Արամ Ա. «Մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքում պէտք է ապրենք ու արժեւորենք մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները»
«ԱԼԻՔ» – Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը եզրափակել է Անթիլիասի Մայրավանքի հոգեւոր լսարանի եւ Աստւածաշնչի սերտողութիւնները: Այս մասին տեղակացնում է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրէն ներս, միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու։ Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ Մայրավանքէն ներս կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ։
Անցնող իննը ամիսներու ընթացքին, ամէն երեքշաբթի առաւօտ, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան ու քրիստոնէական կազմաւորման հաւաքներ։ Կատարւեցան սաղմոսի ընթերցումներ, արտասնւեցան աղօթքներ, տեղի ունեցան շարականի ուսուցումներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ։
Առ այդ, երեքշաբթի՝ յունիսի 18-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Մայր Տաճարին մէջ, կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնած Հոգեւոր Լսարանի եւ Աստւածաշունչի սերտողութիւնները իրենց աւարտին հասան։ Վերոյիշեալ եզրափակիչ սերտողութեան հանդիպումին ներկայ գտնւեցաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Աւանդութիւն դարձած յիշեալ հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները երգեցին հոգեւոր երգեր։
Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց մասնակից տիկինները, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին մնայուն կերպով ներկայ գտնւեցան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպւած դասախօսական շարքերուն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններուն։ Այս առումով Հայրապետը անդրադարձաւ Աստւածաշունչի կարեւորութեան եւ շեշտեց անոր պատգամները մեր կեանքին մէջ ապրելու անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւորեց մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւնները պահելու, պահպանելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու յոյժ կարեւորութիւնը։ Մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքին մէջ պէտք է ապրինք ու արժեւորենք մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները. այդ արժէքներով պէտք է դաստիարակենք մեր զաւակները եւ սորվեցնենք զանոնք ամրօրէն պահելու անհրաժեշտութիւնը, ընդգծելով՝ եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արտասանւած «Պահպանիչ» աղօթքով, աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով»,- նշւած է հրապարակւած հաղորդագրութեան մէջ։