Գաղափարական

135-ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Հ. Յ. Դաշնակցութեան վիճակւած բախտորոշ դերը

Առանց բացառութեան՝ մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցած են ամէն չափի եւ տեսակի բախտորոշ էատարրեր ու պատահարներ, որոնց յատուկ դեր վիճակւած է ենթակային կեանքին ընթացքը ճշդորոշելու եւ անոր անսայթաք ուղղութիւն տալու: Կարեւոր չէ, թէ խնդրոյ առարկայ անձը գրող-մտաւորական եղեր է, արւեստագէտ, թէ պարզ անհատ մը: Բոլորիս կեանքէն անպակաս եղած է եւ ճակատագրական կարեւոր դեր խաղացած է այդ բախտորոշ տարրը կամ դիպւածը:

Սփիւռքահայ սերնդակիցներէս եւ բախտակիցներէս շատերուն պէս՝ կանւխէն Դաշնակցութիւնը պիտի յեղաշրջէր իմ եւ եղբայրներուս կեանքի ուղին: Իբրեւ Ալեքսանտրեթէն Լիբանան կայք հաստատած հայու բեկորներ, առանց բացառութեան, բոլոր գաղթականներու վիճակւած չունեւորի կեանքը ծնողքիս ստիպեց, որ մեզ ֆրանսացի Գթութեան քոյրերու վարժարանը ուղարկեն:

Ողջ մնան մանուկներու վրայ խիստ «տիսիփլին» եւ կարգապահութիւն բանեցնող Գթութեան քոյրերը: Էշրեֆիէի մէջ բանող անոնց վարժարանը ունէր աղքատներու եւ հարուստներու բաժանմունքներ, եւ մենք, բնականաբար, անբախտներու շարքին կը պատկանէինք: Տիրող այդ զարտուղի դրութիւնը, բառ մը հայերէն չիմանալու, մայրենիէն զրկւած ըլլալու իրողութիւնը, երկւորեակ եղբօրս եւ իմ մէջ, հաստատւած կարգերու դէմ վաղ տարիքէն ըմբոստութեան ոգի յառաջացուցին, ու մենք սկսանք փախուստ տալ դպրոցէն՝ նախընտրելով «Էքոլ Պուիսոնիէրի» վիճակը քոյրերու «անգութ» վարժարանէն, ո՛չ հոգեւոր քոյրերուն, ո՛չ ալ ծնողքիս սաստումները եւ գաւազանի հարւածները կրցան շեղել ու ընկճել տասը տարեկան լաճի մեր կամքը՝ հայ վարժարան յաճախելու երազէն եւ յաճախանքէն:

Ծնողքս տեղի տալով մեր փափագին՝ մեզ դրին Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Յիսուսեան ֆրանսացի հայրերուն ճեմարանը, ուր անչափահաս տարիքին սիրահարեցանք հայոց լեզւին: Եւ այդ մէկը պիտի հանդիսանար կեանք մը ամբողջ մեզ ոգեւորող մեր առաջին սէրը:

Հայրս մթնշաղին, գործէն վերադարձին, իբրեւ իր ձագուկներուն մատուցւած մտային եւ հոգեւոր սնունդ իրեն յատուկ հանդիսաւորութեամբ, կաշի պայուսակէն կը հանէր եւ սեղանին վրայ կը զետեղէր «Ազդակ» օրաթերթը: Մենք՝ երեք եղբայրներ, սովածի պէս իրարու ձեռքէն կը խլէինք ՀՅԴ պաշտօնաթերթը եւ ծայրէ ծայր կը կարդայինք անոր բովանդակութիւնը՝ ազգային ու միջազգային լուրերը եւ գրական ու մշակութային խորք ունեցող յօդւածները:

Պէտք է խոստովանիմ, որ տարիներ ամբողջ դաշնակցական մամուլը հանդիսացաւ իմ անքակտելի պորտակապս հայ գիրի, գրականութեան եւ դպրութեան հետ:

Մինչեւ տասնութ տարեկանը թեւակոխելս յեղափոխական մամուլը դարձաւ այն հարթակը, որ իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ եւ զիս պատրաստեց Դաշնակցութեան շարքերը ընդունւելու:

Երբ 1960-ին՝ 24 տարեկան հասակիս, աֆրիկեան ափերը մեկնեցայ, հոն եւս գործի դրի գաղափարապաշտ երիտասարդ կուսակցականի անխախտ համոզումներս, ամբողջ քսան տարիներ Հայ Դատը հետապնդելու, ի՞նչ կըսեմ՝ մարդկութեան կողմէ անտեսւած մեր Դատին ծառայելու:

Պրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի Աֆրիկէ պատմական այցելութիւնը, որուն 50-ամեակը կը նշենք այս տարի, պսակումը հանդիսացաւ մինչեւ այդ պահը տարւած անխոնջ աշխատանքին եւ թափւած ճիգերուն՝ առանց բացառելու մեր կողմէ յանձն առնւած նիւթական զոհողութիւնները:

Իսկ գալով անցնող 60 տարիներու գրական-հրապարակագրական գործունէութեանս եւ վաստակիս՝ հոն ալ անվարան եւ առանց խպնելու պէտք է խոստովանիլ, թէ կուսակցական հայ մամուլը իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ, պատանի հասակէն, ստիպողաբար եւ կամքէ անկախ պատճառներով դպրոցական ուսումը կիսատ թողած այս հեղինակին գրական ապագայ իրագործումներուն մէջ:

Պէտք է ընդունինք, որ հոն ալ հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ հայ կուսակցականի սրտի տրոփը առաւել քան զգալի է: Առանց գաղափարական իմ դաստիարակութեան՝ չէի կրնար յաղթահարել եւ ձեռք բերել գրական ներկայ վաստակը եւ իրագործումները: Այդ ենթահողին վրայ անհասկնալի կը թւի մեզի այդպիսի հայրենանւէր եւ գաղափարապաշտ կուսակցութեան մը դէմ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ տարւող տղայական անմիտ, անիմաստ եւ ազգակործան պայքարը: Այդ մէկը կը կատարւի պարզապէս դիւր գալու համար մեր արիւնռուշտ թուրք դրացիներուն:

Այս առիթով կուզէի հայրենի ղեկավարութեան ուշադրութեան յանձնել խիստ կարեւոր կէտ մը. Ռիչմընտ հաստատւելնէս ի վեր շատ ուսանելի եւ հետաքրքրական իրողութեան մը ականատես կըլլանք: Մինչեւ օրս ՀՅԴ-ի մականին տակ աշխուժօրէն գործող «Քեմփ Հայաստան»-ի պատանեկան ճամբարը յաճախող ամերիկահայ նոր սերունդը, իրմէ արտացոլող ազգային ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ, հիմնովին կը զանազանւի իր այն տարեկից ընկերներէն, որոնք դժբախտաբար իրենց ծնողներուն անհոգութեան պատճառով զրկւած են այդ հրաշալի պատեհութենէն:

Ներկայիս ՀՅԴ կը շարունակէ ազգօգուտ իր գործունէութիւնը՝ արժանանալով համայն հայութեան երախտագիտութեան եւ անվերապահ յարգանքին:

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

 

Ռիչմընտ, Վիրջինիա

Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր ժողովը եւ Յեղափոխական շարժման ծաւալումը

Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը կազմաւորւեցաւ 1890-ի ամռան, Թիֆլիսի մէջ: Անոր հիմնադիրներն ու առաջին ղեկավարները եղան Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան եւ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան):

Մանիֆեստին մէջ կըսւէր. «Նպատակ դնելով թիւրքաց Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը մտել է այն կռւի մէջ, որ սկսել է ինքը ժողովուրդը տաճկաց կառավարութեան դէմ՝ ուխտելով մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռւել հայրենիքի ազատութեան համար»:

Թրքական կառավարութիւնը հայկական ազատագրական շարժումը խեղդելու նպատակով ծայրայեղ միջոցներու պատրաստութիւններ սկսաւ տեսնել: Յեղափոխական ամէն փոքր դէպքին կառավարութիւնը կը պատասխանէր դժոխային խստութիւններով: Հարւածը ուղղւած էր ոչ միայն յեղափոխական անհատներու դէմ, այլ նաեւ շարժման արմատին՝ համայն հայ ժողովուրդին դէմ: Զանգւածային ձերբակալութիւնները տարածւեցան Մուշէն Սասուն, Վան, Կարին, Տրապիզոն, Երզնկա, Արաբկիր եւ Կիլիկիա:

