Տեսակէտ. «Վերջին ընթրիք»-ը՝ ընդվզո՞ւմ, թէ՞ զգաստութիւն
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փարիզի մէջ Օլիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացւած Քրիստոսի «Վերջին ընթրիք»-ի պատկերը առաջացուց ընդվզումի մեծ ալիք քրիստոնէական շրջանակներու մէջ։
Ընդունւած տեսութիւն է, թէ իւրաքանչիւր անհատ իր կարդացած որեւէ գրութիւն կամ պատկեր կը հասկնայ եւ կընկալէ մեկնելով իր տեսանկիւնէն։
Օլիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ներկայացւած «Վերջին ընթրիք»-ի պատկերացումին մէջ տեսայ մեր ներկայ աշխարհը՝ իր ամբողջութեան մէջ։
Տեղադրւած իւրաքանչիւր կերպար ունէր իր իւրայատուկ նկարագիրը, որ կը զանազանւէր միւսէն՝ ստեղծելով տարբերութիւններու աշխարհ մը։ Տարբերութիւններ՝ իրենց կենցաղով, ցեղով եւ տակաւին ֆիզիկական թէ այլ յատկութիւններով։ Տեսայ աշխարհ մը՝ իր տարբերութիւններով, այլազանութիւններով, բայց նաեւ՝ այլանդակութիւններով։ Այդ բոլորին մէջ կար ներկայ օրերու մարդկութեան ստեղծած «քրիստոսը»՝ իր յաղթանդամ կերպարով, բազմած կենտրոնը, որ կը ստեղծէր իր «լոյսը»՝ երեւի ներկայացւած՝ կախւած այն մեծ լուսամփոփով։ Այս պատկերը ներկայացուց ներկայ աշխարհ մը, որ վերածւած էր «լաբիւրինթոս»-ի։
Ներկայացւած «վերջին ընթրիք» պատկերը, որ տեղադրւած էր Քրիստոսի Վերջին ընթրիքի պատկերին կից, երեւի կը փոխանցէր ներկայ աշխարհի պատգամը, որ պիտի գար փոխարինելու Քրիստոսի շնորհած 3-ից 6-ը Վերջին ընթրիքի պատգամը։ Եթէ նպատակը ներկայացնել էր նոր պատգամ մը, որ կը բխէր ներկայ աշխարհի տեսլականէն, ապա հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ է այդ պատգամը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։
Այս «նոր պատգամ»-ը՝ մեկնելով ներկայ աշխարհի տեսլականէն, մինչեւ այսօր չկրցաւ ստեղծել մարդկութեան համար համակարգ մը, որ հիմնւած ըլլայ համերաշխութեան, համակեցութեան, եղբայրասիրութեան եւ խաղաղութեան վրայ։ Ու տակաւի՛ն՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ։
Ինչպէս նաեւ՝ ուրիշը ընդունիլ եւ յարգել՝ մեկնելով իւրաքանչիւրին լեզւական, մշակութային, պատմական-քաղաքական տարբերութիւններէն, ինչ որ ստեղծւած պատկերին միտք բանիներէն մէկն էր, ներկայացնել ուրիշը իր տարբերութիւններով։
Եթէ ստեղծւած «Վերջին ընթրիք»-ը (պատկեր երկրորդ) եւ անոր պատգամը մինչեւ այսօր չկրցան ստեղծել աւելի լաւ աշխարհ մը, ուրեմն կը մնայ հիմնականը՝ Քրիստոսի ստեղծած Վերջին ընթրիքի (պատկեր առաջին) պատգամը։ Քրիստոս իր կեանքով մարդկութեան համար ստեղծեց Նոր կեանքը։ Այս այն Նոր կեանքն է, որ աշխարհին տւաւ համերաշխ կեանք մը ապրելու գրաւականը։ Ու տակաւի՛ն, Նոր կեանքը, որ մարդը կապրի այս աշխարհի մէջ ու կը տանի զայն յաւիտենականութեան։
Փարիզի Օլիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին ստեղծւած եւ ներկայացւած այս «Վերջին ընթրիք»-ի պատկեր-պատկերացումին դիմաց մեզի կը մնայ ճշդել, թէ ի՛նչ տեսակի դիրքորոշում մը պէտք է որդեգրել։
Ընդվզումի՞։ Ինչ որ հասկնալի է։
Թէ՞ զգաստութեան կոչ մը՝ համայն մարդկութեան։ Զգաստութիւնը, թէ Քրիստոսի ստեղծած եւ սարքած Վերջին ընթրիքն է, որ հիմքը դրաւ Նոր կեանքի իրականութեան։ Այս առաջին պատկերին մէջ ներկայացւած են աշակերտները, որոնց մէջ նոյնքան կարտացոլար տարբերութիւններու իրականութիւնը. անոնք կրցած էին ստեղծել համերաշխ կեանքի մը իրականութիւնը։ Անոնք կրցած էին ընել այդ, որովհետեւ մասնակից էին Քրիստոսի Վերջին ընթրիքի իրականութեան։
Վերջին ընթրիք պատկերի ոդիսականը։ Կոչ մը ընդվզումի՞, թէ՞ կոչ մը զգաստութեան։
Եթէ աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ստեղծենք, այս կը նշանակէ, թէ կոչ մը պիտի ընենք ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ։ Թէ առաջին պատկերի սարքւած Վերջին ընթրիքն է, որ աշխարհը աւելի լաւին պիտի առաջնորդէ։
Բէյրութ
29 յուլիսի 2024