Սփիւռք

Բերիոյ Թեմի առաջնորդը Արամ Ա Վեհափառի հետ քննարկել է Հալէպում ստեղծւած իրավիճակը

«ԱԼԻՔ» – Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արք. Աշգարեանը չորեքշաբթի, յունւարի 7-ի առաւօտեան այցելել է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին: Ինչպէս հաղորդում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնից՝ այցի ընթացքում Սրբազան Հայրը Վեհափառ Հայրապետի հետ քննարկել է Հալէպում ստեղծւած իրավիճակը:

«Մակար Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց թեմի գործունէութեան մասին, յատկապէս Հալէպի, Ճէզիրէի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծւեցաւ նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծւած ապահովական ընդհանուր վիճակը։

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ համայնքային պատասխանատուներուն, որոնք մօտէն կը հետեւին մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու բարօրութեան։

Նորին Սրբութիւնը Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը»,- նշւած է հաղորդագրութեան մէջ։

Related Articles

Back to top button