Մուսա լեռան Հերոսամարտի 110-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի հանդիսաւոր տօնախմբութիւն

Մուսա լեռան հերոսամարտի 110-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով սեպտեմբերի կիսուն սկսած ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնականը` ժողովրդային տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղւեցաւ դէպի Մուսա լեռան յուշարձան համալիրի կից գտնւող տարածք, ուր կայացաւ ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսութիւնը վարեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Մուսա լեռան հերոսապատումը մեզի կը պատգամէ ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ դնելու, զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տալու, ինքնակազմակերպւելու եւ ժողովուրդը փրկելու հրամայականները:
Ան յայտնեց, որ Մուսա լեռան հերոսամարտը կը նկատւի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անմոռանալի դիւցազներգութիւն մը, որ կը վկայէ մեր հոգեւոր ու ազգային ոգիի անսասանութիւնը:
«Շրջափակման եւ մահւան սպառնալիքի տակ, մուսալեռցիներու փրկութիւնը եղաւ հրաշքի համազօր. ֆրանսական նաւերու յայտնութիւնը մեր նախնիներուն համար Աստուծոյ պարգեւ մըն էր: Անոնք իրենց արեան գնով մեզ կտակեցին յստակ պատգամ մը` պահելու մեր հայկականութիւնը, հաւատքը եւ յատկապէս լեզուն»,- նշեց ան:
Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան նկատել տւաւ, որ այդ պատգամը իրագործւեցաւ հոս` Այնճարի մէջ: Մուսալեռցիները օտար հողի վրայ կերտեցին նոր հայրենիք մը, որ դարձաւ ոչ միայն ապաստարան, այլ յարատեւութեան խորհրդանիշ:
Այնճարը կը մարմնաւորէ կորուսեալ բարձունքներուն կենդանի յիշողութիւնը եւ վերակենդանացած հայրենիքի գաղափարը: Այստեղ կարելի եղաւ պահպանել Մուսա լեռան բարբառը, աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները:
Իր խօսքին մէջ տօնախմբութեան հանդիսավարը նաեւ ըսաւ. «Այսօր, երբ հայրենի բեմերէն եւ դժբախտաբար հայու բերնով կը լսւին մեր ականջներուն չափազանց խորթ շշուկներ, որոնք հայու ձեռքով իսկ կուզեն պոկել ու ոտնակոխ ընել մեր դարաւոր ազգային խորհրդանիշները եւ յատկապէս մեր սուրբ լեռը` Արարատը, զայն հեռացնելով սահմանանշանէն, մենք այդ շշուկներուն կը պատասխանենք ըսելով, որ ոչ ոք, նոյնիսկ մեր ոխերիմ թշնամիները չեն կրնար մեր հոգիներէն պոկել «ՄԵՐ ԼԵՌԸ, Մուսա լեռն ու մեր սրբազան «Արարատը եւ ոչ իսկ մեր Արցախը»:
«Ի վերջոյ կա՞յ մէկը, որ աւելի լաւ հասկնայ «լեռան խորհուրդ»-ը, քան մուսալեռցիները», հարց տւաւ ան եւ ապա անդրադարձաւ թէ՛ մուսալեռցիներու, եւ թէ՛ համայն հայութեան համար Մուսա լեռ-Այնճարի ներկայացուցած կարեւորութեան` շեշտելով, որ Այնճարը յատկապէս կը ներկայացնէ գոյատեւման խորհրդանիշ եւ ինքնութեան պահպանման վառ օրինակ:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Վիգէն Քէշիշեան, որ նախ եւ առաջ Մուսա լեռան պատմութիւնը հետեւեալ քանի մը բառերով ամփոփեց. ներշնչումի եւ պայքարի լեռ, հերոսական եւ միասնական դիմադրութիւն, 18 նահատակներ եւ 4500 մուսալեռցիներու փրկութիւն:
Շարունակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, որ Մուսա լեռան ինքնապաշտպանութիւնը մեզի կը փոխանցէ պատմական անժամանցելի դասեր. «Թշնամին չվստահիլ, այլ վստահիլ միայն սեփական ուժերուն, միշտ պատրաստ ըլլալ պայքարելու յանուն ազգի ազատութեան, ուժերը միացնել, համախմբել եւ միասնական ճակատ ստեղծել»:
Ան հաստատեց, որ հիմա` հերոսամարտէն 110 տարի եւ Այնճարի հիմնադրութենէն 86 տարի ետք կոմիտէին աշխատանքներն ու պատասխանատւութիւնը շատ մեծ են, սակայն աւելցուց ըսելով. «Մենք հզօր ենք իրարմով, մեր համերաշխութեամբ եւ մեր կազմակերպւածութեամբ: Ամէն մարդ պատասխանատու է այս հայկական գիւղը աչքի լոյսի պէս պահելու ու պաշտպանելու: Կոմիտէն միշտ ժողովուրդի կողքին եղած է Այնճարի հիմնադրութենէն ի վեր: Այսօր ալ ժողովուրդի կողքին ենք, եւ այդպէս պիտի շարունակւի նաեւ ապագային»:
Իր խօսքի աւարտին ան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով շնորհաւորեց աշխարհի մուսալեռցիները եւ հայ ժողովուրդը, որոնք այսօր ալ դէմ յանդիման կը գտնւին դժւարութիւններու, եւ մաղթեց, որ միասնաբար, քաջաբար եւ վճռական կերպով կանգնինք ազգի բոլոր թշնամիներուն դէմ:
Գեղարւեստական բաժինով հանդէս եկաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի պարախումբը, որ գեղեցիկ կատարումով մը ներկայացուց ռազմական պար մը:
Ապա Արփա Սնապեան-Անտոնեան ընթերցեց մուսալեռցի բանաստեղծ եւ արձակագիր Էդւարդ Պոյաճեանի «Միտք պահէ» արձակը, որ պատգամ մըն է համայն տարագիր մուսալեռցիներուն միշտ յիշելու իրենց արմատները, վառ պահելով նախնիներու լոյսին ու ազատութեան հաւատամքը եւ Մուսա լեռան 40 օրերու հերոսապատումի աւանդը:
Տօնախմբութեան հիւր երգիչն էր լիբանանահայ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան, որ Սեդօ Պաղտասարեանի նւագին ընկերակցութեամբ ազգային եւ հայրենասիրական երգացանկով մը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:
Օրւան պատգամը ուղղեց Վարուժան արք. Հերկելեան, որ իր խօսքը սկսաւ ակնարկելով փոքր ժողովուրդներու ազգային ինքնութեան սպառնացող համաշխարհայնացման վտանգներուն. «Այդ փոփոխութիւնները եթէ նպաստաւոր են մեծ եւ ապահով ազգերու պարագային, մեր ցրւած ազգին համար սակայն համակերպումը այդ շարժումին, աւեր կը գործէ մեր կեանքին մէջ: Իրարմէ հեռանալը, իրարմէ անջատւիլը, պատմութիւնը խեղաթիւրելը եւ դատը ուրանալը, որոնք այսօր յստակ կերեւին հայրենի պետական այրերուն մօտ, ձուլման եւ կորստեան կը մատնեն մեզ մեծ ազգերուն մէջ …»:
Սրբազանը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ 110 տարիներ առաջ, ցեղասպանութեան օրերուն մահւան դէմ յանդիման գտնւեցանք, մեր հայրենիքը բռնագրաւումի ենթարկւեցաւ, մուսալեռցիները շնորհիւ իրենց արի կեցւածքին ու հաւատքին փրկւեցան. Մուսա լեռը միացուց զիրենք, եւ 18 նահատակները նւիրագործեցին այդ մէկը եղբայրացնելով եօթը գիւղերու ընտանիքները…
