Սփիւռք

Բոլորս պէտք է միասնաբար գործենք Լիբանանի բարգաւաճման ու քաղաքացիին բարօրութեան ի խնդիր

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յետպատերազմեան շրջանի զարգացումներուն եւ յունւարին կայանալիք նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան:

9 յունւարի 2025-ի խորհրդարանական նիստին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեբիհ Բերրի այդ հրաւէրը յայտարարեց, նաեւ հաստատեց, որ նիստին պիտի հրաւիրէ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանները, «սակայն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփի միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաադ Պուլոսի յայտարարութիւնը, թէ լիբանանցիները աւելի քան երկու տարի սպասելէ ետք քանի մը ամիս եւս կրնան սպասել, թիւրիմացութիւն մը ստեղծեց: Բայց եւ այնպէս նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարւի, եւ Բերրի յորդորած է քաղաքական ուժերը համաձայնելու անձնաւորութեան մը շուրջ»,- յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր նախաձեռնութիւններ առաջադրած են՝ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու եւ համախոհական թեկնածուի մը յանգելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին օրինաթիւ չգոյացնելու պատասխանատւութիւնը քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ ստանձնել, «սակայն յոռեգոյն պարագային նիստին յետաձգումը կրնայ հաւանական ըլլալ, թէեւ համոզւած ենք, որ նիստը յետաձգելը բաւական դժւար է ու բարդ», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի կեցւածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Բագրատունի վերահաստատեց, որ Կենտրոնական կոմիտէն համաձայն է նախագահական համախոհական թեկնածուի մը ընտրութեան եւ անյարմար կը գտնէ, որ Լիբանանի նախագահը ընտրւի խորհրդարանին կէս առաւել մէկին քւէներով, «որովհետեւ նորընտիր նախագահը պիտի ունենայ հանրապետութեան իշխանութիւնը ստանձնելու վեցամեայ նստաշրջան մը, որ լեցուն պիտի ըլլայ դժւարութիւններով: Նախագահը պիտի ստանձնէ իր պատասխանատւութիւնները եւ պիտի ըլլայ ատակ՝ երկրին դիմագրաւած լուրջ հարցերը լուծելու, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր երկիրը իր վատագոյն եւ ամենէն վտանգաւոր վիճակին մէջ կը գտնւի», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելու համար համախոհական նախագահը պէտք է ընտրւի նւազագոյնը խորհրդարանին երկու երրորդին քւէներով եւ ամբողջ պաշտօնավարութեան ընթացքին վայելէ այդ համախոհութիւնը, որպէսզի կարենայ երկիրը ապաքինման հունին մէջ դնել:

Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուցիչը դարձեալ ընդգծեց, որ Կենտրոնական կոմիտէն բացայայտ կերպով չանւաներ, թէ ո՛ր թեկնածուին ի նպաստ պիտի քւէարկէ, «այդ մէկը կը կատարւի խորհրդարանին մէջ, ընտրութեան ընթացքին, եւ ընտրութենէն ետք յստակ կը դառնայ, թէ ո՛վ ստացած է անոր քւէն», աւելցուց ան:

Նախագահական ընտրութենէն ետք, վարչապետի եւ թափուր մնացած 30 պետական պաշտօններու նշանակումին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համար գոյանալիք համախոհութիւնը պիտի ըլլայ ընդարձակ եւ ներառէ նաեւ նշանակումներն ու երկիրը յուզող հիմնական այլ հարցեր: «Ատոր պիտի յաջորդեն լիբանանեան պետութիւնը կերտելու եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները համակարգելու քայլերը», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով կազմւած միջազգային հնգեակին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ գաղտնիք չէ, որ հնգեակին մէջ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ՝ աւելցնելով, որ հնգեակի դեսպանները մնայուն կերպով կը շեշտեն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը եւ ոչ մէկ անգամ յստակ թեկնածու առաջադրած են:

«Նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարւի նախ՝ միջլիբանանեան համախոհութեամբ, եւ ապա՝ միջազգային զօրակցութեամբ», աւելցուց Յ. Բագրատունի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ունի դաշնակիցի բնականոն յարաբերութիւններ: «Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն հրաժարած երեսփոխաններուն հետ կայ անձնական բարեկամութիւն, որ կը շարունակւի», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ նաեւ, որ Լիբանանեան ուժերու եւ կուսակցութիւներու հետ եւս ՀՅԴ-ն ունի յարաբերութիւններ:

Մեհրապի մէջ կայացած ընդդիմութեան հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Կենտրոնական կոմիտէն չէր հրաւիրւած այդ հանդիպումին, հետեւաբար կարելի չէ կարծիք յայտնել: «Բայց եւ այնպէս լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հանդիպումները քաջալերելի են, եւ ի վերջոյ այս երկրին հարցերը երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ խորհրդակցութեամբ պիտի լուծւին: Մենք հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, երանի մեր փորձառութենէն մեկնելով շարժին երկրին քաղաքական ուժերը եւ վերջ տան փայտեայ բառամթերքին, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն ու ցեխարձակումներուն: Բոլորս պէտք է միասնաբար գործենք Լիբանանի բարգաւաճման ու քաղաքացիին բարօրութեան ի խնդիր», հաստատեց ան:

Մուսթաքպալ հոսանքի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Բէյրութ վերադարձի կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան եւ ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը, որովհետեւ Լիբանանէն անոր հեռանալը երկրին վրայ վատ ազդեցութիւն ձգեց: «Հարիրի իր գործունէութեամբ փաստեց Լիբանանին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, եւ երբ նշմարեց, որ իր գործունէութեան շարունակութիւնը երկրին մէջ յաւելեալ բեկում կը յառաջացնէ՝ հեռացաւ երկրէն, սակայն անոր վերադարձը բաղձալի է», յայտնեց ան:

««Հեզբօլլահ»-ի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի կողմէ երկխօսութեան ընդառաջումը արդեօք նո՞ր ոճ է» հարցումին պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Երբեք նոր ոճ չէ. «Հեզբօլլահ»-ն միշտ բաց եղած է երկխօսութեան: Սէյէդ Հասան Նասրօլլահ անձամբ կը մասնակցէր 2006-ի ազգային երկխօսութեան նիստերուն, որոնք կը գումարւէին խորհրդարանին մէջ, նախքան յուլիսեան պատերազմը: Ան բաց սրտով կը խորհրդակցէր բոլորին հետ»:

Հայկական երեսփոխանական բլոկի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ ի վերջոյ «Հեզբօլլահ»-ն պիտի վերածւի քաղաքական կուսակցութեան՝ պահելով իր զօրութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը:

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարւած զինադադարին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք մտահոգ է, որովհետեւ զինադադարը խախուտ կը թւի՝ նկատի ունենալով իսրայէլեան ուժերուն արձանագրած խախտումները: «Մէկ շաբթւան մէջ Իսրայէլ 180 խախտում արձանագրած է, հետեւաբար զինադադարին ճակատագիրը մտահոգիչ կը թւի», ըսաւ ան:

Սիրիոյ դէմ զինեալ խմբաւորումներուն յարձակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոր ժամկէտը ուղղակիօրէն առնչւած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարւած զինադադարին՝ աւելցնելով, որ այդ խմբաւորումները կը վայելեն Թուրքիոյ զօրակցութիւնը, բացի սիրիական ժողովրդավարական ուժերէն (Քաստ): «Թուրքիան ուղղակիօրէն յարձակում կը մղէ Սիրիոյ դէմ, այլապէս Թուրքիոյ դրօշը ինչո՞ւ պէտք է Հալէպի բերդին վրայ ծածանի, եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այդ զինեալները թրքերէն կը խօսին: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Թուրկութ Օզալի եւ Թանսու Չիլերի արտայայտութիւնները, թէ Հալէպը Թուրքիոյ անբաժանելի մէկ մասնիկն է: Պէտք է նկատի ունենալ Միջին Արեւելքի քարտէզը փոփոխութեան ենթարկելու ճիգերը, իսկ արաբական երկիրները պէտք է մտածեն, որ Սիրիոյ բաժանումը ի՞նչ կը նշանակէ. միայն Սիրիայո՞վ սահմանափակւած պիտի ըլլայ, թէ՞ պիտի հասնի մինչեւ Իրաք եւ արաբական այլ երկիրներ», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ այս բոլորէն օգտւող հիմնական կողմը Իսրայէլն է:

Հալէպը քրիստոնեաներէն եւ հայութենէն պարպելու ծրագիրի մը գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ քրիստոնեաները ամբողջ Արեւելքէն պարպելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի: «Քրիստոնեաները Լիբանանէն պարպելու ծրագիր գոյութիւն չունի՞», հարց տւաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հալէպի հայութեան հետ կապը մնայուն է, եւ ցարդ կեանքը բնականոն կերպով կընթանայ:

Լիբանանի մէջ քաղաքական ահաբեկումներու վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ մէկը հաւանական է, սակայն պէտք չէ այս կամ այն անձնաւորութեան սպանութեան լուրը հրճւանք պատճառէ միւսին: «Պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պահել Լիբանանը եւ վերադառնալ օրէնքին ու կանոնին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button