Միջկուսակցական ժողովը կը վերաշեշտէ նոր կացութիւնները միասնաբար դիմակայելու որոշումը
ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, դեկտեմբերի 13-ին, «Թէքէեան» կենտրոնին մէջ։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ողջունեցին Լիբանանի մէջ զինադուլի հաստատումը եւ շեշտեցին, որ պատերազմի ընթացքին կուսակցութիւններու համատեղ խորհրդակցական հանդիպումներով ճշտւած աշխատանքի ուղեցոյցին հիման վրայ հայ յարանւանական եւ բարեսիրական միութիւններու համակարգւած օժանդակութեան աշխատանքները եղած են արդիւնաւէտ։ Այդ աշխատանքները համարժէք արձագանգ գտած են հայկական թաղամասերու եւ շրջաններու մերձակայքը հաստատւած գաղթականները ներկայացնող մարմիններու կողմէ։
Ապա ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Սիրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, արձանագրեց անոնց շատ արագ ընթացքին հետեւանքով ստեղծւած նոր իրավիճակը եւ անոր ներքեւ Հալէպի, Դամասկոսի, հիւսիսային շրջանի եւ Քեսապի հայութեան վերաբերող հարցերը։
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական գործընթացի վերլուծումը կատարելով՝ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնեցին թուրքական դերակատարութեան ծաւալման, անոր ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման առումներով։ Լուսարձակի տակ առնւեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերու համընկնումի բազմաթիւ երեւոյթներ եւ իրադարձութիւններ։
Վերադառնալով լիբանանեան օրակարգին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ 9 յունւարը պէտք է դառնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օր։ Քննարկելով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները Լիբանանի վրայ՝ ժողովը վերստին ընդգծեց հայ քաղաքական-հասարակական դաշտին մէջ նոր իրավիճակներու կողմէ ստեղծւած մարտահրաւէրները միասնական ճիգերով եւ համակարգւած աշխատանքով դիմակայելու հրամայականները։
«Ազդակ»