Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրական հաւաքածոներու վերականգնման աշխատանքներու մեկնարկում

Հինգշաբթի, հոկտեմբերի 15-ի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանի պատւիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին: Պատւիրակութեան մաս կը կազմէին մատենադարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ վերականգնման բաժնի աւագ վերականգնողներ՝ Սուսաննա Բաղդասարեան եւ Չինար Մկրտչեան: Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էր Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Տ. Շահան արք. Սարգսեան:
Նորին Սրբութիւնը, ողջունելով Մաշտոցեան մատենադարանի պատւիրակութիւնը, իր գոհունակութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնեց մատենադարանին կողմէ իրականացւող աշխատանքներուն ու բարեփոխումներուն գծով: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ բարձր գնահատեց մատենադարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ ի նշան գնահատանքի, պատւիրակութեան նւիրեց հայկական ձեռագրական եզակի օրինակներէն՝ «Բարձրաբերդի» աւետարանի նմանահանութիւնը։
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը, իր կարգին, Արամ Ա Կաթողիկոսին փոխանցեց մատենադարանին մէջ վերականգնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւաքածոներէն ձեռագիր հմայիլ մը: Նշենք, որ ամիսներ առաջ Կաթողիկոսութեանս վերադարձւեցաւ մատենադարանին կողմէ վերականգնած «Սասանցի» աւետարանը (10-11 դար) եւ արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետի բարձր գնահատութեան։






