Սփիւռք

ԴԱՌՆԱՆՔ ՅՈՅՍԻ ԱՂԲԻՒՐԻՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՆԵԱԼ ՈՐԴՒՈՅՆ

Նոր Տարւան սեմին եւ Աստւածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

Եղբայրական ջերմ սիրով կողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նւիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:

Հայրական սիրով կողջունենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, Ազգային իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները՝ իրենց մաղթելով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան երկնային պարգեւներով լեցուն օրեր:

* * *

Տագնապի մէջ էր խրած հին աշխարհը, որովհետեւ հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապի մէջ էր մարդը, որովհետեւ դաւաճանած էր իր Աստւածատուր կոչումին: Եւ ահա յուսաբեկ աշխարհին մէջ կը ծնէր երկնային յոյսը, Բեթղեհէմի մէջ կը ծնէր Աստուծոյ Որդին՝ դառնալով յոյսը համայն մարդկութեան:

Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ, այլ շարունակւող խորհուրդ ու յաւիտենական պատգամ է: Աստուծոյ Որդին եղաւ յոյսի առաքեալ՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ թափուր գերեզման: Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով յոյս ներշնչեց բոլորին, հիւանդին ու հալածւածին, ճնշւածին ու կարիքաւորին: Պատգամեց բոլորին՝ ըսելով.- մի՛ վախնաք, այլ յոյսով կռանւած հաւատացէք, հաւատացէք յուսալով եւ յուսացէք հաւատալով: Մահւան վրայ տարած յաղթանակով, Քրիստոս յարութեան յաղթանակի յոյսը տւաւ: Վերստին վերադառնալու խոստումը տալով, Քրիստոս յոյսով ապրելու ու յոյսով տագնապները դիմագրաւելու հաւատքը ու կամքը տւաւ իր հետեւորդներուն:

Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքի ամենէն զօրեղ կռւաններէն մէկն է յոյսը: Մկրտութեան ճամբով մարդը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կը կատարէ՝ ընդունելով զՔրիստոս որպէս հաւատքի վահան, սիրոյ ճանապարհ ու յոյսի աղբիւր:

Յոյսը սոսկ զգացական վիճակ մը կամ տեսական երեւոյթ մը չէ. ան Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրւած երկնային պարգեւ է: Քրիստոնեան կոչւած է յոյսը ապրելու իր կեանքին մէջ՝ զայն դարձնելով իր մտածումներուն ու գործերուն, իր ողջ կեանքին ամուր շաղախը, զայն դարձնելով իր կեանքին խաւարը վանող ու հորիզոնը լուսաւորող Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը:

* * *

Կապրինք բազմազան տագնապներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու բազմաթիւ այլ տագնապներու եւ պատերազմներու հետեւանքները յուսահատութեան ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծած են ամէնուրեք: Նոյն մթնոլորտին մէջ կապրի նաեւ համայն հայութիւնը:

Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակւող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը, փաստօրէն, ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ ապագային նկատմամբ:

Սփիւռքը, իր կարգին, կը շարունակէ տատանիլ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատւած մեր գաղութները շրջապատւած են այնպիսի պայմաններով, որոնք արագընթաց մաշումի կ՚ենթարկեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը:

Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծւած ներկայ պայմանները յառաջացուցած են վտանգներով յղի անորոշութեան մթնոլորտ մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի ու Սիրիոյ մեր համայնքները անմիջականօրէն ենթակայ չեղան յաջորդական տագնապներու յառաջացւած վտանգին, սակայն կը շարունակեն կրել անոնց ծանր հետեւանքները, մասնաւորաբար ընկերատնտեսական մարզէն ներս:

Ըլլանք իրատես, բայց ոչ՝ յոռետես ու յուսահատ:

Լսենք Պօղոս Առաքեալին պատգամը.- «Նեղութիւնները համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.4-5):

Որքա՜ն կը պատշաճի այս յիշեցումը մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն:

Արդ, հարկ է հեռու մնալ զգացական մօտեցումներէ, միակողմանի դատումներէ ու մակերեսային արժեւորումներէ եւ տագնապները դիմագրաւել համբերութեամբ ու իմաստութեամբ: Հարկ է ազգին ոյժերու համախմբումով եւ ապագայատեսիլ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պայքարիլ մեր Հայրենիքին ու մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներու դէմ: Հարկ է Հայաստանի հզօրացումը նկատել գերագոյն իդէալ՝ համահայկական անխախտ յանձնառութիւն մը, որ պայմանաւորւած պէտք չէ ըլլայ անձերով ու իշխանութիւններով:

Սփիւռքի վերակազմակերպումի ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ու Սիրիոյ մեր համայնքներուն վերականգնումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն: Այս գաղութները սովորական իմաստով գաղութներ կամ համայնքներ չեն, նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած պատմական, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, կրօնական իւրայատկութիւնները եւ յատուկ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ շրջանի պետութիւններուն համար:

Տագնապները ու դժւարութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքները տակաւին կրնան յամենալ մեր շուրջը: Ըլլանք համբերող ու յուսալից: Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը մղէ մեզ ամրօրէն կառչելու յոյսին: Հայուն վերականգնելու կամքը կ՚առաջնորդէ մեզ վերանորոգ ոգիով ու միակամ ճիգով մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի վերածաղկումին:

Դա՛րձեալ լսենք պատգամը Պօղոս Առաքեալին.- «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար 2025

Անթիլիաս, Լիբանան

Related Articles

Back to top button