ՍփիւռքՔաղաքական

Արամ Ա Հայրապետը պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոսի հետ քննարկել է Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները

«ԱԼԻՔ» – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը հանդիպել է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանի հետ։ Այս մասին տեղեկացնում է Կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Այս առաւօտ՝ ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Հոգեւոր Տիրոջ։ Եղբայրական սիրոյ ու գործակցական ոգիի արտայայտութեան առընթեր, յիշեալ այցելութեան նպատակն էր ողջունել երջանկայիշատակ Կարտինալ-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ ծառայութեան՝ թէ՛ իբրեւ Վատիկանի հաւատոյ տարածման բաժանմունքի նախագահ, եւ թէ՛ որպէս հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատրիարք։ Ապա, խօսակցութիւնը կենտրոնացաւ Լիբանանի եւ Սիրիոյ հայութեան առնչւած հարցերուն եւ հայաստանի կացութեան վրայ:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր, իսկ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին՝ գերապայծառներ եւ հոգեւոր հայրեր»,- ասւած է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Related Articles

Back to top button