ԳաղափարականՍփիւռք

Պատմաբան Երւանդ Փամպուքեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորներու շնորհանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէին, 8 յուլիսի 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երւանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» զոյգ հատորներու շնորհանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Ջորջ Գրիգորեան: Ան դիտել տւաւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ գործի եւ զոհաբերութեան կուսակցութիւն, սակայն այդ գործը ունեցած է իւրայատուկ ոճ եւ ինքնուրոյնութիւն, որուն մասին կը վկայեն նոյնինքն մեր հակառակորդներն ու հայութեան թշնամիները՝ հաստատելով, որ դաշնակցականը ունի՛ հարցերն ու կարելիութիւնները դիտելու դաշնակցականի անկիւն, անոնց նկատմամբ դիրքորոշւելու դաշնակցականի մօտեցում եւ տրւած որոշումը ամէն զոհողութեան գնով գործադրելու դաշնակցական վճռակամութիւն: Գրիգորեան ըսաւ, որ դաշնակցականներու այս հասարակաց յայտարարները կարելի չէ վերագրել միայն նոյն գաղափարին անմնացորդ նւիրումով ծառայելու երդումին, շեշտելով, որ կարեւոր դեր ունի մեր երէցներուն հետ գործելը, զանոնք դիտելն ու անոնց պատգամներուն անսալը: Ան նշեց, որ հիմնականին մէջ այդ աւանդը կու գայ ժառանգէն 134 տարիներ շարունակ Դաշնակցութեան դրօշին տակ մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայած բիւրաւոր դաշնակցականներու, ֆեդայիներու, պատասխանատուներու, որոնց խօսքն ու գործը, մտածումն ու ապրումը, վարքն ու աշխատանքը դաշնակցական նկարագիրը քանդակող եւ թրծող գործիքներ են, իսկ այդ բոլորը մեր առօրեային անբաժանելի մասնիկը, մեր հոգեմտաւոր կազմաւորումին վճռորոշ ազդակը դարձնողը եղած է դաշնակցական գրականութիւնը:

Ջ. Գրիգորեան ըսաւ, որ այդ շնորհանդէսին երկու հատորները դաշնակցական գրադարանին մէջ մեր գաղափարական դարբնոցը հանդիսանալու կողքին, մեր հոգեմտաւոր կազմաւորումին, ազգային ամենէն փոքր առօրեայ հարցէն՝ ամէնէն լուրջ գործունէութիւնը, 134 տարւան բիւրաւոր նւիրեալներու շառաւիղի արժանավայել ոճով մօտենալու երաշխիքն են:

Այնուհետեւ հատորները ներկայացուց Տիգրան Ճինպաշեան, որ նախ ըսաւ, թէ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ը եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» հատորը «Վէմ» մատենաշարի հրատարակութիւններ են, որոնք թէեւ լոյս տեսան Երեւանի մէջ, սակայն ամբողջովին Լիբանանի մէջ պատրաստւեցան: Ան հաստատեց, որ խմբագիրը՝ Երւանդ Փամպուքեան, հսկայական աշխատանք տարած է, հակառակ այն իրողութեան որ պատրաստ տւեալներ խմբագրած եւ մէկտեղած է, սակայն այդ մէկը կենթադրէ կարդալ, նաեւ ձեռագիրներուն ծանօթ ըլլալ, նաեւ յիշեց, որ հատորներու գրաշարական աշխատանքը եւ ձեւաւորումը մեծ բծախնդրութեամբ կատարւած է Թամար Սնապեան-Սուրճեանի կողմէ: Ճինպաշեան բացատրեց, որ «Վէմ» համահայկական հանդէսը 1930-ական թւականներուն Փարիզի մէջ հրատարակւած ՀՅԴ-ի տեսաբանական հանդէսն էր, որ խմբագրւած է Սիմոն Վրացեանի կողմէ եւ հրատարակւած՝ 5-6 տարի: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ «Վէմ»-ի վերահրատարակութիւնը սկսաւ եւ շուրջ 15 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ եռամսեայ դրութեամբ, տարեկան չորս հրատարակութիւններով եւ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը նկատւի լուրջ մամուլի եւ գրականութեան ամենէն աւելի փնտռւած, լուրջ եւ ծանրակշիռ հանդէսը:

