Բերիոյ թեմի առաջնորդը հանդիպել է հալէպահայ միութիւնների ներկայացուցիչների հետ
«ԱԼԻՔ» – Դեկտեմբերի 5-ին, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արք. Աշգարեանը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանը հանդիպել են հալէպահայ կազմակերպութիւնների, միութիւնների եւ ազգային իշխանութեան մարմինների ներկայացուցիչների հետ: Հաղորդում է Հալէպում տպագրւող «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
«5 դեկտեմբերի, յետմիջօրէի ժամը 1։00-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Մակար Սրբ. արք. Աշգարեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը պարզեց ներկայ վիճակը, յայտնելով որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրւածքին, կեանքին, ընդհակառակը՝ ազատութիւն պիտի տան անոնց՝ իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու։
Ուստի Սրբազան Հայրը յորդորեց խուճապի չմատնւիլ եւ զուսպ մնալ։
Մակար Սրբազան նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայ օրերուն դիմագրաւած տնտեսական դժւարութիւնները, աւելցնելով ըսաւ, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ տնօրինումով հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն սկսաւ տրամադրւիլ հանգրւանաբար, գէթ այս շրջանի դժւարութիւններու յաղթահարման նպաստելու։
Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով, իրար նեցուկ կանգնելով, իրար օգնելով պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ դժւարութիւնները։
Այնուհետեւ խօսք առաւ թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան։
Ռէիսեան յայտնեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը իր կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով պատրաստ է ծառայելու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ Ան դիտել տւաւ, որ «Գանձասար»-ի եւ Բերիոյ հայոց թեմի դիմատետրի էջերով ժողովուրդին տրամադրւեցան հեռաձայնի թիւեր, որպէսզի օգնութեան կարիք ունեցողները դիմեն մեզի։
«Մեզի համար էականը մեր համայնքի անվտանգութիւնն է, եւ այդ նպատակին համար պատրաստ ենք մեր կարելին չխնայել»,- յայտնեց Ռէիսեան։
Ապա դիտել տւաւ որ Հալէպէն դուրս եկած եւ Սիրիոյ այլ նահանգներ հաստատւած հայ ընտանիքներուն գծով Ազգ. վարչութիւնը կապ հաստատած է տեղւոյն պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ թելադրած օգտակար դառնալ անոնց։
Ռէիսեան յորդորեց զսպւածութեամբ հետեւիլ երկրի զարգացումներուն, յայտնելով որ քաղաքի մէջ տիրող դժւարութիւնները բնականաբար մէկ օրէն միւսը պիտի չլուծւին, ուստի հարկ է համբերել։
Եզրափակելով Ռէիսեան ըսաւ. «Մենք մէկ նպատակ ունինք՝ երաշխաւորել մեր գաղութի անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը։ Հալէպը ծանօթ է որպէս պատմական գաղութ։ Մենք զայն պատմութեան գիրկը պիտի չնետենք։ Մենք հո՛ս ենք, կողք-կողքի ու ձեռք-ձեռքի տալով մեր դժւարութիւնները միասնաբար պիտի յաղթահարենք։ Համայնքը լուծարելու ոչ մէկ տրամադրութիւն կայ։ Կարելի եղած ծառայութիւնները մեր սահմաններուն մէջ պիտի մատուցենք ժողովուրդին ու թիկունք կանգնինք անոր, իսկ եթէ մեկնիլ փափագողներ կան՝ ազատ են իրենց ընտրութեան մէջ»։
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ժիրայր Ռէիսեանին»,- գրել է «Գանձասար»-ը: