Հաղորդագրութիւն «Վանայ ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով

40 տարւան տեւողութեան «Վանայ ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը՝ շնորհիւ ձայնասփիւռի կայանին իրերայաջորդ պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին հետեւողական աշխատանքին եւ ծառայութեան անխախտ կամքին:
«Վանայ ձայն»-ը սոսկական ձայնասփիւռի կայան մը չէ, այլ ազգային դիմագիծ եւ տեսլական ունեցող կայան մը: Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն «Վանայ ձայն»-ը հանդէս եկաւ իբրեւ հայկական ազգային արժէքներու եւ ազգային սկզբունքներու ջատագովման միջոցներէն մէկը, որ կը մատուցէ զուտ հայկական երաժշտութիւն եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կը նպաստէ արեւմտահայերէնի ճիշտ եւ ճշգրիտ գործածութեան: Զանազան յայտագիրներու միջոցով «Վանայ ձայն»-ը միշտ փորձեց հարազատ հայ երգն ու մշակոյթը հասցնել ամէնուրեք՝ Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու տուն, գործատեղի եւ ինքնաշարժ: Աւելի՛ն, օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքները, ներկայիս «Վանայ ձայն»-ը կը հասնի նաեւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ գործող գրաւոր մամուլին եւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն կողքին, «Վանայ ձայն»-ը՝ իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանը, հանդէս կու գայ իբրեւ յանձնառու լրատուամիջոց: Քաղաքական լուրերու եւ յայտագիրներու հաղորդումներով ան ի սկզբանէ ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները, գաղափարական արժեհամակարգը եւ տեսլականը՝ յատուկ տեղ տալով նաեւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն լուսաբանման: Իբրեւ համահայկական գաղափարական արժեհամակարգ դաւանող լրատւամիջոց, «Վանայ ձայն»-ը նաեւ իւրայատուկ կամուրջ հանդիսացած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ՝ լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ ունկնդիրներուն մատուցելով հայրենի զուլալ երգն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենական նորութիւնները, միւս կողմէ սփիւռքահայ արժէքները ներկայացնելով հայրենի ունկնդիրներուն:
40 տարիները առիթ են արժեւորելու վաստակը բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց նւիրումով, աշխատանքով եւ վաստակով կերտեցին «Վանայ ձայն»-ի պատմութիւնը: Մեր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք կայանին հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, հաղորդավարներուն, լրագրողներուն, ձայնի հաղորդավարներուն, բոլոր աշխատակիցներուն եւ անոնց, որոնք իրենց կամաւոր նպաստը բերին այս երթին՝ յաճախ հեռու մնալով հանրային ուշադրութենէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կուղղէ «Վանայ ձայն»-ի ամբողջ ընտանիքին՝ ձայնասփիւռի այս կայանի հիմնադրութեան 40-ամեայ բեղուն յոբելեանին առիթով՝ մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ եւ անխափան երթ:
Թող որ այս լրատուամիջոցը հաստատ մնայ ի սկզբանէ իր որդեգրած գաղափարական ուղիի պատնէշներուն վրայ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ



