Արամ Ա կաթողիկոսն իր օրհնութիւնն է տւել Նորա Պայրագտարեանի
![](/wp-content/uploads/2025/02/620-780x470.jpg)
«ԱԼԻՔ» – Երէկ՝ փետրւարի 8-ին, Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմում Երիտասարդութեան եւ սպորտի նախարարի պաշտօնն զբաղեցնող Նորա Պայրագտարեանն այցելել է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին: Այս մասին տեղեկացնում է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քիչ առաջ, շաբաթ, 8 փետրւարի 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորակազմ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նորանշանակ նախարար դոկտոր Նորա Պայրագտարեան։ Դոկտ. Նորա, իբրեւ նախարար, իր առաջին այցելութիւնը տւաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը՝ իրեն վստահւած գործունէութեան սկսելէ առաջ։
Արամ Ա կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ջերմօրէն շնորհաւորեց նախարարը եւ յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց անոր։ Հայրապետը միաժամանակ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ միջեկեղեցական շարժումին, նոյնպէս կառավարութեան աշխատանքներուն ան պիտի բերէ իր կարեւոր ներդրումը։
Յայտնենք, որ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր համալսարանական ուսումը ստացած է լիբանանեան համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորականի տիտղոսը՝ Սորպոնի (Ֆրանսա) համալսարանին մէջ։ Ներկայիս դոկտ. Նորա միջազգային յարաբերութեան եւ օրէնքի դասախօս է ամերիկեան ու լիբանանեան համալսարաններուն մէջ։ Ան լիբանանեան համալսարանի դոկտորական բաժանմունքի քաղաքական գիտութեանց պատասխաանտուն է։
Նախարար Պայրագտարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան եւ «Կիլիկիա Վերլուծական հարթակ»-ի անդամ է։ Եղած է նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի (World Council of Churches) կենտրոնական վարչութեան անդամ, իսկ ներկայիս ատենապետն է յիշեալ խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովին»,- ասւած է հրապարակւած հաղորդագրութեան մէջ: