ՀՅԴ 135-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւն Լիբանանի մէջ

«Պայքար՝ ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը ուրբաթ, 12 դեկտեմբերի 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ նշեց կուսակցութեան 135-ամեայ երթը, անդրադարձաւ անոր ունեցած ձեռքբերումներուն, ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ՝ Արմէն Ռուստամեանի եւ Ալպեր Պալապանեանի խօսքերուն մէջ վերահաստատւեցաւ Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը՝ տէր կանգնելու հայրենիքին, հայութեան, Արցախին, եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայութեան:

Դաշնակցութեան օրւան տօնակատարութեան ներկայ էին Արամ Ա Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տաճատ եպս. Աշըքեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթերեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կենտրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, պատգամաւորներ եւ պետական պաշտօնատարներ, Բուրջ Համուդի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, միութիւններու, կառոյցներու եւ վարժարաններու ներկայացուցիչներ:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ապա օրւան հանդիսավարներ Սագօ Եագուպեանն ու Արազ Էլէյճեան բացումը կատարեցին ձեռնարկին, ներկայացուցին Դաշնակցութեան 135 տարիներու բեղուն ուղին, անդրադարձան կուսակցութեան կողքին գործող ուղեկից կազմակերպութիւններու կարեւորութեան:

Անկէ ետք տպաւորիչ կերպով սրահ մուտք գործեցին Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու՝ ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու, ուղեկից կազմակերպութիւններու՝ Համազգայինի, ԼՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց միութիւններուն դրօշակներով ամենայն հանդիսաւորութեամբ բարձրացան բեմ: Անոնց մուտքին ընթացքին հնչեց արւեստագէտ Սերուժ Պաղտասարեանի կողմէ յատուկ այս ձեռնարկին համար պատրաստւած ձայնաշարը՝ «Մենք անկեղծ զինւոր ենք» երգի վերամշակւած երաժշտութիւնը: Միջանկեալ Ս. Եագուպեան եւ Ա. Էլէյճեան ներկայացուցին միութիւններու կարճ պատմականներն ու անոնց մասին վկայութիւններ: Աւարտին կարդացւեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ դոկտ. Բաբգէն Փափազեանի պատգամը, ուր ան կըսէ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատաց հայ ժողովուրդի ներքին կորովին, ներքին կենսունակութեան ու ազատութեան լոյսի ծարաւին, ու գրեց իր դրօշակին վրայ՝ «Ազատութիւն կամ մահ»: Այս խօսքին զուգահեռ բեմին մէջտեղը զետեղւած ՀՅԴ-ի զինանշանը լուսաւորւեցաւ, եւ հնչեց «Մշակ բանուոր» քայլերգը:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ազատագրական պայքարի նահատակներուն յիշատակը:

Ալպեր Պալապանեան. «Բոլոր կողմերուն հետ խօսակից մնալու, համայնքներու իրաւունքները պաշտպանելու եւ որոշումներու անկախութիւնը պահելու սկզբունքները պիտի առաջնորդեն ՀՅԴ-ն յառաջիկայ ընտրութիւններուն»

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան օրւան տօնակատարութեան պարզւող համախմբումի այս պատկերը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ կանգնիլ Դաշնակցութեան կողքին եւ զօրակցիլ անոր յայտարարած բոլոր առաջադրանքներուն, նաեւ կը պարտաւորեցնէ կուսակցութեան պատասխանատուները՝ ժողովուրդին ներկայացնելու տարւած հիմնական աշխատանքները, առկայ դժւարութիւնները եւ դարձեալ ժողովուրդին ապաւինելու՝ իրականացնելու համար ապագայի ծրագիրները:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի, Հայ եկեղեցւոյ, Արցախին, Լիբանանին, լիբանանահայութեան պարզած այսօրւան ծանր պատկերը, որուն վրայ կու գայ աւելնալու Միջին Արեւելքի անորոշ վիճակը:

Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ կացութեան՝ Ա. Պալապանեան յայտնեց, որ հակառակ որոշ յուսադրիչ տւեալներու առկայութեան, կը յամենան խոր հարցեր. «Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն գերադասեց համաձայնական հողի վրայ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու ընտրանքը, որ կը յաջողէր ապահովել պետական հաստատութիւններու կամ ընտրութիւններու եւ նշանակումներու անխափան ընթացքը: Մենք պիտի շարունակենք սատարել պետականութեան հզօրացման եւ երկիրը ճգնաժամերէն դուրս բերելու նախագահական ու կառավարական ծրագիրներուն:

Այժմ պահանջւածը հիմնականին մէջ Դիմադրութեան զինաթափումն է: Որեւէ գործընթացէ առաջ պայման է, որ Իսրայէլ դադրեցնէ յարձակումները եւ իր ուժերը հեռացնէ լիբանանեան հողերէն», շեշտեց ան՝ դիտել տալով, որ եթէ երկու կողմերը չգործադրեն զինադուլի հաստատման որոշումները, կայացած համաձայնութիւնները եւ ՄԱԿ-ի որոշումները կը մնան օդին մէջ, եւ այս վիճակը կը շարունակւի:

Խօսելով ընկերային-տնտեսական կացութեան մասին՝ Պալապանեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ օրէնքի հաստատումը, պետութեան հզօրացումը, հասարակութեան մէջ արդարութեան հաստատումը՝ ոչ միայն ֆինանսական իրաւունքները վերադարձնելով քաղաքացիներուն, այլ նաեւ անոնց ընկերային ամէն տեսակի ծառայութիւններ տրամադրելով: Ան աւելցուց, որ արտաքին օժանդակութիւններ ունենալու համար առանցքային է ներքին միասնականութիւնը, բոլոր համայնքներուն եւ լիբանանեան քաղաքական դաշտը բաղկացնող ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը, Լիբանանի շահերու գերադասումը եւ շրջանցումը հատւածական մօտեցումներու: «Միշտ այս առաջադրանքով ներկայացած է Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ՝ բոլոր կողմերէն ակնկալելով քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերուն լուծում տալու միակ ընտրանքի որդեգրումը»,- նշեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով լիբանանեան քաղաքական կեանքը՝ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ բոլոր կողմերուն հետ խօսակից մնալու, համայնքներու իրաւունքները պաշտպանելու եւ որոշումներու անկախութիւնը պահելու սկզբունքները պիտի առաջնորդեն կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

«Թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ Դաշնակցութիւնը բաց է երկխօսութեան եւ գործակցութեան: Տարանջատելով ընտրական դաշինքը քաղաքական համագործակցութենէն՝ մենք խորհրդակցութիւններ արդէն իսկ կունենանք բոլոր շրջանակներուն, քաղաքական հոսանքներուն եւ կուսակցութիւններուն հետ: Պատրաստ ենք նաեւ գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը յարգեն մեր իրաւունքները, կընդունին մեր սկզբունքները եւ իրենք եւս հետամուտ կը դառնան, որ չշրջանցւին համայնքներու ինքնուրոյն որոշում կայացնելու դրոյթները», ըսաւ ան՝ զգուշացնելով Դաշնակցութեան ընտրական ուժը տկարացած ներկայացնելու փորձերէն, որոնք կը միտին այս կամ այն կողմի թեկնածուն պարտադրել մեզի, քաղաքական դիրքորոշում ճշդել մեր փոխարէն:

Անոր համաձայն, թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան կը շարունակէ գործել արդիւնաւէտ եւ կազմակերպւած ձեւով: «Նոյն կազմակերպւածութեամբ եւ հայկական քւէն դէպի համայնք առաջնորդելով, Դաշնակցութիւնը պիտի առաջադրէ խորհրդարան հասցնել համայնքի կեանքին հաղորդ, Լիբանանի քաղաքացիական շահերն ու համայնքային իրաւունքները զուգահեռ ձեւով հետապնդող Հայկական պատգամաւորական բլոկ, որ պիտի շարունակէ աւանդական վարքագիծը», հաստատեց Պալապանեան: «Վստահելով իր ընտրազանգւածի ուժին, որ պիտի մերժէ հայ համայնքի ներկայացւածութիւնը տալ այնպիսի թեկնածուներու, որոնք կապ չունին համայնքին հետ, հայութեան հետ, որոնք անհաղորդ են լիբանանահայութեան խնդիրներուն եւ իւրայատկութիւններուն», յայտնեց ան:

Լիբանանի մէջ ծանրացող ընկերային տագնապին անդրադառնալով՝ Ալպեր Պալապանեան ըսաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն առաջնահերթութիւն կը նկատէ համայնքի կարիքաւոր խաւի օժանդակութեան լծւած բոլոր բարեսիրական միութիւններուն սատար կանգնիլը, իսկ երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը կրթական մարզն է, որ այսօր կը դիմագրաւէ տարբեր տագնապներ: «Պարտաւոր ենք բոլորս՝ իբրեւ կրթական պատասխանատու մարմիններ, յարանւանութիւններու ղեկավար կազմեր եւ կուսակցութիւններ միասնաբար լուծում բերելու այսօրւան տնտեսական, կրթական, վարչական եւ մարդուժի դժւարութիւններուն: Եթէ տուժէ հայ դպրոցը, կը տուժէ հայ համայնքը, կը տուժէ ամբողջ սփիւռքը», շեշտեց ան: Պալապանեան դիտել տւաւ, որ գաղութի դժւարութիւններու յաղթահարման ի խնդիր ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն կանոնաւոր հերթականութեամբ խորհրդակցութիւններ կունենայ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ տարբեր միութիւններու պատասխանատուներուն հետ ու պիտի շարունակէ աւանդական ուղեգիծը թէ՛ ներհայկական միասնականութեան, եւ թէ՛ լիբանանեան երկխօսութեան եւ միջհամայնքային համակեցութեան շեշտադրման առումներով:

Իր խօսքին երկրորդ բաժինով Ալպեր Պալապանեան կենտրոնացաւ Հայաստանի վիճակին, Հայ եկեղեցւոյ դէմ մղւող արշաւին վրայ: Ան թւեց Հայաստանի ներկայ իշխանութեան կողմէ հրապարակ նետւած կեղծ օրակարգերը, մեր ինքնութեան, պատմութեան եւ արժէքներու խորհրդանիշները նսեմացնելու փորձերը, պատմական Հայաստանի վերականգնումը մոռացութեան տալու ճիգերը, Հայոց պատմութիւնը իւրովի ներկայացնելու փորձերը, պետական շահերը ազգային շահերէն զատորոշելու միտումները, եւ ի վերջոյ՝ Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան ամէն կապ անջատելու փորձերը հայկական կազմակերպւած սփիւռքին հետ՝ շեշտելով, որ այս բոլորը կասեցնելու լաւագոյն առիթ են յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:

«Ո՛չ կըսենք այս մօտեցումներուն, վճռական ո՛չ, որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը ազգային գաղափարախօսութիւնն է, ժողովուրդի եւ հայրենիքի պայքարին նւիրւած գաղափարախօսութիւնն է: Ա՛յն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ ամբողջական Հայաստանին, կերտեց մայիսեան հերոսամարտեր, ազատագրեց Արցախը, վերանկախացուց մեր հայրենիքը, հաւատարիմ պիտի մնայ Անկախութեան հռչակագիրին, ա՛յն ժողովուրդը, որ պիտի հեռացնէ ապազգային իշխանութիւնները, Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ կը պայքարի վաղւան հզօր հայրենիքին եւ ազգային պետականութեան համար:

«Նաեւ միեւնոյն ժողովուրդին լիբանանահայ հատւածը, որ գիտցաւ բոլորւիլ մեր կառոյցներուն շուրջ, պահելու համար այս համայնքի անվտանգութիւնը, որ միշտ առաջին գիծերուն վրայ գտնւեցաւ Հայ Դատի ամէն տեսակի պայքարներուն, որ հասաւ Արցախի ազատամարտին եւ համայն սփիւռքին, եւ որ իրաւամբ գրաւեց մեր պահանջատիրական զանազան աշխատանքներուն առաջին դիրքերը: Այն լիբանանահայութիւնը, որ վճռած է բարձր պահել պայքարի դրօշը, Դաշնակցութեան դրօշը», եզրափակեց Ա. Պալապանեան:

Ապա ցուցադրւեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ ներկայացւեցան նախորդ տարի ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէին եւ անոր զուգահեռ գործող կառոյցներուն տարած աշխատանքները:

Հայրենի արւեստագէտ Շուշան Պետրոսեան մեկնաբանեց «Անունս Արցախ է» երգը, իսկ Արսէն Գրիգորեան՝ «Վերցունք տղերք զհրացան» երգը՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի անդամներուն:

Արմէն Ռուստամեան. «Ներկայ մարտահրաւէրների յաղթահարման միջոցը Սփիւռքում Համահայկական զօրաշարժի առաջացումն է, իսկ Հայաստանում իշխանափոխութեան օրակարգի շուրջ ընդդիմադիր կուռ ճակատի ձեւաւորումը»

ՀՅԴ Բիւրոյի տեսագրւած խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ ըսաւ, թէ այսօր ազգովին կանգնած ենք մեր հաւաքական լինելիութիւնը պահպանելու հրամայականին դէմ յանդիման, մանաւանդ որ առկայ է վտանգ հաւաքական լինելիութիւնը անհատի ֆիզիկական գոյութեան հետ շփոթելու մէջ: «Դաշնակցութեան համար միշտ էլ առաջնային եւ գերակայ նպատակ է եղել ողջ հայութեան՝ որպէս ազգային հաւաքականութեան, ինքնատիպութեան պահպանումը, նրա առաջընթաց զարգացումը եւ, այդպիսով, հայ ազգի յարատեւութեան ապահովումը: Քանզի արժէք եւ իմաստ ունեցող ամէն ինչի առանցքում մեր հայկական ինքնութիւնն է: Ինքնութիւն, որի յենասիւներն են՝ մեր ընդհանուր հայրենիքը, հայոց լեզուն, մեր սերունդների ժառանգութիւնն ու մշակոյթը եւ մեր սուրբ կրօնն ու հաւատամքը:

«Իսկ սեփական ազգային ինքնութեան հետ իր պորտալարով չկապւած անձը սովորական մահկանացու է՝ անցողիկ եւ անյիշատակ: Միայն իր տեսակը պահպանող եւ ազգի ճակատագրով ապրողն է, որ մաս է կազմում իր իսկ ազգի յարատեւութեանը եւ ունի տեսլականը յաւերժական կեանքի», շեշտեց Ռուստամեան: Ան դիտել տւաւ, որ այսօր ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ աշխատանք կը տարւի թուլցնելու մեր դիմադրողականութիւնը, որով ժողովուրդը կարողութիւնը ունի յաղթահարելու ամէն փորձութիւն: Ներքին իմաստով գործող վարչախումբը միայն թշնամիին սպասարկող ու ծառայող իր յանձնւողական քաղաքականութեամբ մեծ վնասներ հասցուցած է ու կը շարունակէ հասցնել հայութեան, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ յայտնելով, որ այս ոչ ազգային ուղեգիծին իբրեւ հետեւանք կատարւեցաւ արցախահայերու նոր ցեղասպանութիւն, հայաթափ եղաւ հերոսական Արցախը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտեցաւ, անոր ինքնիշխանութիւնը վտանգւած է, մեծաթիւ նահատակներ տւինք յանուն ոչինչի: «Վարչախումբը փաստացի ստանձնելով թուրք-ադրբեջանական դաշինքի պահանջները հիմնաւորողի, օրինականացնողի եւ կատարողի գործառոյթը, ձեռնամուխ եղաւ՝ կոտրելու ազգային ոգին, սպառելու պայքարի հնարաւորութիւնները եւ հասարակութեանը մղելու անճարութեան: Դա կատարւում էր հային հայ պահող եւ մեր յաղթանակների հիմքերը ձեւաւորած ամէն ինչ արժեզրկելու եւ խարխլելու միջոցով», ըսաւ ան՝ զգուշացնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան հռչակագիրէն հրաժարելէ, Արցախը յանձնելէ ետք այսօր իշխանաւորները կը միտին հրաժարիլ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն՝ զայն եւս տանելով դէպի կորուստ:

Արմէն Ռուստամեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայ վարչախումբին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրւած խաղաղութեան սին պատրանքները, որոնք խորքին մէջ ժամանակաւոր զինադադար են՝ նոր զիջումներու նախաշեմին: «Այսպիսի խաղաղութիւն ստանալը փաստացի խաղաղութիւն է թուրքացման դիմաց: Թուրք-ադրբեջանական դաշինքը այս վարչախմբի օժանդակութեամբ, ներքաշել է մեզ սողացող անձնատւութեան մէջ, որի նպատակն է առաւելագոյնը ստանալ մեզ հասցրած պարտութիւնից: Ինչը նշանակում է Ադրբեջանի գլխաւոր պահանջի իրականացում, այն է՝ Հայաստանը վերածել փաստացի Արեւմտեան Ադրբեջանի», շեշտեց ան:

Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ընդդիմութիւնը քրէօրէն հետապնդելու, անձնիշխանութեան ձեւաւորման դատապարտելի երեւոյթներուն՝ շեշտելով, որ կարելի չէ այսպէս շարունակել. «Մեր սերնդի պատմական առաքելութիւնն է, նախ եւ առաջ կասեցնել այս ընթացքը, վերականգնել Հայաստանի զարգացման ազգային պետական ուղեգիծը եւ ազատել հայ ժողովրդին անձնատւութիւն կամ պատերազմ կործանարար երկընտրանքից»: Ան հրամայական նկատեց Հայաստանը զարգացման ուղեգիծի վրայ դնելը, մերժել պարտադրւած քաղաքականութիւնը, պահել ազգին ու պետութեան յարատեւութեան համար լաւն ու օգտակարը եւ մերժել ու արմատախիլ ընել վատն ու վնասակարը. «Միայն այդպէս ժողովուրդը սպառողական հասարակութիւնից կը դառնայ արարող եւ գերագոյն իշխանութեան միակ կրողը: Պետութիւնը կը դադարի լինել միայն մէկ անձի կամ վարչախմբի ապաստարանն ու սպասարկողը եւ կը դառնայ կենսունակ ու բոլորինը: Պետութիւն, որ կոչւած կը լինի ապահովելու ոչ միայն անհատի ու քաղաքացու, այլեւ ազգի ու նրա ինքնութեան կենսունակութիւնն ու զարգացումը»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը առաջնահերթ նկատեց հետեւեալ քայլերը՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ վերականգնել ժողովուրդի ներազգային համերաշխութիւնը, միասնականութիւնը, վերականգնել զինւած ուժերու մարտունակութիւնն ու անվտանգութեան համակարգերու արդիւնաւէտութիւնը, դաշնակից երկիրներու հետ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատել՝ կենսական զիջումները բացառող արտաքին զօրակցութիւն ապահովելու համար, Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը իրականացնել կողմերու օրինական շահերու յարգումով՝ իբրեւ նախապայման առաջադրելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ադրբեջանական զօրքերու դուրսբերումը, բոլոր ռազմագերիներու ու պահւող անձերու վերադարձը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը: Իր թւած կէտերուն մէջ ան հիմնական նկատեց նաեւ հետապնդել արցախահայերու հաւաքական հայրենադարձութեան իրաւունքը, ապահովել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի անվտանգ պայմաններ, սատար կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմաններու, եւ վերջապէս՝ Հայաստանի մէջ հաստատել ժողովուրդի իրական իշխանութիւն եւ վերականգնել երկրի սահմանադրական կարգը:

«Այս նպատակներին հասնելու միջոցը՝ սփիւռքում համահայկական զօրաշարժի առաջացումն է, իսկ Հայաստանում իշխանափոխութեան օրակարգի շուրջ միացեալ ուժերով ընդդիմադիր, կուռ ճակատի ձեւաւորումը: Մենք, նախեւառաջ պարտաւոր ենք, սա սկսել մեզանից՝ միասին ապահովելով ամբողջական համադաշնակցական զօրաշարժ»,- շեշտեց Ռուստամեան:

Ձեռնարկին եզրափակիչ բաժինով Շուշան Պետրոսեան մեկնաբանեց «Բեր բազուկդ» եւ «Հայրենիք», իսկ Արսէն Գրիգորեան՝ «Արծիւ սլացիր» եւ «Գինի լից» երգերը՝ հայրենասիրական խրոխտ մթնոլորտի մէջ հանդիսութիւնը հասցնելով իր խանդավառութեան գագաթնակէտին:

Ձեռնարկի փակումը կատարւեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Arfd.am