Սփիւռքը դիտորդ չէ. մեր գործունէութիւնը անմիջականօրէն կօգնէ Հայաստանի ապագային

«ԱԼԻՔ» – ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանը «Ասպարէզ»-ի «Ընկերային զրոյց» շարքի շրջանակում պատասխանել է թերթի ընթերցողների յուզող հարցերին:
– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Բաքւի մէջ Արցախի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան դէմ վերջերս արձակւած դատավճիռները։
– Այս դատավճիռները քաղաքական վրէժխնդրութեան դրսեւորում են եւ ոչ թէ արդարադատութիւն։ Անոնք Ադրբեջանի կողմէ իրականացւող շարունակական ազգային զտման արշաւին մէկ մասն են եւ նպատակ ունին քրէականացնել հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Արցախի օրինական առաջնորդները թիրախ դարձնելով՝ Ադրբեջան կը փորձէ ջնջել Արցախի ինքնակառավարման իրաւունքը եւ «արդարացնել» բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը։
Անիկա ամբողջութեամբ կը համընկնի Թուրքիոյ երկարատեւ փանթրքական ծրագիրին, որուն նպատակը շրջանին մէջ հայկական քաղաքական ներկայութիւնը վերացնելը եւ դէպի տարածւող անընդհատ թուրք-ադրբեջանական ազդեցութեան գօտի մը՝ Ասիա մը, ստեղծելն է։ Մենք կը մերժենք այս դատավճիռները եւ կոչ կընենք միջազգային միջամտութեան եւ բոլոր հայ գերիները անմիջապէս ազատ արձակելու։
– Շատեր կը կարծեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցին թիրախ դարձուցած է ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս իրավիճակը։
– Հայաստանի կառավարութեան արշաւը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ աննախադէպ է եւ խիստ անհանգստացուցիչ։ Անիկա համակարգւած եւ կանխամտածւած գործընթաց մըn է, ազգային հիմնական հաստատութեան թուլացումը յառաջացնելու արշաւ մըն է հաստատութեան մը դէմ, որ դարեր շարունակ օգտակար եղած է՝ պահելու հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը՝ անցնելով ցեղասպանութիւն, գաղթ եւ պետականութիւն չունենալու ժամանակաշրջաններ։
Հանրային զրպարտութիւնները, հոգեւորականներու վրայ գործադրուող ճնշումները, քաղաքականօրէն դրդւած ձերբակալութիւնները եւ Եկեղեցին պետական վերահսկողութեան տակ բերելու փորձերը կը յիշեցնեն պատմական բռնակալներու՝ Օսմանեան իշխանութիւններէն մինչեւ խորհրդային վարչակարգերու կիրարկած մեթոտները։ Ասիկա ներքին վէճ մը չէ. Այս յարձակում մըն է հիմնարար ազգային հաստատութեան մը դէմ այն պահուն, երբ հայկական ինքնութիւնը արդէն իսկ արտաքին վտանգներու տակ է։
– Ի՞նչ ուղերձ ունի այն փաստը, որ կառավարութիւնը կը քննադատէ Գարեգին Բ.ը, մինչդեռ անիկա կը բարձրացնէ փիլոնազուրկ հոգեւորական մը եւ պետական կրօնական արարողութիւններ կը կազմակերպէ։
– Այս վարքագիծը հակասական է եւ քաղաքականապէս ձեռնավարական։ Փիլոնազուրկ հոգեւորական մը օգտագործելով՝ կաթողիկոսին հեղինակութիւնը թուլցնելու համար, կառավարութիւնը կրօնը կը վերածէ քաղաքական գործիքի մը՝ նոյն ատեն վտանգելով Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը։ Այսպիսի մարտավարութիւն մը կը յիշեցնէ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, երբ զինւորական ղեկավարներ վարկազրկւեցան եւ փոխարինւեցան իշխանութեան հաւատարիմ անձերով։
Ազգային հիմնասիւներու՝ Եկեղեցւոյ, բանակի, մշակոյթի եւ Հայ Դատի թուլացումը միայն Հայաստանի հակառակորդներու շահերուն կը ծառայէ։
– Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար, ի՞նչ կը նշանակեն ընդդիմադիր գործիչներու վերջին ձերբակալութիւնները եւ լրագրողներու նկատմամբ ճնշումները։
– Այս գործողութիւնները կը վկայեն ժողովրդավարական չափանիշներու վտանգաւոր ու խոր անկումին մասին։ Ընդդիմադիր ղեկավարներու, ներառեալ Գիւմրիի նորընտիր քաղաքապետին ձերբակալութիւնը եւ լրագրողներու ահաբեկումը կը վտանգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ կը տկարացնէ ժողովրդավարութեան հիմքերը։ Միասնութիւն եւ պատասխանատւութիւն ամրապնդելու փոխարէն՝ իշխանութիւնը կը դիմէ այլակարծութիւնը բռնի կերպով լռեցնելու միջոցին։
Այս ընթացքը կը բնութագրւի՝ իբրեւ դէպի բռնատիրական կառավարում վտանգաւոր թեքում, որ կը սպառնայ Հայաստանի ներքին կայունութեան եւ ազգային ապահովութեան։
– Ադրբեջանի կողմէ Արցախի ղեկավարներու հետապնդումներուն եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական ճնշումներուն միջեւ կապ մը կարձանագրէ՞ք։
– Այո, այս երեւոյթները փոխկապակցւած են եւ մէկ ու նոյն աշխարհաքաղաքական ճնշումի տարբեր դրսեւորումներ։ Ադրբեջան կը բանտարկէ Արցախի առաջնորդները՝ լռեցնելու համար հայկական դիմադրութիւնը, մինչդեռ Հայաստանի կառավարութիւնը կը թուլացնէ Եկեղեցին, բանակը, Սփիւռքի կառոյցները եւ ազգային հաստատութիւնները, որոնք կը պաշտպանեն հայկական ինքնութիւնը եւ կը գործեն Հայ Դատի յառաջխաղացումին համար։
Այս բոլորը միասին կը կազմեն հայ պետականութեան եւ ազգային ամբողջութեան վրայ երկու-ճակատաններու յարձակումին՝ ծառայելով թուրքական փանթրքական օրակարգին՝ պառակտելու եւ տկարացնելու հայ ժողովուրդը։
– Ի՞նչ դեր կը խաղայ Թուրքիան այսօր հայ ժողովուրդի նկատմամբ եղած ճնշումներուն մէջ։
– Թուրքիա գլխաւոր հեղինակը եւ մղիչ ուժն է տարածաշրջանի այն սպառնալիքներուն, որոնց Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնւի։ Անոր փանթրքական դարաւոր ձգտումները կը սնեն Ադրբեջանի յարձակողապաշտութիւնը, Արցախի ազգաբնակչութեան ցեղային զտումը, հայ ղեկավարներու դատավարութիւնները եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու, շարունակական ոչնչացումը։ Թուրքիա նոյնպէս կը քաջալերէ Հայաստանի մէջ այն ներքին միտումները, որոնք կը տկարացնեն ազգային ինքնութիւնը, կը նւազեցնեն Եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը եւ կը թուլացնեն կազմակերպւած Սփիւռքը, որ առաւել քան մէկ դար պահպանած է հայ ինքնութիւնը եւ յառաջ մղած է Հայ Դատը։
Թուրքիոյ քայլերը կանխամտածւած եւ համակարգւած են, եւ մեր՝ պատասխանելու միակ միջոցը մեր ազգի միասնութիւնը՝ ամուր ազգային հաստատութիւններով, ազգային հեռանկարով մնայուն պայքար մղելն է։
– Արդեօք Հայաստանի ներկայ կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը համընկնի՞ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի շահերուն։
– Դժբախտաբար՝ այո։ «Խաղաղութեան» անունին տակ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու միակողմանի զիջումներ, որոնք յատակապէս կը ծառայեն Անկարայի եւ Բաքւի նպատակներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ու բանակի թուլացումը, Սփիւռքի նւաստացումն եւ հեռացումը, Արցախը իբրեւ բեռ ներկայացնելը, ազգային հաստատութիւններու պիտակաւորումը իբրեւ խոչընդոտներ եւ թուրք-ադրբեջանական բառապաշարի որդեգրումը, բոլորովին կը համընկնին Անկարայի ու Բաքւի շահերուն։
