Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի մարզամշակութային համալիրին փառաշուք բացումը Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ

Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօնացոյցին մէջ, իբրեւ եւրոպական ցամաքամասի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեծագոյն կենտրոնի բացման փառաշուք հանդիսութեան թւական։
Այդ օր սերունդներու եւ տասնամեակներու երազ մը իրականացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի Իսի լէ Մուլինոյի մարզամշակութային կենտրոնին բացումով։ Կենտրոն մը, որուն հողաշերտին ապահովման եւ կառուցման աշխատանքները երկարեցան աւելի քան վեց տարւան վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան նախնական համաձայնութենէն՝ 17 ապրիլ 2019-էն մինչեւ պաշտօնական համաձայնութիւն՝ 21 սեպտեմբեր 2019 եւ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկէն՝ ապրիլ 2022-էն մինչեւ պաշտօնական բացում՝ 22 նոյեմբեր 2025։
Կենտրոնը կը գտնւի Փարիզի անմիջական արւարձան Իսի լէ Մուլինոյի հայաշատ շրջանին մէջ (Ռապըլէ փողոց, թիւ 6) եւ կը տարածւի 3000 քառ. մեթր տարածութեան վրայ։
Նկարներու ցուցահանդէսը
Մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը կանխեց Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի պատմութեան նւիրւած նկարներու ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ համալիրին դէպի մարզադաշտ առաջնորդող նախասրահին մէջ, ներկայութեամբ բացման հանդիսութեան պաշտօնական հիւրերու եւ շուրջ 800 ազգայիններու։
Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Ֆրանսայի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Կենտրոնական վարչութեան գրեթէ լրիւ կազմը, որ նոյն օրերուն Փարիզի մէջ կը գումարէր իր լիագումար նիստերը, Իսի լէ Մուլինոյի փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ՝ զաւակը Հուսամ Հարիրի, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կենտրոնական կոմիտէի անդամներ, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամներ, Պուրճ Համուդի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ազգային բարերար տէր եւ տկն. Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Անդրանիկ Պահարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան շրջաններէն (Հայաստան, Լիբանան, Լոնտոն, Ալմելօ, Սոտերթելիա, Վիեննա, Միւնիխ, Մարսէյ, Նիս, Վալանս) ժամանած ներկայացուցիչներ, ֆրանսիահայ ազգային, եկեղեցական, կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հիւրեր, հայ թէ օտար թղթակիցներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով ծնողներ։
Յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, պաշտօնական բացումը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Հուսամ Հարիրի եւ «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամներ՝ եղբայրներ Հրաչ Սիսեռեան եւ Լեւոն Պաղտասարեան։ Անոնք մկրատով մը հատեցին կարմիր ժապաւէնը եւ բուռն ծափողջոյններով ներկաները առաջնորդեցին մարզադաշտ, ուր ընթացք առաւ օրւան հանդիսութիւնը։
Հանդիսութիւնը
Բացման հանդիսութիւնը բաղկացաւ երեք մասէ՝ տողանցք, խօսքեր եւ գեղարւեստական բաժին։
Սկիզբը, Մեկուսի շրջանի խմբապետուհի քոյր Կասիա Վէքիլեանի առաջնորդութեամբ տողանցեցին մասնաճիւղին սկաուտական շարքերը՝ երէցներ, արի-արենուշներ, գայլիկ-արծւիկներ եւ նորակազմ մոկլի վոհմակի անդամներ։ Անոնք հետեւեցան դրօշակակիրներու խումբին եւ տպաւորիչ կերպով դաշտին շրջանը կատարելով՝ գրաւեցին իրենց համար ճշտւած տեղերը։
Ֆրանսիայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները կատարեց սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնի, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի սկաուտները եւ ներկայ հոծ բազմութիւնը։
Օրւան հանդիսավարութիւնը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով կատարեցին եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան եւ քոյր Դանիա Պապանազարեան։
Ապա, տան կարգի օրհնութեան աղօթքը կատարեց Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Իսի լէ Մուլինոյի Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեանի եւ Արֆորվիլի Տիրայր քհնյ. Գըլըճեանի։ Յաջորդեցին խօսքերը։
Առաջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան նախկին անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի նախկին ատենապետ, «Իմաստուններու խորհուրդ»ի անդամ եւ մարզահամալիրի ծրագիրին ռահվիրայ՝ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան։ Եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մեծ ու փոքր նւիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան։ Ողջունեց անվերապահ աջակցութիւնը «հայերու իսկական բարեկամ» քաղաքապետ Անդրէ Սանթինիին, փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան, որոնք զօրավիգ կանգնեցան այս հսկայական ծրագիրին։ Եղբ. Սիսեռեան նաեւ նշեց. «Շնորհակալ եմ անոնց, որոնք մեզ կը յուսալքէին այս ճամբուն վրայ եւ կը կարծէին թէ պիտի ընկրկինք։ Ընդհակառակն, անոնք տասնապատկեցին մեր կամքն ու համոզումները՝ հասնելու համար հո՛ն, ուր հասանք այսօր»։ Եղբ. Սիսեռեան խօսքը եզրափակեց յստակացնելով, թէ կենտրոնը բաց է բոլոր հայերուն առջեւ, առանց խտրութեան։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հուսամ Հարիրի՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի զաւակը։ Ան շեշտեց եղբայրական եւ անխզելի կապերը Հարիրի ընտանիքին եւ հայութեան ու յատկապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին միջեւ, ոգեկոչելով յիշատակը իր մեծ հօր՝ ողբացեալ Ռաֆիք Հարիրիի եւ յանձնառութիւնը իր հօր՝ Սաատ Հարիրիի, որոնք սկիզբէն հաւատացին այս ծրագիրին։
Փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեան խօսք առաւ յանուն քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, որ առողջական պատճառներով չէր կարողացած ներկայ գտնւիլ։ Ան յիշեցուց, որ Սանթինի եղած է այս երազին իրականացման գլխաւոր հիմնասիւնը, ծրագիր մը՝ որ եզակի է Եւրոպայի մէջ։ Խանճեան եզրակացուց. «Արմատ նետելու դժւարութիւնը անցեալին կը պատկանի. այսուհետեւ, 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ այս կենտրոնը հայ աշխարհի սրբավայր մըն է»։
Հուսկ, եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ «Այս կենտրոնը պիտի պատրաստէ ապագայի հայ մարդը։ Յանձնեցէ՛ք ձեր զաւակները այս հաստատութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, եթէ կուզէք որ անոնք լաւ հայեր դառնան»,- յայտարարեց ան՝ ամբողջական յաջողութիւն մաղթելով այս ծրագիրին, որ պիտի հանդիսանայ համախմբման խթան։
Գեղարւեստական յայտագիրը
Խօսքերու աւարտին կիրարկւեցաւ 40 վայրկեաննոց գեղարւեստական յայտագիր մը՝ երգերով, պարերով, կենդանի պատկերով եւ տեսանիւթի օգտագործումով։ Յայտագիրը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի յարութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի 48 տարիներու պատմութիւնը՝ շատ գեղեցիկ համադրումով եւ գեղարւեստական բարձր վայելքով։
Ֆրանսիահայ արւեստագէտ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Եսայի Ալթունեանի մտայղացումով եւ պատրաստութեամբ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալթունեանը, Իսի լէ Մուլինոյի «Արարատ» ժողովրդային պարախումբը (գեղարւեստական ղեկավարներ՝ Կատարինա եւ Արամ Արզումանեաններ), երգչուհի Էրմոնիա եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի սկաուտներ։
Սենեակներու բացումը
Նոյն օրը, նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը եօթը սենեակներու, որոնք կրեցին անունները միութենական երախտաշատ դէմքերու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ծնողներու։ Այսպէս, յատուկ ցուցանակներ պատւեցին յիշատակը եղբայրներ Սուրէն Մուրատեանի (Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի հիմնադիր), Կապի Փոստւի (Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի առաջին վարչութեան ատենապետ), Գառնիկ Մկրտիչեանի (Կենտրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ), Միհրան Շիմշիրեանի (Կենտրոնական վարչութեան նախկին անդամ), Գեղամ եւ Ալիս Սիսեռեաններու, Յակոբ եւ Անահիտ Պաղտասարեաններու եւ Կարօ Վէքիլեանի։ Սենեակներու բացման հանդիսութեան ներկայ գտնւեցան եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը՝ Նժդեհ Մկրտիչեան (Երեւանէն), եղբ. Միհրան Շիմշիրեանի դուստրը՝ Հուրի Շիմշիրեան (Բէյրութէն), Սուրէն Մուրատեանի զաւակը՝ Տիգրան Մուրատեան, Կապի Փոստուի կինն ու աղջիկը՝ Սեդա եւ Լենա Փոստու, ինչպէս նաեւ՝ Սիսեռեան, Պաղտասարեան եւ Վէքիլեան ընտանիքներու հարազատները։
Ընթրիքը եւ շնորհաւորական յուշանւէրներու փոխանակումը
Բացման հանդիսութեան փառաշուք հանդիսութենէն եւ անոր յաջորդած հիւրասիրութենէն ետք, ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուները եւ հիւրերը ընթրիքի հիւրը եղան Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի «Իմաստուններու խորհուրդ»ին։
Ընթրիքի ընթացքին, «Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս» յատուկ յուշանւէրներով գնահատեց քաղաքապետ Անդրէ Սանթինին (ի բացակայութեան) փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանը, գեղարւեստական յայտագիրի հեղինակ Եսայի Ալթունեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին կենտրոնին իրականացման աշխատանքներուն։ Յուշանւէր մըն ալ յանձնւեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութեան։
Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կենտրոնական վարչութիւնը յուշանւէր մը յանձնեց քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի ներկայացուցիչ՝ Արթիւր Խանճեանին, երկրորդ մը՝ Խանճեանին եւ իր ատենապետին բերնով յայտարարեց, որ Կենտրոնական վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի նորակառոյց համալիրին կը նւիրէ Բէյրութի մէջ յատկապէս պատրաստւած եւ Փարիզ բերւած միութեան պրոնզէ մեծ նշանակը՝ վահանը, մարզադաշտին պատերէն մէկուն վրայ ամրացնելու համար զայն։
Այս առիթով, արտասանւեցան սրտի խօսքեր։ Ընթերցւեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին ֆրանսերէն խօսքը։ Ընթրիքին ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու ներկայացուցիչները իրենց կարգին փոխանցեցին յուշանւէրներ։ Մթնոլորտէն խանդավառւած կատարւեցան սրտաբուխ նւիրատւութիւններ։
Հ. Մ. Ը. Մ. Կենտրոնական վարչութիւն


















