Համախմբումի Անհրաժեշտութիւնը
5 ապրիլին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուշագրաւ եռակողմ հանդիպում մը: Հանդիպումին կը մասնակցին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Պլինքըն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եռակողմ այս հանդիպման օրակարգը չէ հրապարակուած, այս պատճառով ալ բազմապիսի մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Բաւականանանք այսքանով եւ սպասենք հանդիպման աւարտին հրապարակուելիք տեղեկատուութեան: Այդ տեղեկատուութիւնը կրնայ խօսակցութեան ճշմարիտ պարունակութիւնը չներկայացնել. այդպէս է սովորութիւնը քաղաքական նման կարեւոր հանդիպումներու պարագային, ինչ որ ըլլայ հաղորդուածը, իրազեկ քաղաքացիները պիտի փորձեն քակել կծիկը եւ նախատեսութիւններ կատարել մօտաւոր ապագայի հայաստանեան քաղաքական արեւելումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին: Յուսանք, որ անախորժ որեւէ անակնկալ չի հետեւիր եռակողմ հանդիպումին:
Ռուսական Դաշնութիւնն ու Իրանը շրջափակելու ու շրջակայ երկիրներէն անոնց ազդեցութիւնը չէզոքացնելու կոչուած ճիգերը կը շարունակուին աշխուժօրէն: Երկու չար սատանայ հռչակուած երկիրներու շրջակայ պետութիւններուն սեփական շահերը, ապահովութիւնը, տնտեսական բարգաւաճումը եւ ընկերային բարօրութիւնը պայքարող կողմերուն համար ունին միայն լոզունգային նշանակութիւն. ամէն երկիր ու ամէն քաղաքական խմբաւորում կը հետապնդէ իր սեփական շահերը, ինչ որ բնական է: Այդպէս եղած է տիեզերքի ողջ պատմութեան ընթացքին: Փոքրերուն կը մնայ խցկուիլ տեղ մը, հակադարձ շահերու արանքին, սեփական շահի առաւելագոյն ապահովումով:
Շահերու բախումի երկու թէժ օճախներ գոյութիւն ունին ներկայիս. Ուքրանիա եւ Կազա: Երկուքի պարագային ճիգեր կը թափուին բախումներուն աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու ուղղութեամբ: Ուքրանիոյ պարագային, Արեւմուտքը կը պնդէ, որ Ռուսիա պիտի չգոհանայ յաղթանակով եւ պիտի յարձակի եւրոպական տարբեր երկիրներու վրայ: Եւրոպան վտանգուած յայտարարելով, կարծէք, Ռուսական Դաշնութիւնը կը հրաւիրեն աւելի լայնածաւալ գործողութիւններ կատարելու:
Կազայի պարագային, յայտարարութիւններու եւ զգուշացումներու կարիք չկայ: Մեկնելով այն սկզբունքէն, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան, վերջինին կողմէ ամէն արարք կ՛արդարացուի: Իսրայէլ կրնայ` քանդել, աւերել, սպաննել, գաղթեցնել, հողազրկել եւ սովամահ դարձնել պաղեստինեան բնակչութիւնը: Իր արարքները դատապարտողները կրնայ հալածել իր սահմաններէն հեռաւոր վայրերու մէջ: Կրնայ արհամարհել միջազգային օրէնքներն ու որոշումները. բոլորը կ՛իյնան ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ:
Ապրիլեան առաջին օրերուն հրապարակուեցան երեք տարբեր արարքներ` գործուած Իսրայէլի կողմէ: Կազայի մէջ հիւանդանոցի մը երկշաբաթեայ գրաւման աւարտը երեւան հանեց մեծ քանդումներ եւ հարիւրաւոր զոհեր: Յարձակում` Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին վրայ, սպաննելով այնտեղ գտնուող եօթը պաշտօնատարներ, որոնցմէ երկուքը` զինուորական հրամանատարներ: Վերջապէս, յարձակում Կազայի մէջ սննդաբաշխումով զբաղող արեւմտեան (ամերիկեան) ոչ կառավարական ընկերութեան մը ինքնաշարժին դէմ` սպաննելով տասնմէկ հոգի, գրեթէ բոլորն ալ` օտարականներ: Նման պատերազմական ոճիրներու կրկնութեամբ, Իսրայէլ կը յուսայ համապատասխան յարձակումի ենթարկուիլ, որպէսզի կարենայ Կազայի մէջ իր կատարածին ծիրը ընդարձակել, յատկապէս` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ստեղծուեցաւ միջպետական տագնապներու խաղաղ լուծման հարթակ մը դառնալու համար: Իր քաղաքական մարմինը` Ապահովութեան խորհուրդը, իրաւունք ունի նոյնիսկ միջոցառումներու դիմելու` լուծելու համար յամեցող տագնապները: Սակայն նման գործունէութիւն ծաւալելու համար Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները (ԱՄՆ, Ռուսիա, Չինաստան, Անգլիա եւ Ֆրանսա) պէտք է կողմ քուէարկեն ներկայացուած որոշման նախագիծին: Մնայուն անդամներէն որեւէ մէկուն դէմ քուէարկութիւնը համազօր է վեթոյի, նոյնիսկ եթէ խորհուրդի մնացեալ տասնչորս անդամները կողմ եղած ըլլան: Այս իրաւունքը անկարողութեան կը մատնէ Ապահովութեան խորհուրդը` զայն դարձնելով լոկ դիրքորոշումներու արտայայտման հարթակի մը:
Վերադառնանք Հայաստան: Այս խառնակ, վտանգալից միջազգային յարաբերութիւններու միջավայրին մէջ պէտք էր տիրապետէր զգուշաւոր խոհականութիւնը: Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի համախմբուելու Հայաստանի ու հայութեան կենսական շահերուն շուրջ, այդ շահերու սահմանման համար համահայկական խորհրդակցութեան, ազգային համընդհանուր միասնականութեան: Թող չըսուի, որ պետութիւն ունինք, որուն օրուան իշխանութիւնը կը հոգայ բոլոր կարիքները: Հարցը չի վերաբերիր ընթացիկ կառավարման. ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի առանձին տնօրինելու ազգի ճակատագիրը: Իշխանութիւնը, կրկնենք անգամ մը եւս, ինք պէտք է նախաձեռնէ համերաշխութեան ու բոլոր ուժերու համախմբման գործը: Եթէ չի կրնար, ջահը փոխանցէ կրցողին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»