ԳաղափարականՍփիւռք

ՀՅԴ 134-ամեակի ծիրին մէջ. նահատակւած եւ մահացած դաշնակցականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն

ՀՅԴ 134-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ  կիրակի, 2 փետրւարի 2025-ի կէսօրին Պուրջ Համուդի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակւած ու մահացած դաշնակցականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասի անդամներու: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքի Կենտրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու կազմերը, շարքային մեծաթիւ դաշնակցականներ, ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան, Լիբանանի Երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու անդամներ, ուղեկից միութիւններու` ՀՄԸՄ-ի, «Համազգային»-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններու անդամները:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հերթաբար ծաղկեպսակներ զետեղւեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ, ԶՈՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԼՊՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, «Համազգային»-ի եւ ԼՕԽ-ի անունով:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց մահերթը, ապա` Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի քայլերգները:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի անդամ Ջորջ Գրիգորեան, որ ըսաւ, թէ ամէն տարւան պէս, Դաշնակցութեան օրւան տօնակատարութենէն ետք, հոգեհանգստեան պաշտօն կը մատուցենք մեր նահատակւած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին: Անոնցմէ ոմանք առաջնագիծի եւ ճակատներու վրայ էին: Հոն, ուր հայուն հողը, կեանքը, պատիւը եւ ինչքը, թիրախաւորւած էին, իրենք վերածւեցան վահանի եւ այդ առաջնագիծին վրայ էին: Ուրիշներ դաւադիր, դաւաճան կամ եղբայրասպան գնդակի զոհ գացին: Կան ոմանք, որոնք գիտակից ու հաստատ քայլերով քալեցին դէպի ողջակիզում` հայ ազգին, Հայաստանի եւ Հայ Դատին համար:

Այստեղ կը ննջեն նաեւ բազմաթիւ ընկերներ, որոնք թէեւ նահատակութեան փառքի պսակին չարժանացան, բայց ամբողջ կեանք մը ապրեցան` նւիրւած Հ. Յ. Դաշնակցութեան իդէալներուն: Անապատներուն մէջ հայ որբեր հաւաքելէն մինչեւ մեր վարժարանները, եւ մեր մշակոյթի պահպանումը, մինչեւ աղքատախնամ աշխատանքը, մինչեւ Հայ Դատի աշխատանքը: Անոնք իրենց ամբողջ կեանքը այդ ճամբուն վրայ զոհաբերեցին:

Կը ննջեն նաեւ հայորդիներ, որոնք թէեւ երդւեալ դաշնակցականներ չեն, սակայն անոնք նոյն հաւատքով ու նոյն նւիրումով ծառայեցին հայութեան, իրենց ազգին, իրենց հայրենիքին, զոհաբերութեան նոյն ոգիով ապրեցան իրենց իւրաքանչիւր օրը: Անոնցմէ ոմանք ՀՅԴ-ի դրօշին տակ մեր ընկերներուն կողքին նոյնիսկ նահատակւեցան:

«Անոնք մինչեւ վերջին վայրկեան, մինչեւ իրենց, վերջին շունչը հաւատարիմ մնացած էին իրենց Դաշնակցականի երդումին»,- նշեց Ջորջ Գրիգորեան:

Արարողութիւնը փակւեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Related Articles

Back to top button