«Արգիլւած է անձնատուր ըլլալ»,- շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական Պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 2 յունւարի 2024-ին «Վանայ ձայն»-ի հետ ունեցաւ Նոր տարւան իր առաջին հարցազրոյցը, զոր վարեց Հալա Հադդադ:
Հարցազրոյցին ընթացքին պատգամաւոր Յ. Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք տեղահանւած են հարաւային սահմանագիծի իրենց բնակարաններէն եւ փոխադրւած Լիբանանի մէջ այլ վայրեր կամ լքած երկիրը եւ մեկնած դէպի այլ երկիրներ:
Անցնող տարւան ողբերգական ըլլալու իրականութեան ակնարկելով՝ պատգամաւոր Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է փակել այդ էջը եւ օրինակներ քաղել անոր լեղի փորձառութիւններէն:
Ան հաստատեց հաւատքով զինւելու անհրաժեշտութիւնը՝ կամքով եւ յոյսով շարունակելու կեանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նորահաս սերունդներուն ըսել հետեւեալը. «Մենք Լիբանանը կը յանձնենք ձեզի՝ առողջ եւ բարօր լիբանանցիներով»:
Հարցազրոյցին ընթացքին Հադդադ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ 2023-ին ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն շարքին բնաւ ակնարկութիւն չէ կատարւած Արցախին եւ 120 հազար արցախցիներու տեղահանութեան. այս մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ ասիկա հսկայ դաւադրութիւն է՝ աւելցնելով, որ այսօր նոյն դաւադրութիւնը կը վկայենք Գազայի պարագային:
«Արցախի դէմ գործւած դաւադրութիւնը կանխամտածւած, ծրագրւած եւ սերտւած էր, այնպէս ինչպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ թուրքական իշխանութիւնները լաւապէս սերտած էին եւ մտածած էին այն միջոցները, որոնց պէտք է դիմեն՝ ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու նպատակով: Եթէ Արցախի պարպումին նախորդող փուլին պիտի անդրադառնանք, ապա պիտի տեսնենք, որ նախքան արցախցիները տեղահան ընելը, Արցախի ժողովուրդին վրայ պարտադրւած էր տասնամսեայ շրջափակում: Ի տես այս իրավիճակին, ամբողջ աշխարհը մնաց լուռ, իսկ լաւագոյն պարագային բաւարարւեցաւ ամօթխած դատապարտանքի հաղորդագրութիւններով: Ոչ մէկ քայլ առաւ այդ շրջափակումը վերացնելու իմաստով: Տասը ամիս շարունակ Արցախի մէջ դեղորայք չկար, սննդեղէնի, հիւանդանոցային պիտոյքներու, ջուրի եւ էլեկտրականութեան տագնապ կար, եւ դպրոցները չէին գործեր:
120 հազար հոգանոց ժողովուրդ մը ենթակայ էր բնաջնջումի: Չեմ ուզեր ժողովուրդին անդրադառնալով ըսել՝ հայ, կուզեմ ըսել մարդ արարածներ, որոնք զոհ գնացին աշխարհի անտարբերութեան: Անոնք զոհերն էին քաղաքակրթութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ բոլոր գեղեցիկ կարգախօսներուն, որոնք ստեղծւած են մեծ պետութիւններուն կողմէ: Այս բոլորին յաջորդեց Ադրբեջանի յարձակումը՝ Արցախի վրայ, եւ շրջանի երկիրներուն ու ՄԱԿ-ի անտարբերութեան լոյսին տակ՝ գրաւեց Արցախը եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկեց 120 հազար արցախցիներ՝ իրենց պատմական հողերէն, հայկական հողերէն»,- ըսաւ ան:
Պատգամաւոր Բագրատունի ընդգծեց, որ աշխարհի անտարբերութիւնը եւ շրջակայ երկիրներուն շահերը հիմնական են Արցախի մէջ պատահածին համար՝ ընդգծելով, որ աշխարհին համար նաւթն ու զէնքի արտադրութիւնը շատ աւելի կարեւոր են, քան ժողովուրդներու ճակատագիրը:
«Եթէ մենք իբրեւ ժողովուրդ դիմադրելու որոշում եւ կամք չունինք, ապա մեծ պետութիւններուն հետաքրքրութիւնը կը սահմանափակւի անոնց շահերով եւ իրաւունքներով, իսկ փոքր ժողովուրդները զոհ կերթան այդ շահերուն իրագործման ճամբուն վրայ: Հայաստան այսօր կապրի իր աշխարհագրական դիրքի պատմական անէծքը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պայքարին արժէքը ուրացող իշխանութիւններուն անէծքը»,- շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Գազայի իրադարձութիւններուն՝ նկատել տալով, որ աշխարհը ՀԱՄԱՍ-ը պատասխանատու կը նկատէ այդ պատերազմին՝ նկատի ունենալով, որ ՀԱՄԱՍ-ի կատարած գործողութենէն ետք սկսաւ այդ պատերազմը: «Սակայն անոնք կը մոռնան ՀԱՄԱՍ-ի գոյութեան պատճառը, կանտեսեն այն իրականութիւնը, որ այդ շարժումը ծնած է բռնագրաւումէն ազատելու եւ պաղեստինեան հողերը ազատագրելու նպատակով: Ինքնապաշտպանութիւնը ժողովուրդներուն իրաւունքն է՝ որեւէ բռնագրաւումի դիմաց: Անկախ ՀԱՄԱՍ-ի գաղափարական եւ քաղաքական ուղղութեան հանդէպ մեր ունեցած վերապահ կեցւածքէն, պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքն է դիմադրել եւ ունենալ պետութիւն: Անընդունելի է այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլի վարչապետը իր պաշտօնը պահելու համար տասնեակ հազարաւորներ սպանէ, իսկ հարիւր հազարաւորներ բռնի տեղահանութեան ենթարկէ, հիւանդանոցներն ու աղօթավայրերը ռմբակոծէ, երեխաները սպանէ, իսկ Անվտանգութեան խորհուրդը շաբաթական դրութեամբ նիստ գումարէ, մնայուն կերպով յետաձգելով զինադուլի որոշումը՝ գիտնալով հանդերձ, որ զինադուլի որոշումը յետաձգել կը նշանակէ յաւելեալ պաղեստինցիներ սպանդի ենթարկել»,- ըսաւ ան:
Պատգամաւոր Բագրատունի կենտրոնացաւ մարդ արարածի սպանութեան վրայ՝ հարց տալով, թէ պաղեստինցի ի՞նչ սերունդի մասին է խօսքը, երբ այդ երեխաները վկայած են իրենց ընտանիքներուն՝ հօր, մօր, եղբօր, քրոջ մահը, ընկերոջ մահը: «Ինչպիսի՞ սերունդի մը մասին է խօսքը, նւազագոյնը՝ դիմադրող սերունդ, սակայն ի՞նչ համակեցութեան մասին է խօսքը»,- հարց տւաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս դարաշրջանը անկումային դարաշրջան է ամէն իմաստով, բոլոր վեհ սկզբունքներուն, կրօններուն, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներուն, խաղաղութեան, ազգային ինքնորոշման, յատկապէս՝ մարդկային արժէքներուն առումով:
«Այսօր իշխողը անտառի օրէնքն է եւ ուժի օրէնքը, որ բռնատիրութեան առաջնորդած է աշխարհը՝ սերունդները մղելով յաւելեալ ծայրայեղութեան, տարակարծութիւնները աւելի խորացնելու, վասն՝ նաւթի տակառներու ապահովումին եւ զէնքի արտադրութեան»,- ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ տիրող երկփեղկումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին քաղաքացի ըլլալէ առաջ կայ լիբանանցի մարդը, որ լիբանանցի քրիստոնեայ մարդ է, լիբանանցի իսլամ մարդ է, լիբանանցի տիւրզի մարդ է, եւ հայ, ուղղափառ, կաթողիկէ եւ փոքրամասնութեան պատկանող:
«Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ միասնական կեցւածք չկայ, մարդկային տեսլական չկայ, Լիբանանի ապագային մասին տեսլական չկայ: Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիղ Հարիրիի սպանութենէն ետք երկրին մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումին ամենէն վատ օրերուն՝ համերաշխութեան եւ համակեցութեան յղացքը աւելի խոր էր եւ ինքզինք կը պարտադրէր: Այսօր ես մտահոգ եմ Լիբանանի միասնականութեամբ եւ համերաշխութեան Լիբանանով: Սակայն կը մաղթեմ, որ որոշ հարցերու շուրջ միտքով եւ մօտեցումով լիբանանցիները միասնական ըլլան, նոյնիսկ եթէ նոյն միջավայրին մէջ ապրող տարբեր սովորութիւններ ու աւանդութիւններ ապրող հաւաքականութիւններ կան: Բայց եւ այնպէս մտավախութիւն կայ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը օրըստօրէ կը նահանջէ, ինչպէս նաեւ կը կորսնցնէ ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան հանդէպ իր հաւատքն ու կառչածութիւնը»,- նշեց ան:
Համաշխարհային նոր կարգի մը զոհը ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ոչ ոք կը ստիպէ ուրիշին իր արժէքները, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները փոխել՝ աւելցնելով, որ դաստիարակութիւնը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, բացի եթէ անհատը ինք փափագի այդ մէկը կատարել:
«Այսօր բոլորը տարւած են այս արդիականութեամբ, որ խորքին մէջ արդիականութիւն չէ, այլ անկում՝ յատկապէս մարդ արարածին եւ մարդկային սկզբունքներուն եւ արժէքներուն առումով: Համաշխարհային նոր կարգը այսօր կը շեշտէ, որ մարդ արարածը թիւ մըն է, իսկ անոր կեանքը իր բջջային հեռաձայնն է: Մարդկային յարաբերութիւնները այսօր իրենց վատագոյն մակարդակին հասած են: Ինքնավստահութիւն չունինք նշելու տօները՝ տօնական մթնոլորտ ապրելու եւ մեր յոյսը վերանորոգելու»,- շեշտեց ան:
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Գազայի պատերազմի շրջագիծի չընդարձակւելու ճիգերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Վաշինգտոն այդ մէկը կը փափագի ոչ թէ պաղեստինցիին տէր կանգնելու համար, այլ՝ իսրայէլացիին, վարչապետ Նեթանիահուի եւ ընտրութիւններուն ընթացքին անոր արձանագրելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմին պատճառով մսխւած գումարներուն: «Վաշինգտոնի համար հազարաւոր պաղեստինցիներու մահը անկարեւոր է, կարեւորը Նեթանիահուի եւ Բայդէնի արձանագրելիք յաղթանակներն են»,- ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տւաւ, որ համաշխարհային նոր կարգին մէջ Չինաստանն ու Ռուսաստանն եւս իրենց կշիռը կը պարտադրեն: Իսկ Միացեալ Նահանգներուն մասին շարունակելով իր կեցւածքները արտայայտել՝ պատգամաւոր Բագրատունի նշեց, որ արաբական երկիրներուն մեծագոյն սխալը այն էր, որ Իրաքի պատերազմին ընթացքին անոնք Վաշինգտոնին նեցուկ կանգնեցան:
«Այլ խօսքով՝ արաբական երկիրները առիթ տւին ամերիկացիներուն գալու եւ հաստատւելու իրենց երկիրներուն մէջ, ուրեմն պէտք չէ նաեւ զարմանալ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլերուն եւ իրականութեան մասին: Միակ երկիրները, որոնք տակաւին հաստատակամութեամբ կը մերժեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, Լիբանանն ու Սիրիան են, եւ այդ պատճառով ամէն տեսակի ճնշում կը բանեցւի այդ երկիրներուն վրայ»,- ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց նաեւ Հայաստանի վրայ բանեցւած ճնշումին եւ Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութիւններուն:
«Պէտք է ըսել նաեւ, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման համահունչ կեցւածքներու ընդմէջէն պարսկական իշխանութեան օրով հայութեան առաջարկւած կրօնափոխութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ ստրկացումի քաղաքականութիւնը նաեւ կը միտէին ձուլել հայերը եւ ջնջել անոնց ինքնութիւնը, սակայն հայ ժողովուրդը իր հայկական ինքնութիւնն ու կրօնը պահպանելու համար ենթարկւեցաւ ամէն տեսակ տառապանքի, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան, սակայն դիմադրեց: Հայութիւնը իր նախահայրերէն կտակւած աւանդները չի կրնար մոռնալ, այլ՝ պիտի պահէ զանոնք եւ փոխանցէ ապագայ սերունդներուն: Պայքարի այս ճամբուն վրայ պարտութիւններ պիտի կրէ, նահատակներ պիտի ունենայ, սակայն ի վերջոյ կեանքը փառքով պէտք է ապրիլ: Հետեւաբար կա՛մ աշխարհի երկիրներէն մէկուն մէջ տեղահանւած անինքնութիւն կապրինք, կա՛մ ալ կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը եւ այդպէս կապրինք»,- շեշտեց ան:
ՀՅԴ-ի եւ Դիմադրութեան միջեւ դաշինքին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնւած օրէն, 1890-էն ի վեր այս կուսակցութիւնը դիմադրութեան գաղափարաբանութեան կը հաւատայ՝ բռնագրաւումի եւ անիրաւութեան դէմ պայքարի կը հաւատայ, եւ ոչ թէ նորութիւն է իրեն համար դիմադրութեան գաղափարաբանութիւնը:
«Տեսէք Երուսաղէմի մէջ ի՛նչ կը պատահի. քանի մը տասնեակ իսրայէլացիներ կը յարձակին հայոց վրայ եւ կուզեն բռնագրաւել պատմական առումով հայկական եղող տարածքները, եւ ոչ ոք կանդրադառնայ յարձակումի այդ իրականութեան: Մինչդեռ, եթէ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, եթէ ինքնաշարժի արկած մը պատահի եւ հրեայ ըլլայ խնդրոյ առարկան, ուրեմն այդ դէպքը կը թարգմանւի իբրեւ հակասեմական յարձակում, որուն կանդրադառնան աշխարհի բոլոր հսկայ լրատւամիջոցները: Իսկ իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ քրիստոնէութեան քրէականացման օրինագիծը չի զարմացներ մեզի, որովհետեւ կը բացատրէ հրեաներուն գաղափարաբանութիւնը, որ հիմնւած է հրեաներէն բացի ամէն բան մերժելու սկզբունքին վրայ:
Երուսաղէմի հրէացումը վկա՛յ: Դժբախտաբար հրեայ բռնատիրական փոքրամասնութիւնն է, որ աշխարհին կիշխէ»,- ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ներքին լիբանանեան առումով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանը պիտի ուղղւի պետական ամավարկը վաւերացնելու՝ ընդգծելով, որ քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը խիստ մերժելի է եւ պէտք չէ վաւերացում ստանայ: «Թող կառավարութիւնը մտածէ ժողովուրդէն իւրացւած գումարները վերադարձնելու ձեւերուն մասին»,- ըսաւ ան:
Պատգամաւոր Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան՝ յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսի նշոյլ մը առկայ է:
Հարցազրոյցի աւարտին Յ. Բագրատունի իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին եւ հայկական Ս. Ծնունդին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց յոյսի պատգամ մը՝ շեշտելով, որ կեանքին մէջ միշտ ալ յուսախաբութիւններ կը պատահին, սակայն անձնատուր ըլլալը արգիլւած է:
Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ 2024-ը անցնող տարւընէ քիչ մը աւելի լաւ ըլլայ եւ հայրենիքը մուտք գործէ դէպի բնականոն հուն՝ առիթ տալով նոր յոյսեր ծաւալելու եւ ձգտումներ ունենալու:
Պատգամաւոր Բագրատունի իր մաղթանքները եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ երկրէն արտագաղթած լիբանանցի երիտասարդները վերադառնան ու բարգաւաճեցնեն Լիբանանը, ինչպէս նաեւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդները տիրանան իրենց իրաւունքներուն:
«Ազդակ»