Կառավարութիւնը միաժամանակ սկսաւ գրգռել իսլամ ամբոխը հայ ժողովուրդին դէմ՝ հաւատացնելով անոր, որ հայերը կը ձգտին ազգային գերիշխանութեան եւ իսլամներու ստրկացման: Ստեղծւեցան Համիտիէ գունդեր, որոնք դարձան ամէնէն ազդեցիկ զէնքը կառավարութեան ձեռքը՝ ուժասպառ ընելու հայ տարրը:

Այս պայմաններուն տակ, 1892-ի ամռան Թիֆլիսի մէջ գումարւեցաւ Դաշնակցութեան առաջին ընդհանուր ժողովը: Ներկայ էին կուսակցութեան Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի ներկայացուցիչները:

Ժողովի անդամները, կենսական փորձերու հիման վրայ որոշեցին գծել այն պայքարի ճանապարհը: Միտքերու փոխանակումէ ետք բոլոր հարցերը ենթարկւեցան վիճաբանութեան, մինչեւ որ բոլորը համաձայնեցան հարցի այս կամ այն վերջնական ձեւակերպման վրայ, ոչ մէկ հարց ենթարկւեցաւ քւէարկութեան. բոլոր որոշումները ընդունւեցան միաձայնութեամբ:

Կուսակցութիւնը վերջնականապէս ստացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անւանումը եւ օժտւեցաւ ծրագիրով ու կանոնագիրով: Ժողովը նաեւ որդեգրեց կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

Յեղափոխութեան յենարանը պէտք էր փնտռել հայ ժողովուրդի տանջւող սիրտին մէջ: Յեղափոխութիւնը կանգ պիտի չառնէր ոչ մէկ խորտակիչ ուժի առջեւ, քանի գոյութիւն ունէին կեանքի տանջանքները: Յեղափոխութիւնը կրնար փոխել իր ձեւը յարմարելով ժամանակի պայմաններուն, բայց երբեք իր էութիւնը:

Դաշնակցութիւնը նիւթական միջոցներէ բոլորովին զուրկ էր: Գործիչները ճանապարհածախս իսկ չունէին: Ժողովին մասնակից պատգամաւորներուն շատ համեստ ապրուստը համարեայ չէր հայթայթւած:

Կուսակցութիւնը արագօրէն տարածեց իր գործունէութիւնը, կազմաւորւեցան մարտական, ֆեդայական խումբեր, որոնք ամենուրեք սկսան պատուհասել թշնամին:

 

Դաշնակցութեան պատմութիւնը Լիբանանի մէջ

Լիբանանահայ ուսանողութիւնը՝ կառոյցի հիմնասիւն

Հարկ է նշել, որ 1890-ական տարիներու վերջերուն Լիբանանի մէջ կային որոշ թիւով դաշնակցական ուսանողներ, որոնք 1904-ին ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամ Սիմոն Զաւարեանի համար հիմք ծառայեցին ստեղծելու ՀՅԴ ուսանողական միութիւնը, որ աւելի ուշ ստացաւ Զաւարեան ուսանողական միութիւն անւանումը:

ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովի վաւերագիրներուն մէջ պահ դրւած Լեռնավայրի Կենտրոնական կոմիտէին մէկ փաստաթուղթը, հաւանաբար՝ 1904-ին գրւած, նկատել կու տայ, որ Բէյրութի մէջ՝ «տարիներէ ի վեր գտնւած են ուսանող ընկերներ, մանաւանդ՝ Հովտէն (Այնթապէն). վերջերս կազմւած տեղական կոմիտէն սկսած է եւրոպական եւ ամերիկեան բժշկական բարձրագոյն վարժարաններու ուսանողներու հետ շփւիլ եւ կապեր հաստատել: Նաեւ՝ արտասահմանէն ընկերներ ներս առնել: Այս երկու գործերուն մէջ ալ առնւած քայլերը յաջող են: Ուսանողներու բաւական թիւ մը համակրած եւ յարած է կարճ ժամանակի մը մէջ, եւ հետզհետէ նորեր կաւելնան»:

