Սփիւռք

Ճամբու նօթեր

ՕՆՆԻԿ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

 

Այգաստղը նւաղուն, բաց-խուփ աչքերով՝ արշալոյսը կաւետէ, մինչ արփին դանդաղօրէն, մեղմութեամբ, տիրող մթութիւնը կը լուծէ :

Հեռո՜ւն լեռան կատարի անտառը հետզհետէ գոյն կը փոխէ։ Քիչ վերջ աւելի բարձրանալով իր հրաշէկ նիզակները այգիներուն խորը կը մխրճէ՝ որոնք բեռնաւորւած են հիւթալի անհամար ողկոյզներով։ Արեւի Ճառագայթները խաղողի հատիկներուն փայլ մը տալով կը շողան, խոշոր մարգարիտներու նման:

Խումբ մը գեղջկուհիներ սպիտակ լաջակը գլուխնուն, եղէգնաշէն սակառներով բեռնաւորւած, ժրաջան կերպով կաշխատին՝ մեղմ անուշ երգ մը շրթներնուն:

Շոգեկառքը հսկայ վիշապի մը նման իր երկաթեայ գծերուն վրայ կը սողայ: Կը հասնինք լեռան ստորոտը, որմէ վերջ կը սկսի զառիվերը: Հիմա աւելի կը տբայ, կը ֆշշա՛յ, յաճախ կը սուլէ, կարծես օգնութիւն կը խնդրէ՝ յաղթելու համար իր դժւարին Ճանապարհին:

Մթնոլորտը մուշկի նման կը բուրէ: Տեսնելով հրապուրիչ տեսարաններ՝ գլուխս ետ կը հակեմ ընթացող կառքէն՝ քիչ մը աւելի վայելելու համար գողտրիկ տեսքն աշխարհի՝ մինչ կը փափագիմ որ անշուքութիւնը աւելի արագ հեռանայ ինձմէ:

Շոգեկառքը կանգ կառնէ՝ կայարան մը, լեռան կիսուն: Կը հանգչի, ուժ կամբարէ, շոգի կը լեցնէ իր երկաթեայ խողովակներուն մէջ՝ տոկալու համար զառիվերին:

Կուշտիս, պարապ նստարանին մէջ մէկը կը բազմի. կը դարձնեմ դէմքս՝ ո՜վ զարմանք, քովս նստողը ինծի ծանօթ Մարտիրոսն է։ Երկուքըս ալ ուրախ ենք, այս անակնկալ հանդիպումէն։

Մարտիրոսը, դառն, ահալի անցեալ մը ունի, ականատես ահաւոր Սպանդին՝ իր սիրելիներու խողխողումին: Այժմ, ամուսնացած, տուն տեղ եղած՝ զաւակներու տէր, օտար ափերուն կապրէր, հայրենի կարօտը սրտին:

Սուլո՞ց, ֆշշանք. ճամբայ կելլենք։ Այլեւս ոչ բոյս, ոչ տատասկ, մերկ ապառաժներ, լեռներ անառիկ։ Բնութիւնը կը դառնայ միօրինակ ու խոպան։ Գիրք մը բանալով, կը խորանամ թերթերուն մէջ, լուռ ու մունջ։

Ընկերս աչքերը յառած է գրքիս կողքին. դէմքէն տհաճութիւն կը ցոլայ, մերթ դժգոհ շարժումներ կընէ: Յանկարծ զիս կընդհատէ ու կըսէ.

– Տակաւին ազատութիւն կը կարդաս. դեռ չես մոռցեր այդ սին երազը:

Փակելով գիրքս՝ ակամայ իր կողմը կը դառնամ հոգիս դառնութեամբ լեցուն՝ զարմացումով կը պատասխանեմ.

– Ինչո՞ւ այդ անտեղի հարցումը:

– Սիրելի բարեկամ, մի նեղւիր, մենք փոքր ազգ ենք, շրջապատւած հզօր ազգերով՝ ինչպէ՞ս կարող ենք ազատութիւն ունենալ։

– Մարտիրոսացած ընկեր՝ քու կարծիքովդ ի՞նչ է ազատութիւնը։

– Կարծեմ, ըմբոստ, մարդ մտիկ չընող, իր խելքին փչածը կատարող եւ, եւ…ինչ գիտնամ եղբայր:

– Կը սխալիս, մտիկ ըրէ, ես շատ լաւ կը ճանչնամ քեզ, նաեւ մեծահարուստ ու յաղթանդամ դրացիդ, որ կարող է քու վրադ  իշխել, իր նիւթականով, իր ուժով քեզ տապալել, բայց ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը չի գործադրեր, որովհետեւ բարի դրացի մըն է, ընդհակառակը քու նեղ օրերուդ՝ իր գործով կամ խորհուրդով օգտակար եղած է քեզի: Պիտի փափագէիր որ տանդ ղեկավարութիւնը իր ձեռքը առնէր, հրամայէր բոլոր շարժումներուդ։

– Ոչ եղբայր ոչ իրեն ի՞նչ պէտք է իմ տանս գործը, միթէ ես կառավարելու կարողութիւն չունի՞մ։ Ես կուզեմ ապրիլ ինքնիշխան:

– Յարգելի բարեկամ, քիչ առաջ ազատութիւնը երազ կը համարէիր, հիմա ինքնիշխանութիւն կը քարոզես: Ահա այդ ազատութիւնն է որ կը բաղձանք ունենալ՝ կառավարելու համար իմ, քու, ուրիշ հայերու տուներ, որոնց միացումը կըլլայ գիւղ, քաղաք, հայրենիք:

Շոգեկառքը իր ընթացքը կը դանդաղեցնէ դարձեալ կայարան: Ճակտին գրւած է՝ ՆԷՄԷԱ: Բոլոր Ճամբորդները կը նետւին վար: Անւանի է ՆԷՄԷԱի գինին, առանց խմելու կարելի չէ հեռանալ:

– Գինիի գաւաթները զարնելով՝ փակենք մեր խօսակցութիւնը, ըսաւ ընկերս, եւ խմեցինք մեր ազգին կենացը։

 Հեռո՜ւն լեռան կատարին, արձան մը կը տեսնւէր։

– Որո՞ւն արձանն է այդ,- ըսաւ ճամբորդակիցս:

– Գոլոքոթրոնին է՝ Յունաստանի ազատագրման պայքարի հերոսներէն, այս անառիկ սարերուն վրայ պատերազմեցաւ հերոսաբար, Մահ կամ Ազատութիւն նշանարանով տոգորւած։ Աթէնքի գլխաւոր պողոտային վրայ ալ կայ իր արձանը՝ նժոյգին վրայ նստած:

Լուռ ենք. չենք փափագիր՝ մեր խօսակցութիւնը շարունակել. կարծես մեր խօսքի պաշարը սպառած է։

Շոգեկառքի նստարանները զոյգ ու կենտ էին. առանձին տեղերը բռնւած էին:

– Գիտես,- ըսաւ Մարտիրոս, տիրող լռութիւնը ընդհատելով,- ուշադրութիւնս գրաւած է Ճամբորդ մը որ յաճախ տեղ կը փոխէ, զարմանալի մարդ չէ՞.

– Ոչ, – ըսի ժպտալով,– կարելի է դրացին զինք կը նեղէ. ազատութիւն կը փնտռէ :

– Տես, կրկին իր տեղը փոխեց,- ըսաւ խօսակիցս:

Այն կողմ կը նայիմ. մարդը գրաւած է առանձին նստարան մը։ Այլեւըս պիտի չփոխէ իր տեղը, որովհետեւ գտած է իր ազատութիւնը։

Քիչ վերջ կը՝ հասնինք մեր կայարանը:

– Մնաք բարով Մարտիրոսացած Մարտիրոս ընկեր, երբ մարդը իր տեղը փոխէ, գրէ ինծի:

Քանի մը օր ետք երկտող մը կը ստանամ մոլորւած ընկերոջմէս.

– Մարդը իր տեղը չփոխեց. ներողութիւն բարեկամ… հիմա կը հասկընամ թէ որքան՝ քաղցր է՝ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ:

«Ազատ օր»

Related Articles

Back to top button