Երկչոտութի՞ւն, թէ՞ զգաստութիւն
Ռոտերդամ, Նիդեռլանդներ, հոկտեմբեր 2023։
Առիթը ունեցած եմ յաճախակի կերպով գտնւիլ Ռոտերդամ։ Նիդեռլանդները որպէս երկիր կը գերազանցեն իրենց գեղեցկութեամբ ու տակաւին ջրանցքները, որոնք կանցնին բոլոր քաղաքներուն մէջէն եւ որ երկրին կուտան յաւելեալ գեղեցկութիւն։ Նիդեռլանդները լեռներ չունին, բայց կանաչ մարգագետինները եւ ծառերը բաւարար չափով կը ստեղծեն հմայք։ Ու տակաւին ոչխարները, արջառները, ձիերը եւ թռչուններու տեսակները՝ տարածւած ամէն կողմ, երկրին կուտան հրապուրիչ տեսք։ Չեն ուշանար ենթադրութիւններդ, թէ այս երկրին մէջ մարդիկ ուրախ եւ հանգիստ են։
Ռոտերդամի կենտրոնական հրապարակին վրայ տեսայ արձան մը, որ կը մարմնաւորէ երիտասարդ տղայ մը, որ կքած է ինք իր մէջ։ Արձանը ցոյց կուտայ անոր յուսահատ եւ յուսախաբ ըլլալու իրականութիւնը՝ իր կեանքէ՞ն, երկրի վիճակէ՞ն, տիրող մթնոլորտէ՞ն։ Արձանին ետեւի կողմը կար այս գրութիւնը. «Անձնասպանութիւնը առաջին գլխաւոր պատճառն է մահւան՝ ի մասնաւորի երիտասարդութեան մօտ եւ յատկապէս երեսուն տարիքէն վար եղողներուն»։
Եւրոպայի այս գեղեցիկ եւ տնտեսապէս հարուստ երկրին մէջ մարդիկ՝ յատկապէս երիտասարդներ, ուրախ չեն։ Անոնք կքած են կեանքի յոյզերուն տակ եւ կը դիմեն անձնասպանութեան։ Եթէ երիտասարդներու մօտ այս իրավիճակը ընդհանրացած երեւոյթ է, կառավարութիւնը այս արձանին նման միջոցառումներու կը ձեռնարկէ՝ փորձելով արթնութիւն եւ զգաստութիւն ստեղծել հաւաքականութեան մէջ։
Շարունակեցի կենալ հոն եւ խոկալ այս արձանին միտք բանիին վրայով։ Եթէ մտածեցի որպէս հայ՝ հայրենիքին եւ Արցախին իրավիճակներէն մեկնելով, բայց նաեւ որպէս լիբանանցի ու Արաբական աշխարհի մէջ ապրող անհատ, հարցերը ու տագնապները մէկը միւսին ետեւէն կը հալածեն զիս-մեզ եւ կը մղեն բոլորս ընկրկումի, յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան։
Յուսահատ ենք, որպէս հայեր եւ յուսախաբ ենք մեր ազգային, հաւաքական, հայրենի, եւ Արցախեան կեանքերուն մէջ զարգացած ու զարգացող իրավիճակներէն։ Մենք ալ կքած ենք մեր ներկայ ողբերգութիւններուն տակ։ Արցախը կորսնցուցինք, մարդկային շատ զոհեր ունեցանք, Հայաստանի վիճակը անկայուն եւ բախտորոշ եւ սփիւռքահայ մեր շատ մը գաղութները կապրին տագնապալի օրեր։
Յուսահա՞տ ենք։ Այո։
Յուսախա՞բ ենք։ Այո։
Պիտի մնա՞նք այս վիճակին մէջ։ Եթէ ոչ, ի՞նչ պիտի ընենք։
Միասնականութիւնը եւ խօսքէն իրական գործի եւ կեանքի վերածելու հեռանկարները շատ փայլուն եւ մօտալուտ չէր երեւնար տակաւին։ Ինչ որ ալ ըլլայ մեր ներկայ օրերու անընդունելի իրավիճակները, պիտի չի յուսահատինք համահայկական միտք-գործ իրականացնելէ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք երամիասնութեան տեսլականով։ Եթէ այսօր Արցախի հողը կորսնցուցինք բայց ոչ հոգին։
Հերի Գունտագճեանը համաշխարհային վաստակ ունեցող լուսանկարիչ եւ լրագրող էր։ Հերին եւ հայրս զարմիկներ էին։ Հերի կապրէր Սուրբ Նշան եկեղեցիին թաղամասին մէջ՝ Բէյրութ, եւ որուն հանդիպակած կողմը «Ուադի Աբու Ճեմիլ»-ն էր։ Պատանեկան տարիներուս, 1960-ական տարիներուն, այս թաղը կը կոչէինք «հրեաներու» թաղ։ Բաւական թիւով հրեաներ կապրէին հոն։ 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի նախօրեակին, հրեայ բնակչութիւնը բոլոր թաղամասը պարպեցին առանց որ որեւէ մէկը իմանայ։ Մեր ընտանեկան մէկ հանդիպումին, Հերի ըսաւ հօրս. «Վահէ, երկար տարիներու լուսանկարչական ասպարէզիս մէջ ասոր նման իրողութիւն մը չեմ տեսած։ Բոլոր թաղը պարպեցին առանց որ որեւէ մէկը իմանայ»։
Կրնա՞նք որպէս հայ ժողովուրդ՝ վերոյիշեալ դրւագին նման, սկսինք քիչ խօսիլ եւ շատ աշխատիլ։ Պիտի կարենա՞նք զսպւածութիւն եւ կարգապահութիւն առաջացնել մեր հաւաքական ու ազգային կեանքերուն մէջ, որպէսզի արդիւնքի հասնինք։ Մտահան պէտք չէ ընել, որ երբ մեր ուժերը կը տրամադրենք խօսքի, խօսելու, եւ հակաճարելու՝ կը սպառենք մեր հաւաքական միտք-ուժը եւ գործ իրականացնելու կարողականութիւնները կը նւազին։
Հասարակական տեղեկատւութեան ցանցերը՝ դիմատետր թէ այլ, զգլխած ու անցած եւ նաեւ «տնօրինած» են մեր կեանքերը։ Անոնք «երկսայրի» սուրի նման են։ Եթէ լաւապէս օգտագործւի, կարելի է մեր կեանքերուն մէջ առաջխաղացք արձանագրել։ Բայց կայ ժխտական կողմը։ Ան-անոնք նոյնքան կրնան կիրքերը, զգացումները հրահրել եւ հոգիները ու տրամադրութիւնները աղաւաղել ու տակաւին անհանդուրժողական կեցւածքներ սրել։ Պիտի կարենա՞նք մեր իսկ գործածած հասարակական ցանցերուն տալ դրական պարունակ։ Կարծէք հեւքի մը մէջ ենք այս ուղութեամբ։
Եթէ առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնն ենք, եւ ենք, այս պիտի նշանակէ թէ պիտի վերադառնանք մեր ակունքներուն եւ մեր ՀԱՒԱՏՔԻՆ։ Մեր քրիստոնէական հաւատքին, որ ունի իր մէջ ՈՒԺ մը, որ կը փոխէ եւ կը շինէ։ Պօղոս Առաքեալ կըսէ. «Աստւած մեզի երկչոտութեան հոգի չի տւաւ՝ հապա զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ Տիմոթէոս 1.6)։ Աստւածաշունչի այս համարը մեզի կուտայ ուժ։ Ուժը փոխելու, փոխւելու, շինելու ու վերաշինելու։
Այսօր յուսահատ եւ յուսախաբ ենք երիտասարդ արձանին կերպարին նման եւ կքած ենք։ Այլ խօսքով, երկչոտ եղած ենք։ Բայց ունինք հաւաստիացումը հաւատքին եւ անոր դրոշմած ուժին։ Ուժը, որ մեր կեանքերուն կուտայ զօրութիւն։ Այս զօրութիւնը կրնայ փոխել մեր երկչոտ իրականութիւնը։
Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր հոգին։ Այս հոգիին զօրութիւնը կօգնէ մեզի, որպէսզի մեր սրտերուն մէջէն դուրս հանենք անհանդուրժողականութիւնը, քէնը եւ ատելութիւնը եւ լեցնենք մեր սրտերը սիրով՝ հանդուրժելու եւ ընդունելու զիրար։
Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր միտքը։ Այս մտքի զօրութիւնը կօգնէ որպէսզի կարենանք համադրել մեր համահայկական միտքը եւ քով-քովի գալ՝ կազմելու համար ազգային եւ մտաւոր կարողականութեամբ օժտւած ուժ մը։
Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր մարմինը։ Այս մարմնի զօրութիւնը կրնայ առիթը ստեղծել կազմելու ռազմական եւ դիւանագիտական կարողականութիւն, որպէսզի նաւարկենք տարածաշրջանային մեր վրայ պարտադրւած շատ մը դժւար պայմանները։
Այսօր կքած եւ երկչոտ ենք։ Բայց կայ հոգին։ Այն հոգին, որ երկչոտութիւնը կը վերածէ զօրութեան։ Եւ զօրաւոր մարդն է, որ կը սիրէ կեանքը, մարդը, հայը եւ հայրենիքը։ Այս զօրութիւնը եւ սէրը մեզ միշտ զգաստ կրնան պահել, որպէսզի մեր կեանքերը տանինք պատմութեան շարունակականութեան մէջ։
Երկչոտութի՞ւն, թէ՞ զգաստութիւն։
Պիտի ըլլանք երկչո՞տ, թէ՞ զգաստ, որպէսզի տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի դուրս գանք այս ազգային մեծ աղէտէն ու պատուհասէն։
Ընտրութիւնը մերն է։
Բայց զգաստութիւնն է, որ պիտի ապրեցնէ մեզ՝ հայը։
Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուվէյթ, դեկտեմբեր 2023