Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան Գ լիագումարի նիստերը Փարիզի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզահամալիրին բացման առիթով Փարիզ այցելող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութիւնը 18-21 նոյեմբերի 2025-ին գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր երրորդ լիագումարին նիստերը։
Քառօրեայ նիստերու ընթացքին, Կենտրոնական վարչութիւնը նախ գնահատումը կատարեց անցնող մէկ տարւան ընթացքին իր ունեցած բեղուն գործունէութեան, որուն գլխաւոր արտայայտութիւնները եղած են.- համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական դիւանական 11-րդ ժողովը, 12-րդ մարզախաղերը, միջցամաքամասային բանակումները (Աւստրալիա եւ ամերիկեան ցամաքամաս, Միջին Արեւելքի երկիրներ), ատենապետներու առցանց եռամսեայ հանդիպումները, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպումը, սկաուտական գործուղումները, քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքները (շրջաններու պատասխանատուներու եւ ցամաքամասային ներկայացուցիչներու առցանց հանդիպումներ, քարոզչական համակարգի ստեղծում, գրասենեակի հաստատում, նոր կայքէջի պատրաստութիւն, երկլեզու էլ-թերթի հրապարակում), «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի տպագիր եւ առցանց հրատարակութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ հիմադրամ»-ի աշխատանքները, «Ժիրայր Սարգիսեան եկամտաբեր ֆոնտ»ի ծրագիրները եւ այլն։

Լիագումար նիստերը քննեցին միութեան 41 շրջաններու կազմակերպական իրավիճակը եւ տւին համապատասխան որոշումներ։ Առանձին նիստով մը վերամշակւեցաւ միութեան փրոթոքալային ուղեցոյցը։
Իբրեւ յառաջիկայի աշխատանքներ, ծրագրւեցան 2026-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ձեռնարկները՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտական 13-րդ բանակում, քարոզչական առաջին համագումար, միջդիւանական 12-րդ ժողով, «Արցախ հիմնադրամ»ի աշխատանքներ, միութեան շահութաբեր գլխաւոր նախաձեռնութիւնը հանդիսացող նաւապտոյտ, արխիւներու եւ թանգարանային իրերու թւայնացման աշխատանքի մեկնարկ եւ այլն։
Լիագումար նիստերու առընթեր, Կենտրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին եւ ծանօթացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի Իսի լէ Մուլինոյի նորակառոյց համալիրին, որ բոլոր տւեալներն ու յարմարութիւնները ունի դառնալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի մարզական կարեւորագոյն ու մեծագոյն կեդրոնը։ Կենտրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բացման առիթով միութեան զանազան շրջաններէն եւ յատկապէս Եւրոպայի Մեկուսի շրջաններէն ժամանած վարչական պատախանատուներու հետ։
Նիստերու աւարտին, Կենտրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին Թիէի գերեզմանատուն եւ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին միութեան հիմնադիրներէն՝ սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմին։



