Մարմնակրթական միութիւն մը ի՞նչ գործ ունի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու հետ, կրնան հարց տալ ոմանք։
Մարմնակրթական միութեան մը գերագոյն ժողովը ինչո՞ւ զբաղի հայրենիք ունենալ-չունենալու հարցով, կրնան ըսել շատեր։
Մարմնակրթական միութիւններ կը զբաղին, պէ՛տք է զբաղին միմիայն իրենց պարտականութեամբ՝ սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով սերունդներու դաստիարակութեամբ, կրնան աւելցնել ուրիշներ։
Այս բոլորը կրնան տեղին ու արդար արտայայտութիւններ ըլլալ բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու համար, սակայն մեզի նման ժողովուրդներու համար ի՜նչ դաստիարակութիւն, ի՜նչ զբաղում, երբ գնդակն ու բաժակը կան, բայց հայրենիքը չկայ։ Երբ սկաուտական կեանքը կայ, բայց այդ կեանքը հողին վրայ ապրող ժողովուրդը չկայ։ Միջոցները անիմաստ կը դառնան, երբ նպատակը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։
Զարմանալի բան չկայ ուրեմն, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գերագոյն ժողովը բոլոր օրակարգերէն աւելի եւ բոլոր մտահոգութիւններէն առաջ, զբաղի Արցախո՛վ, Արցախի հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ունեցած պարտքով։ Արցախի հայութեան օժանդակութեան ծրագիրով, «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախ հիմնադրամ»-ի ստեղծումով։
Արցախը Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին սրտի սէրն է եւ հոգիին վէրքն է։ Արցախը միայն աշխարհագրութիւն եւ քարտէզ չէ, լեռ ու ձոր չէ։ Արցախը այն 424 եկեղեցիներն ու վանքերն են, որոնք յանձնւեցան ադրբեջանցիներու։ Քանի՜-քանի՜ ուխտաւորներ Աստծոյ հետ խօսած են այդ եկեղեցիներուն եւ վանքերուն ճամբով։ Որքա՜ն սուրբ ձեռքեր դէպի երկինք բարձրացած են անոնց մէջ։
Արցախը այն բազմահարիւր խաչքարերն են, որոնք սրբապղծւեցան ադրբեջանցիներու կողմէ։ Քանի՜-քանի՜ տաղանդներ երկնած են այդ խաչքարերը։ Հաւատքի ի՜նչ մատներ դրոշմւած են այդ խաչքարերուն վրայ։ Աչքերու ի՜նչ լոյսեր տկարացած են անոնց դիմաց։
Արցախը այն 213 դպրոցներն են, որոնց կրթութեան լոյսը հանգեցաւ ադրբեջանցիներու կողմէ։ Քանի՜-քանի՜ պատանիներ ու պարմանուհիներ գրած, երգած, սորւած, քայլած ու վազած են այնտեղ։ Դպրոցնե՜ր, ուր հայ աշակերտն ու աշակերտուհին ազգին պատմութիւնը շնչած է, անցեալի փայլուն էջերով ներշնչւած է։ Դպրոցնե՜ր, ուր ազգանւէր հոգիներ եւ նկարագիրներ կերտւած են։
Արցախը 4000-է աւելի պատմա-մշակութային այն յուշարձաններն են, որոնք անցան ձեռքը անոնց, որոնք ո՛չ պատմութիւն ունեցած են, ո՛չ ալ մշակոյթ։ Յուշարձաննե՜ր, որոնք մեր քաղաքակրթութեան կենդանի վկաներն են։ Մեր սեփական պատմութիւնը, որ դարձաւ աւարը պատմութեան թշնամիներուն։
Շարունակե՞նք. Արցախը այն հողն է, որուն ծոցէն Նիկոլ Դուման եւ Խանասորի Վարդան ծնած է, Վանայ Իշխան եւ Դանիէլ Բէկ Փիրումեան հասակ առած է։ Հող, որ սրբագործւած է Խամսայի մելիքներու քրտինքով, Վիգէն Զաքարեաններու եւ Արտակ Իշխանեաններու արեամբ։
Եւ դեռ, Արցախը 300 հանքավայր է, 36 ջրէլեկտրակայան է, 580 հազար հեկտար գիւղատնտեսական տարածութիւն է, երաժշտական եւ արւեստի 20 դպրոց է՝ 7000 սաներով, 10 գրադարան է՝ 400 հազար գիրքերով։ Հրաժարիլ այս բոլորէն կը նշանակէ հաւաքական ինքնասպանութեան դիմել։ Մոռնալ այս բոլորը կը նշանակէ դաւաճանել Արցախի համար զոհւածներու կտակին։
Արցախը այսքան ցա՜ւ է։ Արցախը 120 հազար բնաւեր ժողովուրդ է, բայց մանաւանդ՝ 10 հազարէ աւելի նահատակ է, հարիւրաւոր գերիներ է, աճիւնը չվերադարձւած հերոս է, անյայտացած եւ հետքը չբացայայտւած զինւոր է։
Արցախը մեր պատմութիւնն է։ Մեր ինքնութիւնն է։ Մեր բռնաբարւած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարն է։ Մօտիկ անցեալին, Արցախը իր դրօշով, զինանշանով եւ քայլերգով ազգային մեր հպարտութիւնն էր։ Այսօր ան մեր խոցւած արժանապատւութիւնն է։ Մեր ժամանակաւոր պարտութիւնն է։ Ու նաեւ, կորուսեալ մեր հպարտութիւնը վերականգնելու յանձնառութիւնն է, յիշեալ պետական խորհրդանիշերը պահպանելու եւ պատւելու որոշումով։
Խօսիլ այս բոլորին մասին, կարեւոր է, այլեւ դաստիարակի՛չ է։ Ընդունիլ, որ Արցախը կայծը վառեց հայութեան նոր ժամանակներու ազատութեան բոցին. Արցախի շնորհիւ մեր ժողովուրդը 30 տարի աւելի հայացաւ, աւելի պահանջատէր եւ մարտունակ դարձաւ։ Արցախի «Երկաթէ շերեփ»-ով հայութիւնը իր արժանի տեղը գրաւեց ժամանակակից ազգերու ընտանիքին մէջ,- այս արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական դաստիարակութիւն է, որմով կը մեծնան, պիտի՛ մեծնան մեր ապագայ յաղթանակներուն հաւատացող այսօրւան եւ վաղւան սերունդները։
Այն սերունդները, որոնք հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն, կեանքով ու գործո՛վ պիտի պահեն այն, ինչ որ մեր նահատակները իրենց նահատակութեամբ ու արեամբ պահեցին։