ԳաղափարականՍփիւռք

ԼԵՄ-ի նահատակներու յուշաքարի բացում

Շահան Գանտահարեան. «Լիբանանի Հայկական թաղամասերուն մէջ թէ Արցախի ճակատներուն վրայ թափւած արիւնը սկսած էր գծել մեր վաղւան հայրենիքին սահմանները»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 18 փետրւար, 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի հովանաւորութեան տակ գործող Լիբանանի Երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) «Հայաստան» մասնաճիւղի նահատակ ընկերներու յիշատակին նւիրւած ձեռնարկ մը՝ ներկայութեամբ նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու:

«Սարգիս Սարգսեան» սրահին մէջ «Յարգա՛նք ձեզի, ընկերնե՛ր» կարգախօսով կազմակերպւած ձեռնարկը մեկնարկեց Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Ապա ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Վարանդ Կիրակոսեան ողջունեց ներկաները՝ նշելով ձեռնարկին նպատակն ու Լիբանանի, Լիզբոնի թէ տարբեր վայրերու դառն պայմաններու մէջ գիտակցօրէն զոհւած հինգ նահատակներուն փոխանցած անուղղակի պատգամը: «Անոնց զոհողութիւնը մաս կը կազմէ ոչ միայն Լիբանանի հայութեան պատմութեան, այլ՝ ընդհանուր Հայ Դատին, որ հասաւ Լիբանանէն մինչեւ Պորտուգալ», ընդգծեց ան եւ աւելցուց. «Մեր պարտքն է պատւե՛լ անոնց յիշատակը, մեր պարտքն է պահպանե՛լ այն արժէքները, որոնց համար անոնք նւիրաբերեցին իրենց կեանքը»:

Ապա «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ նշեց պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի ապրած ինքնազոհութեան երեւոյթները, երբ հայ անհատը ինքնազոհութեամբ ինքզինք կը գերազանցէ՝ աւելի բարձր դասելով ընկերոջ, հարազատին, բարեկամին ու հայ ազգի բարօրութեան պաշտպանութիւնը: «Ազգ մը կը գոյատեւէ ոչ միայն իր թիւով, իր պատմութեամբ, այլ նաեւ՝ իր հոգիով, իսկ այդ հոգին կամրանայ, երբ անհատը պատրաստ կըլլայ ինքզինք գերազանցելու, իր անձնական շահերէն վեր դասելու ուրիշին կեանքը եւ ազգին բարօրութիւնը», ըսաւ Տէր Ղուկասեան: Ան խիստ բարձր արժեւորեց վասն վեհ նպատակի ինքնաբուխ կոչումով կիրարկւած ինքնազոհութիւնը՝ յիշեցնելով, որ «ինքնազոհութիւնը միայն ազգին կամ հայրենիքին նւիրւած գաղափար չէ, անիկա կը սկսի մօտէն, մեր ընկերներէն, մեր կողքին կանգնող բարեկամներէն: Յակոբ Տէր Ղուկասեան անջատաբար թւեց հինգ նահատակներու գերագոյն զոհաբերութեան՝ ինքնազոհաբերման մղած շարժառիթները՝ վկայակոչելով խիզախ կեցւածքը Սերժ Թովմասեանի, Վահէ Նաճարեանի, Արա Գըրճըլեանի, Պարոյր Տուտագլեանի եւ Կարօ Գաբլանեանի, որոնք իրենց ընկերներուն, հայ ընտանիքին, հայ կնոջ, հայ ազգին, Հայ Դատին ու հողին պաշտպանութիւնն ու գոյատեւումը դասեցին աւելի բարձր, քան՝ իրենց սեփական կեանքը: «Այսօր, երբ աշխարհ կը փորձէ մեզ յուսահատեցնել, կամ մոռացութեան մատնել մեր Դատը՝ մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ աւելի գիտակից ինքնազոհութիւն, ո՛չ կործանարար, այլ՝ ստեղծագործ, ո՛չ կուրօրէն, այլ՝ հաւատքով ու նպատակով», ընդգծեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

Օրւան պատգամախօս՝ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, հանգամանօրէն վեր առաւ այս առիթով պատրաստւած յուշաքարի խորհուրդէն բխող պատգամը եւ զուգահեռ մը գծեց հինգ նահատակներու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մօտ արձանագրւած նման խիզախ քայլերու միջեւ՝ ընդգծելով, որ հինգերու յուշաքարը «յուշարարի դեր պիտի ունենայ ամէն բանէ առաջ»: Գանտահարեան «աղբալեանական» հինգ նահատակներու ինքնակոչ գերագոյն զոհաբերութեան աւանդը մէջբերելով՝ ըսաւ. «Եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով» դաշնակցականի երդման գործնական իմաստը մարմնացուցած «Աղբալեան»-ի բազէ Սերժ Թովմասեանի ուժանակին պայթումը կը լսւի ժամանակին մէջ եւ կը հրաւիրէ բոլորս՝ ուժի սկզբունքէն չզիջելու»: «Պարոյր Տուտագլեանին թափած արիւնը նորոգւեցաւ Արցախի առաջնագիծերուն վրայ, ուր այս անգամ թշնամի արձակազէնը ընտրեց հայ զինւորը»: «Լիբանանի հայկական թաղամասերուն մէջ թէ Արցախի ճակատներուն վրայ թափւած արիւնը սկսած էր գծել մեր վաղւան հայրենիքին սահմանները», յիշեցուց Գանտահարեան եւ աւելցուց. «Աղբալեան»-ի մէջ իր գաղափարական եւ մարտական դաստիարակութիւնը ստացած Արա Գըրճըլեանի ձայնը հնչեց Փորթուգալի մայրաքաղաքէն: Արան իր ընկերներուն հետ որոշեց ածխանալ, որպէսզի իրենց աճիւններու մոխիրներէն վերստին բռնկի Հայաստանի ազատագրութեան կրակը»: «Արան եւ իր ընկերները քանդեցին լռութեան պատը, արծարծել տւին Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջը եւ թշնամին համոզեցին, որ գործ ունին սպառազինւած, աշխարհի հզօրագոյն բանակ ունեցող պետութիւններէն՝ Թուրքիոյ հետ զէնքի լեզւով խօսող եւ ամէն վտանգի առջեւ կանգ չառնող երիտասարդական ուժի մը հետ»: Շեշտելով, որ ազատութեան եւ արժանապատւութեան պայքար էր Դաշնակցութեան մղած կռիւը իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ պատգամախօսը ըսաւ. «Հայութեան հասցէին հնչած լուտանքներն ու նւաստացումները անարձագանգ չէին կրնար մնալ լիբանանեան պողոտաներուն վրայ եւ Աղբալեանի մէջ հասակ առած Վահէ Նաճարեանը կը ծառանար հայութեան արժանապատւութիւնը խոցողներուն դէմ՝ տալով իր կեանքը»: Յիշելով Պուտափեշտի մէջ Հայաստանի պատիւը բարձր պահած հայ սպային կացինահարումը ազերի ստահակին կողմէ՝ ան դիտել տւաւ. «Հայկական արժանապատւութիւնը բարձր պահած ըլլալու համար Վահէ Նաճարեանէն մինչեւ հայկական բանակի նահատակ սպան միեւնոյն ազգային դաստիարակութիւնն էր, որուն գաղափարական հունով ընթացան հայու արժանապատւութիւնը իրենց կեանքի գնով պաշտպանողները»:

«Արցախի առաջին ինքնապաշտպանողական ջոկատներ, որոնց շարքին Դաշնակցութեան մարտական խումբերը փութացին փրկելու հայ կնոջ, հայ մարդուն պատիւն ու կեանքը: Միեւնոյն մղումն էր, որ Արցախի ազատամարտէն ընդամէնը մի քանի տարի առաջ, Անթիլիասի ծովեզերեայ շրջան հասնիլ տւաւ Կարօ Գաբլանեանը, որպէսզի անպաշտպան չձգէ հայ կինը: Հայ ընտանիքը կեանքի գնով կը պաշտպանւէր թէ՛ Անթիլիասի, եւ թէ՛ Արցախի մէջ դաշնակցական զինւորներու կողմէ» դիտել տւաւ Գանտահարեան:

Պատգամախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ այս կեանքի գնով իսկ ազգն ու հայրենիքը պաշտպանելու վեհ գաղափարը մարմնաւորեցին այս հերոսները, որոնք իրենց կրակէ մկրտութիւնը ստացան «Աղբալեան» կոմիտէութեան գաղափարական հնոցին մէջ, «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն անցնելով ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի շարքերը եւ ապա կեանքի գնով երդում կատարած դաշնակցականներ:

Ապա ներկայացւեցաւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին կողմէ այս առիթով պատրաստւած կարճ տեսերիզ մը, ուր սեղմ գիծերու մէջ նշւած է հինգ նահատակներուն կենսագրական գիծերը եւ հատւածներ՝ իւրաքանչիւր ընկերոջ նահատակութեան օրը անոնց ծնողներուն դրսեւորած կեցւածքներէն:

Ձեռնարկը փակւեցաւ «Վէրքերով լի» հրաժեշտի երգով, որմէ ետք ներկաները հրաւիրւեցան հոգեսուրճի՝ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս:

Այս առթիւ «Ազդակ» մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ հինգ նահատակներու Լիբանան գտնւող ու ձեռնարկին ներկայ ընտանեկան կարգ մը պարագաներուն հետ, որոնք իրենց սիրելիներուն ինքնազոհութեան առթած հոգեկան ցաւը զսպելով ու ամոքելով՝ խրոխտ ու անվեհեր կրկնեցին այն, ինչ որ շեշտած էին հինգ նահատակներու յուղարկաւորութեան առիթով: Նոյնքան սրտառուչ, հպարտառիթ ու վարակիչ էր նահատակ Սերժ Թովմասեանի այրիին՝ Տիգրանուհի Թովմասեանի պատասխանը, որ իր կեանքի ընկերոջ խիզախ նահատակութենէն կէս դար ետք տակաւին ինք նո՛յն ոգիով կը հետեւի ու կը հաւատայ իր ամուսնոյն որդեգրած ուղիին: Նմանապէս եւ ընկեր Յովիկ Տուտագլեան իր եղբօր՝ Պարոյրի նահատակութենէն 47 տարիներ ետք կը շարունակէ իր ճամբան՝ նո՛յն ուղիով, նո՛յն հաւատքով: Այսպիսի հայորդիներու կեցւածքը նոյնքան խոստմնալից ու օրինակելի սխրագործութիւն կը համարւի, երբ ազգին ու հայրենիքին համար զոհւած սիրելիին արիւնը կը համարեն հայ ազգի ու հայկական բնօրրանի պահպանման ու գոյատեւման բագինին զոհաբերւած մատաղ: Ազնւական ու հերոսատիպ ընտրանի փաղանգի զաւակներու ա՛յս ոգին է, որ կը շարունակէ գոյատեւման յաւերժական աւիշ սրսկել Վարդանանցէն ու նմանօրինակ ճակատամարտերէն մինչեւ օրս գոյատեւող ու հասակ առնող աշխարասփիւռ հայ նոր սերունդներուն՝ «մահ իմացեալ անմահութիւն է» եւ «Եթէ հարկ ըլլայ, նաեւ կեանքիս գնով» վարակիչ կարգախօսերով:

Մեկնումի պահուն ներկաներուն տրամադրւեցաւ ԼԵՄ-ի հինգ նահատակներու դիմանկարը ընդգրկող յատուկ յուշանւէր:

Arfd.am

Related Articles

Back to top button