
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու,
Հայկական երեսփոխանական բլոքի ներկայացուցիչ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 135-ամեակը կը խմբէ մեզ այսօր մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատւածի դառնագոյն եւ դաժան պայմաններուն մէջ:
Հսկայական խռովքի մէջ են մեր ժողովուրդի զաւակներէն անոնք, որոնք հայու սիրտ կը կրեն, ապրած են ու մասնակից դարձած յաղթանակներու կերտման եւ այսօր ականատես են ու հիասթափած՝ Արցախի յանձնումէն ասդին Հայաստանի մէջ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ կամքին ենթակայ զիջումներուն, սփիւռքը պառակտող քայլերուն, հայրենասիրութեան ծաղրանքին եւ արժէքային համակարգի ազգային ըմբռնողութեան խորտակման:

Ընթացքը դադար չունի եւ գահավէժ կը շարունակւի՝ թիրախաւորելով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, անոր սպասաւորներուն նկատմամբ դաւադրական քայլերով, ժողովրդահաճոյ յերիւրանք փրփուրներով, նպատակ ունենալով փշրել հայ ժողովուրդին ու անոր հայրենիքին գոյատեւումը ապահովող ողնաշարը ամբողջ:
Հարւածել Հայ եկեղեցին, ճանչնալ Արցախը իբրեւ ադրբեջանական հողամաս, մոռացութեան տալ Բաքւի մէջ կալանաւորւած հերոսները, հարցականի վերածել Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները, թուրք-ադրբեջանական դաշինքին ազատ անցք շնորհել Հայաստանի մէջ, Հայաստանը նկատել միայն հոս ապրող հայ թէ օտար քաղաքացիներու հայրենիք, փոխել ազգային խորհրդանիշները, Հայոց պատմութիւնը վերածել լոկ Հայաստանի պատմութեան, ջլատել հայրենիքի կապւածութեան, հայրենասիրութեան արմատները, նարինջ ուտողներ, հայդատականներ եւ երազկոտ նկատել սփիւռքի հայութիւնը, «Իրական Հայաստան»-ի տեսակէտ փայփայել եւ դեռ ուրիշ այլանդակութիւններով մտքեր պղտորել, ծրագրւած, հետեւողական, հայրենաքանդ ու ազգադաւ համակարգւած ընթացք է անտարակոյս:
Ահա թէ ո՛ւր հասած ենք բոլորս հաւաքաբար:
Վտանգւած է հայրենիքը:
Վտանգւած է պետութիւնը:
Վտանգւած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին ամէնուրեք իր նւիրապետական աթոռներով՝ Էջմիածին թէ Անթիլիաս, Կ. Պոլիս թէ Երուսաղէմ:
Վտանգւած է ողջ հայութիւնը ազգովին՝ Հայաստանի մէջ, Թուրքիա եւ արտերկիր:
Այլեւս անհանդուրժելի ձեւով հատւած են կարմիր գիծերը:
Անհայրենիք հայ մարդ, աշխարհաքաղաքացի սոսկ անհատ, իդէալազուրկ ապրող էակ «կերտելու» հետեւողական դաւը ակներեւ է եւ առանց դոյզն ամօթի կարտայայտւի:
Եւ այս բոլորը կը կատարւին՝ յանուն ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղութեան, տնտեսական բարեկարգումներու, փտածութեան դէմ պայքարի, թափանցիկութեան բնութագրումներով:
Մենք կողմնակից ենք արժանապատիւ խաղաղութեան եւ ոչ թէ՝ պարտադրւած, սին խոստումներով անհեռանկար խաղաղութեան, նորանոր զիջումներու տուն տւող տեսանելի խաղերով հայրենակործան պայմանագիրներու:
Տեսանելի թափանցիկութեամբ, ակնյայտ են մեքենայութիւններն ու սադրանքները:
Մենք ազգովին կանգնած ենք ջրբաժանի դիմաց:
Լինելութեան պայքար է այսօր:
Կա՛մ յանձնւիլ ու կամովին, գիտակցաբար երթալ կործանման, կա՛մ դրօշը բարձր պահել ու պայքարիլ:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան 135-ամեայ պատմութիւնը վկայ, որ իբրեւ գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական մարտունակ ուժ, իր հայրենիքին, ժողովուրդին ու հայ մարդուն բովանդակ շահերուն պաշտպանութեան եւ ծառայութեան նւիրւած կուսակցութիւն՝ չի կրնար պայքարի դրօշը վար դնել:
Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի, Միջին Արեւելքի գաղութներու պաշտպանութեան եւ Հայ Դատի ի խնդիր ինկած հերոս նահատակները վկայ են Դաշնակցութեան սխրանքներուն:
Հայապահպանման ճակատի վրայ աշխարհատարած Դաշնակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններուն կատարած ներդրումը՝ ի խնդիր ինքնութեան պահպանման, համահայկական նշանակութիւն եւ արժէք ունի:
Հայրենիքի անկախութեան հռչակումէն, Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ վերընձիւղումէն եւ Արցախի ազատագրութենէն ետք ոչ ոք կրնայ ուրանալ կուսակցութեան եւ սփիւռքահայ գործընկերներուն անտեղիտալի ու վճռական մասնակցութիւնը՝ ամբողջական Հայաստանի կերտման ճամբուն հայրենիքի բարգաւաճման ու գոյատեւման ի խնդիր:
Իր պատմութեան ընթացքին Օսմանեան կայսրութենէն ցարական Ռուսիա եւ բոլշեւիկեան վարչակարգ, տեւաբար հալածւած այս կուսակցութիւնը, սփիւռքի մէջ գաղտնի սպասարկութիւններու եւ գործակալներու դաւադրութեանց ենթակայ Դաշնակցութիւնը ապրած է, անվհատ կերպով գործած է եւ՝ պայքարը շարունակած:
Այսօր եւս Դաշնակցութիւնը չի կրնար տեղի տալ:
Որովհետեւ՝
Ձախողած են ու պիտի ձախողին Հայաստանը սփիւռքէն հեռացնելու բոլոր դաւադրութիւնները:
Ձախողած են ու պիտի ձախողին իր հիմնադրութենէն ասդին հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար գործող, իր լաւագոյն ընկերները զոհաբերող Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէն հեռացնելու եւ հայրենիքէն օտարելու բոլոր մեքենայութիւնները:
Անընդունելի եւ մերժելի են մեր ազգային արժէքներն ու խորհրդանիշները անարգող, ոտնակոխ ընող դաւերը: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Արարատը, ամբողջական Հայաստանը, մեր նահատակները անզիջելի գագաթներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հարւածը կը հարւածէ համայն հայութիւնն ու հայրենիքը:
Հայաստան եւ սփիւռք մէկ միասնութիւն է: Զայն պահպանելը բոլորիս պարտաւորութիւնն է ու զայն քանդելու փորձերուն պատասխանը հաւաքական դիմադրութիւնն է:
Մէկ է Դաշնակցութիւնը:
Մէկ ամբողջութիւն է: Չկան արեւմտահայ եւ արեւելահայ զանգւածներ: Չկան Հայաստանի Դաշնակցութիւն եւ սփիւռքի Դաշնակցութիւն: Չկան Հայաստանի Բիւրօ եւ սփիւռքի Բիւրոյի անդամներ: Կայ միայն մէկ Դաշնակցութիւն:
Ու այս մէկ Դաշնակցութիւնը իր հայրենի ժողովուրդին կողքին է:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան սփիւռքի բոլոր կառոյցները՝ ամերիկաներէն Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Աւստրալիա, եւ այս արեւուն տակ ապրող իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկեր անվերապահ կերպով հայրենի մեր կառոյցին կողքին են:
Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ:
Մեզ գերեզմանելու փորձերը տասնամեակներ շարունակ ձախողութեան մատնւած են: Այսօր եւս պիտի ձախողին անկասկած:
Ու բարձր պիտի պահենք Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի կրակով բոցավառած ջահը:
Ու այդ պիտի ըլլայ հաւաքաբար:
Այնպէս, ինչպէս 28 մայիս 1918-ին Արամ Մանուկեան համընդհանուր զօրակոչով պաշտպանեց Հայաստանը եւ անկախութիւն պարգեւեց անոր իր եռագոյնով, զինանշանով, բանակով ու համալսարանով, այսօր, աւելի քան երբեք, ճակատագրական այս պահուն անհրաժեշտ են՝ համընդհանուր պայքար, համազգային պոռթկում, հայրենիքի հայ մարդու եւ պետութեան փրկութեան ի խնդիր դիմադրութիւն:
Վճռական այս պահուն կարելի չէ լռել, կարելի չէ անտարբեր մնալ, կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, կարելի չէ համակերպիլ: Կա՛մ անձնասպանութիւն, կա՛մ պայքար:
Հայրենիքն ու հայութիւնը վտանգւած են: Փա՜ռք այս սրբութեանց համար ինկած նահատակներուն:
Հայրենիքն ու հայութիւնը վտանգւած են, տկարութիւնն ու հաշտւողականութիւնը համազօր են ոճիրի մեղսակցութեան:
Պայքարը համընդհանուր է:
Ո՛վ որ քաջ է, ինչ կը սպասէ:
Կեցցէ՛ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակ ծնող հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՛ հայուն Հայաստանը, իւրաքանչիւր հայու տուն յաւերժական եւ ամբողջական Հայաստանը:
* Խօսք՝ Երեւանի մէջ 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի հանդիսութեան:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան իրապաշտ ռազմավարութիւնը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան քննադատութեան սիրահարները, երբ կուսակցութեան ներկայ գործունէութեան մասին կը դժւարանան ժխտական երեւոյթներ գտնել, կը դիմեն հեռաւոր անցեալին ու այն տեղէն կորոնեն դէպք մը, արարք մը կամ յայտարարութիւն մը, որ կը հակասէ… ներկայ դիրքորոշման մը: Այդ անցեալը յաճախ աւելի քան հարիւր, հարիւր քսան տարւան հեռաւորութիւն ունի եւ կը վերաբերի այն ժամանակներուն, երբ Հայաստանը բաժնւած էր Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ, իսկ հայ ժողովուրդը պայքար կը մղէր, տարբեր միջոցներով, ինքնավարութիւն ձեռք բերելու համար: Հայաստանը միաւորելու համար: Հայերը բռնակալութիւններու դէմ պաշտպանելու համար: Ինքնիշխանութեան համար:
Ժամանակները կը փոխւին, եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան պարտադիր կը դարձնէ առկայ կացութիւններու համապատասխան դիրքորոշում եւ համապատասխան պայքարի միջոցներ: Անփոփոխ մնացողը Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին անմնացորդ ծառայելու հրամայականն է: Նպատակը միեւնոյնն է, զայն իրագործելու միջոցները՝ տարբեր:

Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյութեամբ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան ասպարէզը նոր տարողութիւն ստացաւ: Ամբողջ եօթանասուն տարի սփիւռքի մէջ գործելու դատապարտւած կուսակցութիւնը վերընձիւղւեցաւ հայրենիքի մէջ ու Հայաստանի համար գործող կուսակցութենէն վերաճեցաւ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութեան: Ու պատահեցաւ այնպէս, որ անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին երբեմն իշխանական, բայց աւելի յաճախ ընդդիմադիր դիրքերէ գործող կուսակցութիւնը յայտնւեցաւ հին ու նոր հակառակորդներու թիրախին: Ահա այստեղ է, որ Դաշնակցութեան պատմութեան անծանօթ մարդիկ, կամ կամայականօրէն պատմութիւնը թերի կարդացողներ, անցեալն ու ներկան շփոթելով, ժամանակային առանձնայատկութիւնները կամաւորապէս մոռացութեան տալով, Դաշնակցութեան հասցէին կը հնչեցնեն անհեթեթն իսկ գերազանցող մեղադրանքներ:
Գիտենք, որ հակադաշնակցական պայքարը Դաշնակցութեան չափ հին է: Այդ պայքարը եթէ ազնիւ եւ առարկայական դրդապատճառներու հետեւանք է, ոչ միայն ընդունելի է, այլեւ՝ օգտակար: Նման քննադատութիւն կրնայ առիթ ընծայել ինքնասրբագրութեան ու գործունէութեան առաւել բիւրեղացման, կատարելագործման: Դժբախտաբար, նման դրական քննադատութիւնները հազւագիւտ են, իսկ սանձարձակ յարձակումները՝ գրեթէ ամէնօրեայ:
Ինչպէ՛ս կարելի է, օտար տիրապետութեան պայմաններուն մէջ, այդ տիրապետութեան դէմ պայքարող կուսակցութեան գործունէութիւնը բաղդատել ազգային պետականութեան մէջ գործող կուսակցութեան գործունէութեան հետ: Կամ աւելի վատ՝ Հայաստանի իշխանութիւններու կատարածը բաղդատել օտար իշխանութեան մը ենթակայ կուսակցութեան մը կատարածին հետ: Ինչպէ՛ս մոռնալ, որ անցեալին Դաշնակցութիւնը կը գործէր օտար բռնակալ իշխանութիւններու դէմ իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջնորդ: Օտար բռնակալ իշխանութիւններու դէմ իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջնորդ: Օտար բռնակալ իշխանութիւնները թշնամի էին, մինչ ներկայ քննադատողներն ու խոչընդոտողները հակառակորդներ են:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը պէտք է դատել ներկայ իրողութիւններու նկատմամբ: 135 տարիներու պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, Դաշնակցութիւնը գործած է ժամանակի պայմաններուն համապատասխան եղանակով, նոյնիսկ իր կազմակերպական ապակենտրոնացման շնորհիւ՝ տեղական պայմաններու համապատասխան եղանակով: Միշտ հաւատարիմ իր Ծրագրով ճշտւած առաջադրանքներուն, Դաշնակցութիւնը պայմաններուն ու կարելիութիւններուն պարտադրանքով կը սահմանէ ժամանակաւոր առաջնահերթութիւններ ու իր ճիգը կը կենտրոնացնէ այդ առաջնահերթութիւններու իրականացման վրայ, առանց սակայն մոռնալու ծրագրային նպատակներու մնացեալ առաջադրանքները:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովն է, որ քննելով միջազգային քաղաքական վիճակը, Հայաստանի կարիքները, շրջանի պայմանները, հայութեան պատրաստակամութիւնը եւ աշխատանքային կարելիութիւնները, կը ճշտէ ռազմավարութիւն մը, այսինքն՝ առաջնահերթութիւններու տրամաբանւած փաթեթ մը: Առաջնահերթութիւններու Կենտրոնական նիւթը Հայաստանն է, Հայաստանի պետութիւնն է, Հայ Դատն է եւ համայն հայութիւնը: Հայաստանի կազմակերպութեան եւ սփիւռքի կազմակերպական շրջաններուն կը վիճակւի իրենց պայմաններուն յատուկ մարտավարութեան կիրարկումով գործադրելու Ընդհանուր ժողովի ճշտած ռազմավարութիւնը: Կը ստեղծւի երբեմն ձեւով տարբեր, բայց խորքով նոյնական դաշնակցական գործ: Պարբերաբար վերանայելով իր ռազմավարութիւնը, Դաշնակցութիւնը կը մնայ իր ժամանակին պայմաններուն համապատասխան գործող, իր ժամանակին մէջ գործող համահայկական իրապաշտ կուսակցութիւն:
Սասնոյ 1904-ի ապստամբութիւնը փայլուն օրինակ Հայ Յեղափոխութեան մարտական արւեստի
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմաւորման առաջին օրերէն Սասուն եղաւ յեղափոխական շարժման գլխաւոր օճախը: Կովկասէն դէպի Երկիր ուղղւող զինատար խումբերը իրենց ուժերը գլխաւորաբար Սասունի մէջ կը կենտրոնացնէին: Սասունի մէջ խմբւած էին ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ֆեդայական կորիզները:
Յեղափոխական շարժման կազմակերպման եւ ծաւալման պայմաններուն տակ, թուրքական կառավարութիւնը վճռեց ջլատել հայոց մարտական ուժերը եւ ընկճել յեղափոխութեան միջնաբերդ նկատւող Սասունը:
Համիտեան համատարած հալածանքներու եւ բռնութիւններու տարիներուն Սասուն զերծ մնացած էր թուրք եւ քուրդ հրոսակներու ոտնձգութիւններէն՝ շնորհիւ ֆեդայական խումբերուն:
Սասունը դարձած էր բռնութեան եւ ստրկութեան դէմ հայու ազատատենչ կամքին մարմնացումը:
Թուրքական կառավարութիւնը 1902-ին սկսած էր զօրք կենտրոնացնել Մշոյ դաշտին եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, Սասունը նւաճելու, քարուքանդ ընելու եւ անոր ըմբոստ ժողովուրդը բնաջնջելու համար:
Դաշնակցութեան պարտականութիւնն էր կազմակերպել Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը: Հրայր Դժոխք, Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սպաղանաց Մակար, Սեբաստացի Մուրատ, Սմբատ եւ Սեպուհ, շուրջ 200 ֆեդայիներով, պատրաստւեցան օրհասական դիմադրութեան:
Թուրքական 10 հազարնոց եւ քրդական 7 հազարնոց զօրքերը Քէօսէ Պինպաշիի հրամանատարութեամբ 1904-ի գարնան յարձակման անցան Սասունի վրայ:
Շենիկ, Սեմալ, Գելիեկուզան, Իշխանձոր եւ Տալւորիկ բուռն կռիւներու թատերաբեմ դարձան: Թուրքական ընդանօթները քարուքանդ ըրին տասնեակ մը գիւղեր:
Թուրքական եւ քրդական զօրքերը հետզհետէ սկսան խտացնել պաշարման օղակը, բայց հայ ֆեդայիները հերոսական խոյանքներով շեշտակի հարւածներ հասցուցին թշնամիին:
Թուրքեր թնդանօթային կրակի տակ գրաւեցին Շենիկը եւ շարժեցան դէպի Սեմալ ու Ալիանք: Թշնամիի յառաջխաղացքը կարելի չեղաւ կասեցնել:
Հրայր Դժոխք պարպւած գիւղերու ժողովուրդին հետ նահանջեց դէպի Կիլիեկուզան, ուր կենաց-մահու գօտեմարտեր մղւեցաւ: Հրայր նահատակւեցաւ: Թշնամին շարժեցաւ դէպի Իշխանձոր:
Արիւնարբու սուլթանը օրէ օր նոր ուժեր ուղարկեց Սասուն, ձգտելով արագօրէն հասնիլ իր նպատակին:
Թուրքական զօրամասերը նետւեցան Կելիեկուզանի վրայ, եւ վճռեցին ընկճել ինքնապաշտպանութեան վերջին օճախը: Անդրանիկի գլխաւորութեամբ արիւնալի կռիւներ մղւեցան: Թուրքեր Կելեկուզանը գրաւեցին միայն այն ժամանակ, երբ սպառեցաւ սասունցիներու զինամթերքն ու պարէնամթերքը:
Թուրքական զօրքը մտաւ Սասուն, բայց չյաջողեցաւ ընկճել հայ ֆեդայիներուն կազմակերպւած ուժը:
Սասնոյ 1904-ի ինքնապաշտպանութիւնը հայ յեղափոխութեան մարտական արւեստի փայլուն օրինակ դարձաւ: Բռնակալութիւնը, հակառակ իր գերազանց ուժերուն, անկարող եղաւ ընկճելու սասունցիներու հերոսական եւ ազատասիրական ոգին, որոնք վճռակամօրէն ըսին, որ իրենք պատրաստ են վերստին բարձրացնելու ապստամբութեան դրօշը:
Դաշնակցութեան պատմութիւնը Լիբանանի մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական Կոմիտէի գործունէութեան սկիզբ
1937-ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը վեց կոմիտէութեամբ («Քրիստափոր», «Ռոստոմ», «Նիկոլ Դուման», «Տիգրան Ծամհուր», «Պալագեան», «Արարատ»), մէկ ենթակոմիտէութեամբ («Բերդավայր»), մէկ մեկուսի խումբով («Խան») եւ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեամբ կօժտւի առանձին Կենտրոնական կոմիտէութեամբ՝ անջատւելով Սիրիոյ շրջանէն եւ ստանալով Հրւանդանի Կենտրոնական կոմիտէութիւն անունը: Տարի մը ետք շրջանը երկու ներկայացուցիչով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովին:
Բուրջ Համուդը Եւ Այնճարը՝ հայկական բնօրրաններ
1920-էն 1943 Լիբանան ապրեցաւ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ: 1926-ին մշակւեցաւ երկրին առաջին սահմանադրութիւնը, որ կրկնօրինակումն էր ֆրանսական սահմանադրութեան: Ու թէեւ 1936-ին ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շուտով անկախութիւն շնորհելու Լիբանանին, բայց եւ այնպէս, ֆրանսական իշխանութիւններու խոստումին գործադրութիւնը այլազան պատճառներով եւ ի մասնաւորի Համաշխարհային Բ պատերազմի բռնկումին պատճառով ձգձգւեցաւ: 1939-ին հայկական գաղթականական նոր ալիք մը, այս անգամ՝ Ալեքսանտրեթի սանճաքէն, աւելի եւս ուռճացուց Բէյրութի հայկական վրանաքաղաքները:

Գաղթականական նոր ալիքին մէկ մասը, որ եկած էր Մուսա Լեռան գիւղերէն, ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւններուն տնօրինումով կայք հաստատեց Պեքայի դաշտի Այնճար շրջանին մէջ: Զուգահեռ, այդ նոյն ժամանակաշրջանին է, որ նախնական կերպով սկսան ձեւ ստանալ եւ կառուցւիլ Բուրջ Համուդի հայկական թաղերը: Այս բոլոր հանգամանքներուն պատճառով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ գործունէութեան լայն դաշտի մը առջեւ եւ հետզհետէ աւելի տարածեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը: 1930-ական թւականներուն, տեղացիներուն հետ համեմատաբար բարւոք փոխյարաբերութիւններուն շնորհիւ, հայկական գաղթականական վրանաքաղաքներուն մէջ հաստատւած գաղթականները հետզհետէ սկսան դուրս գալ անոնցմէ եւ հաստատւիլ Բուրջ Համուդի նորահաստատ Արագած, Նոր Սիս, Նոր Ադանա, Նոր Մարաշ, Նոր Կիլիկիա եւ այլ թաղամասերու մէջ: Բուրջ Համուդի այս թաղամասերու շինարարութեան մէջ անուրանալի դեր ունեցաւ հայ կաթողիկէ միաբան հայր Պօղոս Արիս: Բուրջ Համուդ մինչեւ 1950-ական թւականներու սկիզբները առանձին քաղաքապետութիւն չունէր, այլ վարչականօրէն միացած էր Ժտէյտէի քաղաքապետութեան: 1952-ին Բուրջ Համուդը կը դառնայ առանձին քաղաքապետութիւն եւ անոր հիմնադիր քաղաքապետը կը դառնայ հայր Պօղոս Արիս (1952-1961): Այնուհետեւ յաջորդաբար Բուրջ Համուդի քաղաքապետ կը դառնան դաշնակցականներ Լութֆիկ Նարկիզեան (1961-1962), Յակոբ Աշճեան (1962-1981), Ցոլակ Թիւթելեան (1982-1986), դոկտ. Զաքարիա Մկըրեան (1986-1994), դարձեալ Ցոլակ Թիւթելեան (1994-1999), Անդրանիկ Մսըրլեան (1999-2016) եւ Մարտիկ Պօղոսեան (2016-էն մինչեւ այսօր): Բուրջ Համուդի քաղաքապետութեան ճամբով ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը կը նպաստէ շրջանի բարգաւաճման ծրագիրներուն:
Տասնամեակներու ընթացքին Բուրջ Համուդը դարձաւ ոչ միայն բնակավայր, այլ նաեւ՝ ճարտարարւեստի եւ առեւտուրի կենտրոն, հայկական ազգային, հասարակական, համայնքային, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներու կենտրոնատեղի: 1930-ին Բէյրութէն դէպի հիւսիս գտնւող Անթիլիաս աւանին մէջ հաստատւեցաւ վտարանդի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ: 1940-ին Անթիլիասի մէջ օծումը կատարւեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին, որուն ճարտարապետն է լիբանանահայ նշանաւոր ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան: Սահակ Բ Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք սկսան խորհրդային նկրտումները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ենթակայ դարձնելու: Այս նկրտումները իրենց գագաթնակէտին հասան 1950-ական թւականներու եկեղեցական տագնապի օրերուն: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտպանի դիրքերուն մէջ:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւնները՝ լիբանանահայուն օջախները
Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի ուղեկից կազմակերպութիւններուն, 2 յունիս 1930-ը անկիւնադարձ մը կըլլայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաջին մասնաճիւղի Բէյրութի առաջին վարչութեան նշանակումով, այսպիսով վերջ կը դրւի իբրեւ Սիրիոյ մէկ շրջանը գործելու իրավիճակին: 1938-ին Հալէպի մէջ գումարւած Պատգամաւորական ժողովին կորոշւի, որ Լիբանան ունենայ իր առանձին Շրջանային վարչութիւնը, եւ 1939-ին տեղի կունենայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պատգամաւորական անդրանիկ ժողովը, որ կընտրէ նոր շրջանի առաջին Շրջանային վարչութիւնը:
Ներկայիս ԼՕԽ-ը Լիբանանի տարածքին ունի 26 մասնաճիւղ, որոնք հետեւեալներն են՝ «Ա. Ազիրեան»՝ Նոր Սիս, «Ա. Փափազեան»՝ Զալքա, «Աղթամար»՝ Այնճար, «Այծեմնիկ»՝ Թրիփոլի, «Անահիտ»՝ Մար Իւսդֆ, «Անի»՝ Ժտէյտէ, «Աշխէն»՝ Նոր Մարաշ, «Աստղիկ»՝ Մար Մըխայէլ, «Արագած»՝ Արագած, «Արազ»՝ Պաուշրիէ, «Արցախ»՝ Ռապիէ, «Գայեանէ»՝ Պէյթ Գօգօ, «Զւարթնոց»՝ Հազմիէ, «Կարինէ»՝ Ամանոս, «Կարս»՝ Էշրեֆիէ, «Հայաշէն»՝ Հայաշէն, «Հ. Փափազեան»՝ Ռաուտա, «Հ. Սասունի»՝ Ֆանար, «Մեղրի»՝ Բէյրութ, «Նայիրի»՝ Անթիլիաս, «Շուշանիկ»՝ Թրատ, «Շուշի»՝ Տըքուենէ, «Ջ. Շանթ»՝ Տըքուենէ, «Ռուբինա»՝ Նորաշէն, «Սեւան»՝ Ճիւնի, «Սօսէ»՝ Ժիպէյլ: 1987-ին հիմնւեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կենտրոնը Բուրջ Համուդի մէջ:
ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը Բէյրութի մէջ ստեղծւած է 1924 թւականին, անկէ ետք ստեղծւած են Զահլէի (1927), Թրիփոլիի (1929), Բուրջ Համուդի (1935), Այնճարի (1940), Ճիւնիի (1950), Անթիլիասի (1970), Ժտէյտէի (1974), Պաուշրիէի (1998) եւ Ռաուտայի (2011) մասնաճիւղերը: Տասնամեակներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի մէջ սկաուտներ եւ մարզիկներ դաստիարակած է ազգային ոգիով՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» սկզբունքով:
Լիբանանի մէջ 1930-ի հոկտեմբերին կը հիմնւի «Հայ կրթական, հրատարակչական Համազգայինի ընկերութիւնը», եւ մինչեւ 1970 Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքները կիրագործւին զանազան շրջաններու մէջ հաստատւած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջոցով: Կը կազմակերպւին՝ գեղարւեստական ձեռնարկներ, թատերական ներկայացումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, սեմինարներ եւ ընկերային խրախճանքներ: 1975-ին կը կազմւի Լիբանանի առաջին Շրջանային վարչութիւնը, որ սկզբնական շրջանին կը գործէ խորհուրդներու միջոցով: Երաժշտական, թատերական եւ գիր ու գրականութիւն խորհուրդներու հիմնական պարտականութիւնն էր մշակել ծրագիրներ եւ ներկայացնել զանոնք Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ համակարգելով նախատեսւած այլազան աշխատանքները, գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կեանքի կը կոչէր զանոնք:
Շուտով, աշխատանքի ծաւալումով, մասնագիտական ուղղւածութեան անհրաժեշտութիւնը ստեղծւեցաւ: Սիրողական մակարդակով գործող «խորհուրդ»-ներուն անդամակցեցան համապատասխան պատրաստութիւն ունեցող երիտասարդ տարրեր, որոնք ե՛ւ հետաքրքրութիւնը ե՛ւ պատրաստակամութիւնը ունեցան գործելու մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն մէջ եւ արհեստավարժի սահմաններուն հասնող բծախնդրութեամբ, գործեցին «Գիր ու գրականութիւն», «Թատերական», «Պարի», «Երաժշտական» միաւորները, որոնք իրենց մշակած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ շուտով յաջողեցան համալիբանանեան առումով ձեռնարկներ իրագործել: Միաւորներու կողքին, շարունակեցին գործել մասնաճիւղերը, որոնք 1986-էն սկսեալ մկրտւեցան մշակութային գործիչներու անուններով:
Բէյրութի մասնաճիւղը կոչւեցաւ «Կոմիտաս» (1931-ին հիմնւած), Բուրջ Համուդի մասնաճիւղը՝ «Սիմոն Վրացեան» (1952-ին հիմնւած), Էշրեֆիէի մասնաճիւղը՝ «Ռուբէն Զարդարեան» (1953-ին հիմնւած), Անթիլիասի մասնաճիւղը՝ «Նիկոլ Աղբալեան» (1970-ին հիմնւած), Այնճարի մասնաճիւղը՝ «Պարոյր Սեւակ» (1972-ին հիմնւած), Նահր Մոթի մասնաճիւղը՝ «Համօ Օհանջանեան» (1986-ին հիմնւած): 1980-ական թւականներուն Համազգայինի գործունէութիւնը այնքան ծաւալած էր, որ անհրաժեշտ էր մնայուն կենտրոն մը ունենալ: Հետզհետէ կը կազմաւորւէին երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտական դասընթացքներ: Մեծ իրագործում էր Շրջանային վարչութեան մշակութային կեդրոնի կերտումը, որուն բացումը կատարւեցաւ 1988-ին, Գարեգին Բ վեհափառ հայրապետի ներկայութեամբ, եւ կոչւեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կենտրոն: Իսկ 2005-ին տեղի անբաւարարութեան պատճառով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կարելի եղաւ ստեղծել «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կենտրոնը: Ներկայիս զոյգ կենտրոններուն մէջ կը գործեն Համազգայինի Գեղարւեստի դպրոցները:
(Շար. 3)



