«Հայկական Ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացում Քրէտէյի մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Քրէտէյի հայոց հոգեւոր առաջնորդ՝ Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի, կիրակի, օգոստոսի 25-ին, եկեղեցիին պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացումը եկեղեցիին հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին գաղութի անդամներ, յոյն բարեկամներ եւ այցելու հայեր՝ Ֆրանսայէն։
Բացման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը, որ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը։ Ան վեր առաւ քանի մը յօդւածներ եւ ընդգծեց անոնց միջոցաւ գիրքին միտք բանին։ «Հայկական սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ ընկերալեզւաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիրքին խմբագիրը, ներկայացուց խմբագրական աշխատանքին տարբեր հանգրւանները։ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նաեւ խօսեցաւ հայ մշակոյթի եւ մայրենի լեզւի պահպանման կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէս այս գիրքը կը նպաստէ հայկական մշակոյթի եւ լեզւի սատարման։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ գիրքի հեղինակը, խօսեցաւ մէկ կողմէ գիրքի տարբեր հատւածներուն եւ մասերուն մասին, բայց նաեւ ներկայացուց իր փորձառութիւն-տպաւորութիւնները տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններուն մէջէն եւ ունեցած հանդիպումները հայերու հետ։ Ան աւելի քան իննսուն երկիրներ ճամբորդած է իր աշխատանքային ասպարէզի միջոցաւ եւ ժամանակ տւած է նաեւ տեսնելու հայկական իրականութիւնները։ Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մասին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին ու հայրենիքի կարեւոր դերը հայապահպանումի եւ ազգային ինքնութեան եւ գիտակցութեան պահպանումին մէջ՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։ Ան քաջալերեց քրէտահայ գաղութը որ չի յուսահատի հայապահպանումի իր առաքելութեան մէջ։ «Հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք բոլորս եւ տարբեր գաղութներու մէջ»,- ըսաւ դոկտ. Ճէպէճեան։ «Այս պատերազմը որքան ալ դժւար ըլլայ, պիտի չի յուսահատինք»,- եզրափակեց դոկտ. Ճէպէճեան։
Փակման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը որ նաեւ հակիրճ կերպով տւաւ նկարագրականը արտասանւած խօսքերուն յունարէն լեզւով՝ նկատի ունենալով որ ելոյթին ներկայ էին եկեղեցիին յոյն բարեկամները։
Շնորհահանդէս-ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եկեղեցիին շրջափակին մէջ։