Սիմոն Զաւարեան երբ Լիբանան կայցելէ, կը հանդիպի տեղւոյն ուսանողներուն: Հանդիպումները կը կատարւին գաղտնի: Այս մասին վկայութիւն մը ունի ուսանողական միութեան աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն տոքթ. Երւանդ Խաթանասեան, որ ԶՈՄ-ի սկզբնական տարիներու պատմութիւնը վերյիշելով՝ կը գրէ. «1904-1905-ի շրջանին Բէյրութի ռուսական հիւպատոսն է եղել հայազգի Կոստանդին Կամսարականը, որ Իգդիր շրջանի Բլուր գիւղից էր: Զաւարեանն ու Կոստանդին Կամսարականը իրար ծանօթ են եղել Կովկասից: Եւ ըստ հին ուսանողների տեղեկութեան, այս երկուքը սերտ բարեկամներ են եղել, եւ իրենց յարաբերութիւնները եղել են ջերմօրէն մտերմական»: Քիչ անդին տոքթ. Խաթանասեան կ՛աւելցնէ. «Ուրեմն, օգտւելով Կ. Կամսարականի բարեհաճ պատրաստակամութիւնից ու դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնից՝ Զաւարեանը անյապաղ գործի է ձեռնարկում հիւպատոսարանի մէջ: Կանչում է իր մօտ նախ մէկին, որ, կարծում եմ, կեսարացի Սուրէն Նշանեանն է եղել: Այդ մէկը հետեւեալ օրը իր հետ բերում է երկու հոգի, մինչեւ որ թիւը հասնում է 6-8 հոգու: Այս փոքր խմբակին է յանձնում իր մտածումները, հրահանգներն ու մտահոգութիւնները»:

Ստոյգ է, որ երբ Սիմոն Զաւարեան Լիբանան այցելած է, որոշ ժամանակ մը ապաստանած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Զմմառու մայրավանքին մէջ: Թրքական բանակը կասկածելով՝ պաշարած է մայրավանքը: Օրւան մեծաւորը ծպտած է Զաւարեանը եւ մայրավանքի ստորգետնեայ գաղտնի անցքերէն մէկով փախցուցած է զայն:

 

Յետցեղասպանական ժամանակաշրջան՝ սկիզբ վերակազմաւորման

1915-էն ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով, ինչպէս՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան բազմաթիւ կազմակերպական կառոյցներ, նաեւ Բէյրութի կառոյցը կը կազմալուծւի: Սիրիան եւ Լիբանանը կը դառնան իր պատմական հայրենիքէն տեղահանւած հայութեան խլեակները հիւրընկալող օրրանները, իսկ 1920-ին «Մեծն Լիբանան» անունով ներկայ սահմաններով Լիբանանի գոյացութեան ստեղծումէն ետք եւ մանաւանդ 1932 թւականի Լիբանանի իր տեսակին մէջ առաջին եւ վերջին մարդահամարով լիբանանահայութիւնը նկատւեցաւ լիբանանեան համայնքային հիւսւածքի հիմնադիր բաղկացուցիչներէն մէկը:

1920-էն ետք հայ գաղթականներու Լիբանանի մէջ հաստատումով կը վերակենդանանայ ՀՅԴ-ի կառոյցը: Կար հսկայական աշխատանք, եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը առաջին իսկ օրէն լծւեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հայապահպանման ծանր գործին՝ այս աշխատանքը սկզբնական շրջանին հիմնելով Բէյրութի հիւսիսային ծայրամասերուն փռւած գաղթականական վրանաքաղաքներուն մէջ կառուցւած դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն վրայ: Յետոյ էր, որ դպրոցին եւ եկեղեցիին միացան նաեւ Դաշնակցութեան ստեղծած ժողովրդային տուները կամ ակումբները:

Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1920-ականներու առաջին կէսերուն, Լիբանան կը հասնին մեծ թիւով գաղթականներ, որոնց կարգին՝ կուսակցականներ: 1920-ական տարիներու երկրորդ կէսին Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ունէր երկու կոմիտէութիւն եւ երկու ակումբ՝ երկու վարձու յարկաբաժին: Առաջինը Բէյրութի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնն էր, որուն ակումբը կը գտնւէր Պապ Իտրիսի ձկնավաճառներու շուկային մէջ (Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ, Ֆարաոնի պալատին դիմաց): Իսկ երկրորդը Ս. Խաչ վրանաքաղաքի՝ գաղթակայանի, «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնն էր, որուն ժողովատեղին կը գտնւէր այժմու էլեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց: Այս կոմիտէութեան առաջին ակումբը եղած է Աքքաուիի մօտ, աստիճաններէն ելլելով՝ աջին, վերջին շէնքը, որուն ետեւէն կանցնէր Յունական հիւանդանոց տանող ճամբան: Ակումբը յետոյ փոխադրւած է Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցէն քիչ մը վար, Քարթիէ Վեկան թաղը: Ապա, տարի մը ետք փոխադրւած է Նոր Հաճընի դիմաց, Խալիլ Պետեւի թաղի մուտքին, առաջին շէնքին առաջին յարկը:

1932-ին վրանաքաղաքի «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնը կը բաժնւի կազմակերպական երեք շրջանի.

Ա.- Պուրճ Համուտ, ուր կը գործէ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն՝ կենտրոն ունենալով Նոր Սիսը:

Բ.- Քարանթինա-Հաճըն-Մար Մըխայէլ («Ատանա քեմփ»-ի շրջան), ուր կը գործէ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէն:

Գ.- Հայաշէն-Էշրեֆիէի շրջան, ուր կը գործէ «Ռոստոմ» կոմիտէն:

Իր կարգին, «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գործէ Բէյրութի մէջ՝ իբրեւ ակումբ օգտագործելով Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղի բազմայարկ հին շէնքի մը երկրորդ յարկի գետնայարկ, վարձու յարկաբաժինը: Այստեղ, Բէյրութի «Ժողովրդային տան» մէջ իրենց գրասենեակները կունենան կոմիտէն, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, աւելի ուշ նաեւ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն եւ ՀՅԴ Բիւրոն:

25 մարտ 1923-ին Բէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ գումարւեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան առաջին ընդհանուր ժողովը՝ հիմը դնելով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու լայնածաւալ ցանցին, ուր դաշնակցական պատանիները կը ստանան դաշնակցական եւ ազգային դաստիարակութիւն:

 

ՀՅԴ Մամուլը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի հայութեան առաջին հայերէն թերթը եղած է «Փիւնիկ»-ը, որ 1924 թւականի մարտին սկսած է հրատարակւիլ իբրեւ պաշտօնաթերթ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի: Հետագային այս թերթը կը ստանայ «Նոր Փիւնիկ» անւանումը: Սկիզբը ան կը հրատարակւի իբրեւ եռօրեայ թերթ, ապա երկօրեայ, իսկ 1927-ին կը դադրի լոյս տեսնելէ: «Նոր Փիւնիկ»-ի հրատարակութեան դադրեցումը կը կապւի նիւթական դժւարութիւններու հետ: Շուտով, սակայն, «Նոր Փիւնիկ»-ի ընտանիքի վարչական կազմի անդամներէն Հայկ Պալեան, որ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ էր, մեծապէս մտահոգւելով հայերէն թերթի հրատարակութեան ապահովման գաղափարով, 5 մարտ 1927-ին կը նախաձեռնէ «Ազդակ» թերթի հրատարակութեան ծանր աշխատանքին՝ իբրեւ սեփական հրատարակութիւն, որ սկիզբէն կը վայելէ ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի բարոյական աջակցութիւնը: «Ազդակ» սկսաւ հրատարակւիլ «Նոր Փիւնիկ»-ի տպագրական մեքենայով ու տառերով եւ իբրեւ անոր ուղղակի շարունակութիւն: Նախ եռօրեայ թերթ էր ան, ապա 1930-ին վերածւեցաւ երկօրեայի, իսկ քանի մը տարի ետք դարձաւ մեծածաւալ օրաթերթ: 1 յունիս 1965-ի «Ազդակ»-ի թիւին առաջին էջով հրապարակւած է ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը նշւի, որ այդ թւականէն սկսեալ թերթը դարձաւ Կենտրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ: «Ազդակ» մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ հրատարակւող ամենէն հին հայկական օրաթերթն է: Իր հրատարակութեան քառամեակին առիթով «Ազդակ»-ի մէջ կը կարդանք. «Մենք լաւատես ենք մեր ապագային նկատմամբ եւ ինքնավստահ: Նահանջ կամ ընկրկում երբեք գոյութիւն չունի մեզի համար, որովհետեւ մեր ներշնչման հնոցն է հայ ժողովուրդի անփշրելի կամքը եւ անոր արդար Դատի պաշտպանութեան պաշտելի գաղափարը: «Ազդակ» իր սնունդն ու աւիշը կը ստանայ հայ ժողովուրդէն եւ կը հաւատայ, որ առանց սեփական երդիքի, առանց Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի, այս ժողովուրդը հանգիստ չունի»:

1 մայիս 1986-ին ստեղծւեցաւ «Վանայ Ձայն»-ը, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ձայնասփիւռի կայանն է:

(Շար. 2)

Related Articles

Back to top button