Անդրադառնալով «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ին՝ ան բացատրեց ծածկագրութեան իմաստը, որ եթէ յեղափոխական գործ կը կատարւի, բնականաբար յարաբերութիւնները պէտք է գաղտնի ըլլան, եւ գրւելիք նամակներն ու տրւելիք պատգամները պէտք է այնպիսի ձեւով գրւած ըլլան, որ եթէ թշնամիին ձեռքը անցնին, անոնք չկարողանան հասկնալ բովանդակութիւնը: Ան դիտել տւաւ, որ առաջին ծածկագրութիւնը կու գայ այս նամակագրութենէն, եւ հատորի վերջաւորութեան այս մասին բաւական ընդարձակ տեղեկութիւններ կան: Ճինպաշեան անդրադարձաւ ծածկագրութեան տարբեր ձեւերուն եւ նշեց, որ միշտ թելադրանք կը տրւէր նամակը փչացնել անոր կարդացւելէն եւ բովանդակութեան ծանօթանալէն ետք, հարց տալով, թէ մենք ինչպէ՛ս տակաւին ունինք զանոնք: Ճինպաշեան նշեց, որ նամակը ծածկագրւելէ առաջ գրողը յատուկ տոմարի մը մէջ կը գրէր այդ նամակը եւ այլ անձ մը զայն ծածկագրումով կը փոխադրէր այլ թուղթի վրայ: Այդ օրինակը պահպանւած է, եւ այդպէս է, որ ՀՅԴ Բոստոնի «Հայրենիք»-ի շէնքին մէջ գտնւող դիւանը հսկայական հարստութիւն ունի: Ան ըսաւ, որ յեղափոխական գործիչները ունեցած են իրենց ծածկանունները, ոմանք՝ մէկէ աւելի, ծածկանուններ ունեցած են նաեւ զանազան վայրեր, նահանգներ, քաղաքներ, գիւղեր եւ տւաւ կարգ մը օրինակներ վերոյիշեալներու մասին: Ապա ան ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը:

Անդրադառնալով «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները» գիրքին՝ Ճինպաշեան հաստատեց, որ Անդրանիկը անժխտելի կերպով բոլորին կողմէ ընդունւած, համահայկական հասկացողութեամբ հերոս է: Ան ներկայացուց Անդրանիկի կենսագրական ամփոփ տւեալները եւ ըսաւ, որ Անդրանիկ նամակներ գրած է, սակայն անուս ըլլալուն պատճառով կը գրէր տարօրինակ ձեւով՝ առանց նախադասութիւններ կազմելու, կէտադրութիւն կամ գլխագիր գործածելու, աւելցնելով, որ երբ կարեւոր տեղեկագրութիւն մը պիտի ընէր, կը վստահէր զանազան մարդոց, ինչպէս՝ Ռուբէն Զարդարեանին, որուն կը թելադրէր գրել իր նամակները Բուլղարիա գտնւած միջոցին: Ճինպաշեան դիտել տւաւ, որ տեղ հասած այս նամակները՝ թիւով 127, կը գտնւին ՀՅԴ-ի Բոստոնի արխիւներու մէջ, աւելցնելով, որ առաջին մասը կարճ է եւ կը բաղկանայ 16 նամակներէ՝ 1901 թւականէն սկսեալ, եւ տեղեկութիւններ տւաւ անոնց բովանդակութեան մասին: Անդրադառնալով Անդրանիկի բնաւորութեան՝ Ճինպաշեան հաստատեց, որ ան բարկացկոտ անձ մը եղած է եւ թուրքին դէմ պայքարի մէջ առաջատար էր, անոր բնաւորութեան մէջ միշտ շեշտւած եղած է դժգոհելու, բողոքելու, բարկանալու, ընդվզելու տրամադրութիւնը, ինչ որ ի յայտ կու գայ նաեւ իր նամակներուն մէջ:

Ճինպաշեան նկատել տւաւ, որ բացի նամակներէն՝ գիրքին կցւած է նաեւ Անդրանիկի կողմէ պատրաստւած «Մարտական հրահանգներ» անունով պզտիկ գրքոյկ մը, որ 1906-ին հրատարակւած է Ժնեւի մէջ: Ան ըսաւ, որ սկզբնական շրջանին գիրքէն որոշ մասեր հրատարակւած են «Դրօշակ»-ի մէջ, սակայն երբ լոյս տեսած է գիրքը, վերջ գտած է թերթօնային հրատարակութիւնը: Ան տեղեկութիւններ տւաւ նաեւ այդ գիրքի բովանդակութեան մասին: Եզրափակելով իր խօսքը՝ Ճինպաշեան հաստատեց, որ Անդրանիկի նամակները կը փաստեն, որ Անդրանիկը եղած է ՀՅԴ-ի զինւորը մինչեւ իր հրաժարիլը Դաշնակցութենէն, որովհետեւ ինչ որ կատարած է, այդ բոլորին մասին օրը օրին ոչ միայն խորհրդակցած է, այլ նաեւ զեկուցում եւ տեղեկութիւն տւած է ու աշխատանք կատարած է կուսակցական հրահանգի ենթարկւելով: «Անդրանիկ միշտ եղած է իր ժողովուրդին ցաւերով տառապող, իր ժողովուրդին համար աշխատանք տանելու պատրաստակամութիւն ունեցող հայ ֆիդայի»,- եզրափակեց Տիգրան Ճինպաշեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր սրտի խօսքին մէջ բացատրեց, որ մենք ունինք երեք հիմնական հրատարակութիւններ. «Դրօշակ»-ը՝ իբրեւ ՀՅԴ կենտրոնական օրգան, «Վէմ»-ը՝ իբրեւ կուսակցութեան վերլուծական, գիտահետազօտական հանդէս եւ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ անգլերէն լեզւով հրատարակւող «Արմինիըն Ռիվիու»-ն, որ «Վէմ»-ի մէկ տարբերակն է, բայց աւելի տարբեր ուղղութիւններով, ընկերատնտեսական հարցերով եւ առհասարակ օրգանի մը սահմաններէն դուրս ելած ազատ խօսքի իրաւունքով սահմանւած հրատարակութիւն է: Հետեւաբար «Արմինիըն Ռիվիու»-ն, «Վէմ»-ը եւ «Դրօշակ»-ը այն երրորդութիւնն է, որուն ճամբով Դաշնակցութիւնը կենտրոնական մակարդակով կը տարածէ իր խօսքը, իսկ ասոր կողքին, Դաշնակցութեան շրջանային մարմինները, կենտրոնական կոմիտէները եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իւրաքանչիւրը ունի իր օրգանը: Ան ըսաւ, որ Բիւրոյի որոշումով «Վէմ»-ն ու «Դրօշակ»-ը ունին իրարմէ տարբեր մատենաշարեր: «Դրօշակ»-ի պարագային ընտրւած նիւթերը աւելի քաղաքական, անմիջական հարցերու ուսումնասիրական շարք են, որոշ պատմագիտական հանդէսներու առաքելութիւն ունեցող աշխատանքներ եւ հրատարակութիւններ, իսկ «Վէմ»-ի մատենաշարին՝ շատ աւելի լուրջ, պատմական խորութեամբ եւ հմտութեամբ կատարւող աշխատանքի խտացումը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անունով Տէր Խաչատուրեան իր խորին սէրն ու յարգանքը յայտնեց Երւանդ Փամպուքեանին՝ դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ի մօտ ընդունւած սովորութիւն չէ անձեր գնահատելը, սակայն ինք պիտի ընէ, որովհետեւ եզակի երեւոյթ է այս դարուն, այս իրավիճակի մէջ բախտաւորութիւնը ունենալ եւ Երւանդ Փամպուքեանի նման կուսակցական երկարամեայ ղեկավար եւ հմուտ պատմաբանի ժրաջան աշխատանքի արդիւնքի վկան հանդիսանալու:

Ան շեշտեց, որ կատարւած աշխատանքը մէկ հոգիի կարողութենէն շատ աւելի մեծ աշխատասիրութիւն կենթադրէ, բայց Երւանդ Փամպուքեան կրցաւ անոր հիմը դնել եւ առաջին գիրքը ընծայել մեզի: Անդրադառնալով «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան»-ին՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ հսկայական պրպտումներու գիտահետազօտական աշխատանքի արդիւնք է այդ բառարանը, որովհետեւ անոր մեծ մասը Ե. Փամպուքեանին միտքին մէջ է, մեծ մասը իր ուսումնասիրութիւններու ընթացքին՝ արխիւներ թէ պատմական գործեր, անոնց մէջէն քաղած իր տեղեկութիւններու արգասիքն է:

Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ բաւական դժւար աշխատանք է կատարւածը եւ օգտակար պիտի հանդիսանայ ապագայ սերունդներուն կամ նոր պատմաբաններուն, որպէսզի երբ կարդան մեր արխիւները, կարենան շատ աւելի դիւրին ձեւով հասկնալ, թէ այդ նամակները, փաստաթուղթերը կամ արխիւները ինչի մասին կը խօսին: Ան ըսաւ, որ երբեմն մեր յեղափոխական ղեկավարները գործածած են քանի մը ծածկանուններ եւ, աւելի՛ն, անոնցմէ ոմանք գրական դէմքեր են, ունին յատուկ ձիրք, հմտութիւն՝ ղեկավարութեան եւ մարտական գործի կողքին, նաեւ գրական ասպարէզի մէջ աշխատելով՝ այլ ծածկանուն գործածած են, աւելցնելով, որ այս շփոթները փարատելու առումով, ապագայ պատմաբաններուն եւ հայ ժողովուրդին համար տրւած իսկական մեծ արժէք է այս գիրքը: Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, թէ բառարանի իւրայատկութիւնը նաեւ կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ հոն նշւածները պարզապէս բառարանային հասկացողութիւններ չեն, այլ բծախնդրութեամբ, ազդանիշով երբեմն բացատրւած է պարունակը, որպէսզի ընթերցողը նաեւ հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս այդ անունները յառաջ եկած են: Ան ըսաւ, որ ծածկանուններու այդ պարունակի հասկացողութիւնը բացատրելու հմտութիւնը շատ աւելի շեշտւած կերպով կերեւի նաեւ երկրորդ գիրքին մէջ, որ Անդրանիկի անտիպ նամակներու նւիրւած հատորն է: Հոն եւս ազդանիշներով եւ մանրամասն տեղեկութիւններով ընթերցողին կը հրամցւի ամբողջ պատմական պարունակը, որպէսզի այդ նամակները պարզապէս նամակագրութեան տեսք չստանան, եւ այնտեղէն է, որ մեր աչքին առջեւ իսկապէս ի յայտ կու գայ Անդրանիկը, կերեւի իր բոլոր բարդութիւններով, եւ Փամպուքեան անկեղծ մտաւորականի պարկեշտութեամբ արտայայտւած է այդ մասին՝ ներառելով նոյնիսկ քննադատական բաժինները: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Անդրանիկի գիրքի վերաբերեալ թւեց կարգ մը կէտեր.

Ա) Այնտեղ մերկացւած է ամբողջական իրողութիւնը Անդրանիկի պէս համեստ ուսում ստացած անձի մը, երբեմն թերի հայերէնով, քիչ մըն ալ թրքերէն բառերու խառնուրդով նամակներու հրապարակումը, բայց որուն մէջէն կարտացոլայ պարզ այդ մարդուն իմաստութիւնը, աւելցնելով, որ Անդրանիկը նաեւ ունէր մեծ բարդոյթներ, որոնք կարտացոլան այդ նամակներուն մէջ: Իր ղեկավարի հմտութիւնը, կեցւածքը, մեծամտութիւնը բացարձակ կասկածի տակ չէ:

Բ) Որպէս դաշնակցական զինւոր եւ ղեկավար՝ ինքզինք երբեք մտաւորական չէ հռչակած, սակայն իր այդ բարդոյթներով հանդերձ, շահած էր մեր ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը:

Գ) Իր Հայ Դատի պաշտպան ըլլալու հանգամանքն է, որ բաւական լուրջ հարցեր ստեղծած է: Արեւելահայ եւ արեւմտահայ բախումներու մէջ յստակ դիրքորոշում ունեցած է, եւ երբ զգացած է, որ իր ունեցած մօտեցումները եւ պաշտօնական ընդհանուր ժողովներու ղեկավարութեան որոշումները անպայմանօրէն չեն համընկնիր, աւելի հանգիստ զգացած է, որ դուրս գայ եւ մնայ իր վճռական, արմատական զինւորականի կերպարին վրայ, ամբողջական հակաթուրք երեւոյթով:

Դ) Անդրանիկը, հակառակ իր այս բոլոր վերիվայրումներուն, մեզի համար կը մնայ ամենէն մեծ ազգային հերոսներէն մէկը, այն քիչերէն, որոնք հայ ժողովուրդի բոլոր հատւածներու համար աշխատած են: Հակառակ իր արեւմտահայ ուղղւածութեան՝ արեւելահայաստանի մէջ Անդրանիկը կը նկատւի ամենէն մեծ հերոսներէն մէկը, անոր համար Հայաստանի կառավարութեան առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը ժամանակին իր աճիւնները Փարիզէն տեղափոխելն էր դէպի Հայաստան, եւ ունի հիմա իր պատւոյ տեղը Եռաբլուրի մէջ:

Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Անդրանիկը իւրայատուկ երեւոյթ է, բայց նաեւ պարզ մարդ էր, ունէր մտահոգութիւններ ու պէտքեր, եւ պարզ մարդու այդ երեւոյթն ու նկարագիրը ի յայտ կու գան այդ նամակներուն ընդմէջէն, որոնք Փամպուքեանի ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ ամփոփւած են գիրքի մը մէջ եւ դարձած են մնայուն արժէք: Ուրիշներ կրնան ներկայացնել հերոս Անդրանիկը, բայց ամէնէն վաւերականը, ամենէն ճշգրիտը ինքնիր բերնով, ինքնիր խօսքով, իր գիրերով դրսեւորւած զգացումներն են, որոնք կերեւին այդ նամակներու ընդմէջէն: Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ հրատարակւած երկու գիրքերը իսկապէս մնայուն պատմական արժէքներ են: Եզրափակելով իր խօսքը՝ ան մեծապէս գնահատելի համարեց հսկայական այս աշխատանքը եւ վստահեցուց, որ Փամպուքեան պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, որովհետեւ իր ամբարած տեղեկութիւններով, իր ունեցած փորձառութեամբ միայն ու միայն ի՛նքն է, որ կրնայ այսպիսի հատորներու շարունակականութիւնը ապահովել յառաջիկայ երկար տարիներու ընթացքին:

Աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց հատորներու խմբագիր Երւանդ Փամպուքեան: Ան ըսաւ, որ իր կեանքի վերջին քսան տարիները նւիրած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւներու ուսումնասիրութեան եւ անկէ նիւթեր հաւաքելուն՝ հաստատելով, որ բացառիկ հարուստ են Դաշնակցութեան արխիւները եւ ազգային որեւէ կուսակցութիւն նման հաւաքածոյ չունի, սակայն բացառութիւն պէտք է նկատել Հայաստանի պետական Ազգային արխիւը, որ ընդհանուր է եւ կը պատկանի ազգային բոլոր հարցերուն եւ հոսանքներուն: Ան նկատել տւաւ, որ այդ կենտրոնին մէջ կաշխատին շուրջ 374 աշխատակիցներ, իսկ Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ՝ ոչ ոք, բացի կարգ մը կամաւոր աշխատողներէ: Պատմաբանը ըսաւ, որ մեր կուսակցութեան առաջին սերունդի գլխաւոր դէմքերը՝ սկսելով հիմնադիրներէն, մանաւանդ Ռոստոմէն, հոգ տարած են հաւաքելու կուսակցութեան արխիւները, վերջը կանոնաւոր կերպով այդ գործը շարունակելու յանձնառութիւն տրւած է բոլոր շրջաններուն՝ Կովկասի, Ռուսիոյ, մանաւանդ Արեւմտեան Հայաստանի, որ Երկիր կը կոչւէր: Ան հարց տւաւ, որ Երկրի մէջ գաղտնօրէն գործող մեր դաշնակցական կազմակերպութիւնները, ցարական Ռուսիոյ եւ օսմանեան Թուրքիոյ բռնատիրական կարգերուն տակ, ուր խիստ գրաքննութիւն կար ինչպէ՞ս կրցած են նման պայմաններու մէջ այդ արխիւները հասցնել Ժնեւ, Արեւմտեան Բիւրոյի եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան կենտրոն: Փամպուքեան դիտել տւաւ, որ այդ արխիւները կենտրոնացած եւ դասաւորւած են Ժնեւի մէջ երկար տարիներ, ապա Ա Համաշխարհային պատերազմէն ետք փոխադրւած են Փարիզ, ուր նոյն աշխատանքը շարունակւած է մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ, երբ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէն մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի այդ արխիւները ամբողջութեամբ փոխադրւին Միացեալ Նահանգներ: Այդ թւականէն սկսեալ, շուրջ 1949-էն մինչեւ այսօր կը մնան Միացեալ Նահանգներ եւ կը կուտակւին՝ ներառելով մինչեւ այսօրւան արխիւները: Փամպուքեան նկատել տւաւ, որ այդ արխիւներէն միայն առաջին 30-35 տարիներու նիւթն է, որ ցուցակագրւած եւ դասաւորւած է առանձին թղթածրարներու մէջ եւ մատչելի է ուսումնասիրողներու համար: «Կեանքիս չիրականացած երազներէն մէկը եղած է հատոր մը գրել՝ տալու համար պատմութիւնը մեր այս արխիւներու կազմութեան տարբեր վայրերէ մինչեւ անոնց կենտրոնացումը, սակայն ֆիզիկապէս ժամանակ չունիմ եւ այդ մէկը չեմ կրնար կատարել, բայց կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ յաջորդող սերունդին մէջ կը գտնւին երիտասարդներ, որոնք այդ գործը կիրականացնեն: Եթէ կուզենք կենդանի գործ տեսնել եւ կենդանի մնալ, պէտք է գործերը շարունակւին, եւ նոր սերունդներուն գլխաւոր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ըստ էութեան այդ գործը իւրայատուկ կերպով իրենց հասկցած եւ իմացած ձեւով շարունակել»,- եզրափակեց Երւանդ Փամպուքեան:

Աւարտին Փամպուքեան մակագրեց զոյգ հատորները:

Related Articles

Back to top button