«Այսօր, երբ երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, կրնանք ըլլալ անոնց նման, երբ կը պահենք ժառանգ ստացած հայրենասիրութիւնը, արդարամտութիւնը, հիւրընկալութիւնը, բարեգործութիւնը, սրտակցութիւնը եւ հաւատարմութիւնը. հաւատարիմ իր Աստծոյն, եկեղեցիին, իր հայրենիքին, իր դպրոցին, նահատակներու կտակին, ցեղային արժանիքներուն, մայրենի լեզւին եւ հայրենի բարքերուն…»:
Սրբազան Հայրը ակնարկելէ ետք երկար դարերու ընթացքին պետականազուրկ մեր ժողովուրդի գոյապայքարին ու ազգը ոտքի պահելու հաւաքական հզօր կամքին, ցաւ յայտնեց ի տես հայրենիքի ղեկավարներու անհեռատես քաղաքականութեան… ան նաեւ ցաւ յայտնեց ի տես սփիւռքի քայքայումին…
Սրբազանը շեշտեց նաեւ խոհեմ ու հեռատես ղեկավարութեան բացակայութեան հանգամանքը, որ գոյութիւն ունի հայկական այսօրւան իրականութեան մէջ. Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Նոր չէ այս երեւոյթը… Աստւածաշունչը մեզի կը յուշէ …երանի քեզի երկիր, երբ թագաւորդ ազնւական է» (ժղ 10.17):
Հակառակը ասոր` վայ քեզ քաղաք, երբ թագաւորդ մանուկ է …» (ժղ 10.16):
Ապա ան բազմաթիւ օրինակներ բերելէ ետք Աւետարանէն շեշտեց, որ երկրի ղեկավարութենէն կախեալ է ազգի առողջ կամ հիւանդ ըլլալը եւ արդարամտութիւնը, պարկեշտութիւնն ու անկեղծութիւնը գլխաւոր նախապայմաններն են երկիրներու յառաջդիմութեան…
Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին կրկին անդրադարձաւ 110 տարիներ առաջ մուսալեռցիներու յաղթական հերոսամարտը կերտած ժողովուրդի խոր հաւատքին, միասնական կեցւածքին ու հաւաքական գործելաոճին եւ շեշտեց հայկական այսօրւան իրականութեան մէջ խոհեմ, անշահախնդիր, հայրենասէր ու հեռատես, բայց մանաւանդ հաւաքական ղեկավարութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի` անխափան երթը ապահովելու եւ ազգային արժանապատւութիւնը բարձր պահելու համար…
Գեղարւեստական բաժինով «Ես քո Արցախն եմ» նիւթով պար – կենդանի պատկեր մը ներկայացւեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտութեան կատարումով:
Փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Այնճարի զաւակներուն ու Մուսա լեռան զաւակներու շառաւիղներուն, որոնք աշխարհով մէկ սփռւած ըլլալով հանդերձ, իրենց ուշադրութիւնը կը շարունակեն կենտրոնացնել այս աւանին վրայ համատեղ ճիգով` այստեղէն կարենալ շարունակելու համար այն կեանքը, որ 86 տարիներ առաջ իրենց պապերը հաստատեցին մեծ ճիգով, մեծ տագնապով եւ մեծ հաւատքով:
Ան մաղթեց, որ Աստւած օրհնէ բոլորին կեանքն ու վաստակը որպէսզի Այնճար հայաւանին մէջ Մուսա լեռան հերոսամարտի յիշատակը պահպանելու կողքին պահպանւի նաեւ կրթական, մշակութային եւ համայնական այն կեանքը, որ արդիւնքն է այստեղ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակներու համատեղ ճիգին ու հաւատքին:
Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք մասնակից են օրւան տօնակատարութեան եւ նաեւ Այնճարի կողքին են, որպէսզի այստեղ մեր ժողովուրդի շունչը շարունակւի հարազատօրէն արտայայտելով իր պապերու ոգին:
Սրբազան Հօր պահպանիչէն ետք ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Մուսա լեռան տհոլ զուրնայի շուրջպարով: