Սփիւռք

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հրատապ նիստ՝ արտակարգ իրավիճակներու դիմակայման օրակարգով

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հրատապ նիստը գումարեցին չորեքշաբթի՝ հոկտեմբերի 2-ին, «Շաղզոյեան» կենտրոնին մէջ։

Քննարկելէ ետք շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրւող վտանգաւոր մագլցումներն ու Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին.

1-Կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարւող օդային յարձակումներն ու դէպի հարաւային Լիբանան ցամաքային ներխուժման փորձերը։ Իսրայէլեան յարձակումները կը խլեն բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքացիներու կեանքերը, տեղահան կը դարձնեն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ եւ կը սպառնան Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան։

2-Կը դատապարտեն իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրականացւած «Հեզբօլլահ»-ի ընդհանուր քարտուղար Սէյէդ Հասան Նասրօլլահի սպանութիւնը՝ միաժամանակ մերժելով քաղաքական ղեկավարներու ֆիզիկական չէզոքացման Իսրայէլի վարած անսանձ քաղաքականութիւնը։

3-Միջազգային ընտանիքէն կակնկալեն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու համար յարձակումները եւ վերջ դնելու լիբանանեան տարածքներուն նկատմամբ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն։

4-Կոչ կընեն լիբանանեան կողմերուն ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպւածութիւն եւ ծայր աստիճան զգուշաւորութիւն՝ չներքաշուելու համար ներքին որեւէ սադրանքի։

5-Կը թելադրեն հայկական բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ երկրին մէջ զանգւածային տեսք ստացած գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց անհրաժեշտ ծրագիրները մշակելու եւ համադրւած աշխատանք տանելու ստեղծւելիք զանազան կարիքներուն ընդառաջ։

6-Կը վերաշեշտեն պահպանելու լիբանանահայ համայնքի միասնականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ դժւար փուլին, բարդ կացութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ, կուտակւող ճգնաժամերու հետեւանքները կարենալ նպատակաուղղւած ձեւով յաղթահարելու։

Պատերազմական իրավիճակի ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն գումարել յաճախակի հանդիպումներ՝ բազմացող մարտահրաւէրները համակարգւած ձեւով դիմակայելու համար։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button