Ասիկա վտանգաւոր գաղափարական շեղում մըն է, որ կը վտանգէ հայկական պետականութեան հիմնասիւները եւ Հայաստանը կը դարձնէ աւելի մեկուսացած, խոցելի եւ կախեալ այն երկիրներէն, որոնք բազմիցս ցեղասպան մտադրութիւններ արտայայտած են։
– Ի՞նչ պէտք է աւելցնել այժմու սպառնալիքներուն դիմաց։
– Հայաստանի գոյատեւումը կը պահանջէ միաժամանակ դէմ կանգնիլ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն, եւ թէ՛ դադարեցնել ներքին ազգային հաստատութիւններու քայքայումը։ Հայաստան պէտք է ամրապնդէ իր ազգային հաստատութիւնները եւ ապահովէ Եկեղեցւոյ լրիւ անկախութիւնը։ Հայաստանի պետութիւնը պէտք է վերակառուցէ իր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան կարողութիւնները։ Հայաստան պէտք է վերահաստատէ Արցախի տեղը ազգային ինքնութեան մէջ եւ ապահովէ միջազգային ճնշում՝ Բաքւի մէջ պահւող հայ գերիները ազատ արձակել տալու համար։ Հայաստան պէտք է դիմադրէ թուրք-ադրբեջանական թելադրանքներուն եւ ընդհանրապէս փանթրքական օրակարգին։ Հայաստանը պէտք է վերականգնէ լիարժէք համագործակցութիւն Սփիւռքի հետ։ Որովհետեւ ներկայ կառավարութիւնը չուզեր կամ չի կրնար կատարել այս հիմնարար պարտաւորութիւնները՝ պէտք է փոխւի: Հայաստան կարիքը ունի այնպիսի ղեկավարութեան մը, որ բոլորովին նւիրւած է ազգային առաջնահերթութիւններուն։ ՀՅԴ-ն ներկայ է եւ պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այս բոլոր ճակատներուն մէջ։
– Ի՞նչ կրնան ընել Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի հայերը ազգային այս ջանքերուն աջակցելու համար։
– Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հայ Դատի համար եւ այդ պատճառով ալ անիկա թիրախ կը դառնայ։ Պէտք է ուժեղացնել քաղաքական ներգործութիւնը՝ յատկապէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA-ի) միջոցով եւ մնալ աշխոյժ քաղաքացիական դաշտին վրայ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նկատի ունենայ Հայաստանի ապահովութեան կարիքները, մարդու իրաւունքներու հարցերը եւ հայ գերիները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը։ Պէտք է աջակցիլ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մշակութային հաստատութիւններուն եւ հայ կենտրոններուն, որովհետեւ այս բոլորը կը պահեն Սփիւռքի ինքնութիւնը եւ կը խթանեն քաղաքական գիտակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Հայ Դատի։
Պէտք է օժանդակել տեղահանւած արցախահայ ընտանիքներուն եւ գերիներու ընտանիքներուն, մասնակցիլ վերականգնման գործունէութիւններուն եւ նպաստել անոնց արժանապատւութեան ու կայունութեան վերականգնման։ Պէտք է ներդրումներ կատարել այն ծրագիրներուն, որոնք կը հզօրացնեն Հայաստանի ապահովութիւնը, տնտեսութիւնը, արհեստագիտական հմտութիւնը եւ կրթական համակարգը՝ ապահովելով Հայաստանի երկարաժամկէտ տոկունութիւնը։
Ամէնէն առաջ, պէտք է պահպանել եւ ամրապնդել ազգային միասնութիւնը՝ հիմնւած ազգային շահերու եւ մեր պատմական հաստատութիւններու ճամբով, եւ չթուլանալ ժամանակաւոր իշխանութիւններու գործողութիւններուն պատճառով։
Սփիւռքը դիտորդ չէ. մեր գործունէութիւնը անմիջականօրէն կօգնէ Հայաստանի ապագային։ ՀՅԴ-ն յանձնառու է առաջնորդելու այս աշխատանքը՝ քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային եւ հանրային դաշտերուն վրայ։
«Ասպարէզ»



