւ մօտեցումները: Հեղինակը իր ազգադաւ գործին մէջ, իր համար սկզբունք դարձուցած է մեր պատմութեան առանցքային փաստերը եւ երեւոյթները ներկայացնել որպէս վարկածներ: Կեղծիքով մը կասկածի տակ դրած է հայ ժողովուրդին պատմութեան վերաբերող ոգեշունչ դրւագներ, որոնցմէ միայն կրնան օգտւիլ մեր թշնամիները: Ազերիները արդէն իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած են համարել Արեւմտեան Ադրբեջան, մինչ մենք անհաւատալիօրէն լուռ ենք եւ տէր չենք կանգնիր մեր պատմութեանը եւ արժէքներուն։ Այս բոլորը, մինչ պէտք է մտահան չընել, որ մեր պատմութեան մէջ արձանագրւած եւ ապացուցւած՝ մեր ժողովուրդին մասին պատմող իւրաքանչիւր հաւաստի փաստ ու տեղեկութիւն մենք պէտք է իմաստաւորենք, գնահատենք ու արժեւորենք՝ ելլելով մեր ազգային գաղափարներու, արժէքների եւ շահերու դիրքերէն։

Մինչ հանրային ուշադրութեան կենտրոնացումը 7-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքին վրայ է, անուշադրութեան մատնւած են միւս նիւթերու դասագիրքերը, որոնց շարքին Հայերէն լեզւի դասագիրքը, ուրկէ դուրս դրւած է իր ազգային ոգիով մարտնչող սերունդներ դաստիարակած Րաֆֆին, փոխարէնը ընդգրկւած են թուրք-ազերի գրողներու պատմւածքներ: Նախակրթարանի դասագիրքերուն մէջ, հայկական տեղանուններու անուններ փոխարինւած են թուրքական անուններով: Դպրոցական համակարգէն հեռու կը պահւի Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթը: Համալսարանական շարք մը մասնագիտութիւններու ուսանողներուն համար իրենց դասանիւթերէն վերցւած է այն ինչ, որ հայկական է…: Իբր թէ Եւրոպական չափանիշերով պատրաստւած «Առողջ Ապրելակերպ» դասանիւթ մը ներմուծւած է նախակրթարանի 5-րդ դասարանէն մինչեւ բարձրագոյն կարգերու 11-րդ դասարանի դասերուն մէջ, որ ուրիշ բան չէ, բայց նման անմեղսունակ եւ օգտակար անւան տակ սերունդները այլասերելու միջոց…:

Ազգերը միաձուլելու գաղափարախօսութեամբ առաջնորդւող Խորհրդային Միութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Խորհրդային Հայաստանի մէջ օգտագործւող դասագիրքերը, մեծապէս կը պարունակէին ազգային շունչ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ պատրաստւած եւ Սփիւռք՝ նամանաւանդ Մերձաւոր Արեւելք ուղարկւած «Այբենարան»-ով կրթւեցան ամբողջ սերունդներ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ տպագրւած գիրքերով եւ պատրաստւած դասագիրքերով դաստիարակւեցաւ հայրենի այնպիսի սերունդ, որ ազատագրեց Արցախը, մինչ այսօրւայ դասագիրքին արտադրած այլասերած ծնունդը ապագային հայրենի հողէն այլ բեկորներէ ալ հեշտութեամբ կրնայ հրաժարիլ:

Վերահասու ըլլալով վերեւը նշւած ահաւոր պատկերին, Սփիւռքը չի կրնար լուռ մնալ: Մենք, հայկական շունչով կրթւեցանք մեր աչքերը յառած Հայրենի ժողովուրդին, սորվելով, արտասանելով ու երգելով այնտեղ գրւած ու յօրինւած հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ եւ երաժշտութիւն: Հայկական մեր հոգիները լիցքաւորւեցան Սփիւռք այցելով հայրենի ազգային եւ մշակութային գործիչներով:

Հայկական Սփիւռքը, գոյատեւեց շնորհիւ Հայրենի պետականամէտ եւ ազգասէր գործիչներու, որոնց տեսակէն այլեւս չկայ: Փոխարէնը կայ այն ինչ, որ կայ, որոնք ոչ միայն Հայրենիքը պահելու կարողութիւնը չունին, այլ՝ ընդհակառակը, ապա ինչպէ՞ս պիտի օժանդակեն Սփիւռքը Հայ պահելու գործին:

Հիմնւելով այս բոլորին վրայ կոչ կուղղեմ գլխաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Ա Վեհափառին, ապա Սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայկական հաստատութեան պատասխանատուներուն, խիստ կերպով հակազդելու այն ամէն ինչին, որ կը պատահի մեր Հայրենիքին՝ մանաւանդ ապագայ սերունդներ դաստիարակող անոր կրթական ոլորտին մէջ: Հայկական Սփիւռքի ղեկավարութեան համեստաբար կուզեմ յուշել, որ այն ի՛նչ, որ կը պատահի Հայրենիքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներուն միայն վերաբերող ներքին հարց մը չէ. այլ՝ համահայկական խնդիր, որոնց մասին մենք ԽՕՍՔ ՈՒՆԻՆՔ ԸՍԵԼԻՔ ԵՒ ՊԷ՛ՏՔ Է ԸՍԵՆՔ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանում տպագրւող «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button