Գաղափարական

«Դրօշակ»-ը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վաւերագիրը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 130-ամեակը:

ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 130-ամեակը բնականաբար առիթ է գօտեպնդւելու յոբելենական տարւան խորհուրդով, մասնաւորաբար վերանորոգելու մեր ուխտը, մեր հաւաքական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալ ազգին ծառայելու նւիրական արժէքներուն ու անոր աւանդներուն:

Անկասկած յոբելենական տարին առիթ կը հանդիսանայ նաեւ վերարժեւորելու, ինքնասրբագրումի, ինքնաքննադատութեան եւ հաշւետւութեան տարի մը ըլլալու մեր համախումբ կեանքի եւ պայքարի երթին մէջ:

Վերոնշեալ լոյսին տակ խիստ կարեւոր է բնականաբար ծանօթանալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 130-ամեայ այս կուսակցութեան գաղափարական վճիտ աղբիւրը եղող հայ մարդու աշխարհահայեացքին, ցանկութիւններուն եւ երազներուն:

Իսկ ո՞ւր կարելի է գտնել այդ բոլորը, եթէ ոչ՝ դաշնակցական մարդու, մարտնչող հա՛յ մարդու ձայնն ու գրիչը, խօսքն ու գրաւոր արտայայտութիւնը ամփոփող հրատարակութիւններու մէջ, որոնց հարազատ մէկ օրինակը կը հանդիսանայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրգանը՝ «Դրօշակ»-ը, որ այսօր 129 տարիներ յետոյ, երբ կանգնած է 130-րդ ամեակի սեմին. երբ կարճ ընդհատումէ մը ետք կրկին անգամ լոյս կը տեսնէ:

Դաշնակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը պէտք է ընկալել պաշտօնական խօսք փոխանցելու պարտաւորութեան իմաստին զուգահեռ, ժողովուրդի լայն խաւերու այլազան հետաքրքրութեանց բաւարարութիւն տւող լրատւութիւն եւ զուգահեռաբար մեկնաբանութիւն կատարող թերթի հասկացողութեամբ, առանց ոչ մէկ պարագայի զիջելու Դաշնակցութեան հիմունքները հանդիսացող իր դիմագիծէն:

Մամուլը միայն զինք հովանաւորող մարմնի պաշտօնաթերթը չէ, այլ համակուսակցական, համազգային, համամարդկային, անկիւնադարձային, նոյնիսկ որոշ տարողութեամբ աւելի փոքր մտահոգութիւններ ու խնդիրներ արտայայտող բաց բեմ է:

Արդարեւ, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի ուղին լուսարձակի տակ առնելու համար անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկով փորձ կատարել իրազեկ դառնալու համար անոր անցած ուղին, հանգրւան առ հանգրւան:

Երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը հիմնւի Թիֆլիսի (Կովկաս) մէջ 1890-ին, եւ հաղորդագրութեամբ՝ մը կաւետէր իր ծնունդը. «Մանիֆեստ» եւ «Թռուցիկ թերթ» հրատարակութիւններով հիմը կը դրւի դաշնակցական առաջին թերթին, որուն կը յաջորդէր պաշտօնական օրգան՝ «Դրօշակ»-ի լոյս ընծայումը (առաջին թիւերը հրատարակւած են Թիֆլիսի մէջ, 1891-ին մայիսին եւ սեպտեմբերին, Դաշնակցութեան գաղտնի տպարանէն): «Դրօշակ»-ի 3-րդ թիւը լոյս կը տեսնէ Կոնստանցիոյ (Ռումանիա) մէջ, 1892-ին: Այնուհետեւ, թիւ 4-էն սկսեալ (1893), կը հրատարակւի Եւրոպայի ամենէն ազատական երկրին՝ Շւէյցարիոյ Ժնեւ քաղաքին մէջ, մինչեւ 1914, երբ ժամանակաւորապէս կը դադրի, վերահրատարակւելու համար տասնամեակ մը ետք:

1898-ին «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան շուրջ կազմաւորւած է դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրօն:

Այս առաջաբանով կը հաստատենք, որ «Դրօշակ»-ը, իբրեւ ամսաթերթ, երկրորդ անգամ վերստին հրատարակւած է 1925-1933-ին, Փարիզի մէջ, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ: 1891 մայիսէն մինչեւ 1931 մայիս հրատարակւած է 308 թիւ «Դրօշակ»:

«Դրօշակ» երրորդ անգամ 1969-1985-ին իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ հրատարակւած է Բէյրութ՝ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով, խմբագիրներ ունենալով Բաբգէն Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան:

«Դրօշակ» չորրորդ ժամանակաշրջանը կը ճշտորոշւի 1986-2005 թւականները իբրեւ խմբագիր՝ Նազարէթ Պէրպէրեան: 1986 ապրիլէն՝ որպէս երկշաբաթաթերթ, սակայն վերջին քանի մը տարիները՝ իբրեւ եռամսեայ դրութեամբ:

Իսկ հինգերորդ ժամանակաշրջանը՝ «Դրօշակ»-ը կը սկսի հրատարակւիլ յուլիս 2007-ին, Երեւանի մէջ, այս անգամ կրկին ընդհատւելով 2011 թւականի յուլիսին: Լոյս կը տեսնէ ամսական դրութեամբ, գլխաւոր խմբագիր ունենալով հայրենի գրող-արձակագիր, շարժապատկերագիր, հրապարակախօս, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեանը, իսկ խմբագիր՝ դոկտ. պրոֆ. Կարէն Խանլարեանը:

Քրիստափոր Միքայէլեանը, Սիմոն Զաւարեանը եւ այլ մտաւորական ընկերներ Ժնեւեան խմբագրատան բակում Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բ Ընդհանուր ժողովը (1898, Թիֆլիս) որոշած էր տանիլ քարոզչական աշխատանք արտասահմանի մէջ՝ եւրոպական քաղաքական շրջանակներու վրայ բարոյական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով: Այս ծրագրի կենսագործման համար Ժնեւ կերթայ Քրիստափոր Միքայէլեան, որ կը բարձրացնէ մակարդակը «Դրօշակ» թերթին՝ Ակնունիի, Ահարոնեանի եւ տաղանդաւոր այլ մտաւորականներու աշխատակցութեամբ: Այսպիսով, «Դրօշակ» հետզհետէ կը ստանայ նոր որակ:

Քրիստափոր Միքայէլեան «Դրօշակ»-ի համար կապահովէ նաեւ աշխատակցութիւնը օտար հայասէրներու, ինչպէս՝ Ժան Ժոռէս, Ֆրանսիս դը Փրեսանսէ, Անաթոլ Ֆրանս, Փիեր Քիար եւ ուրիշներ:

Արդարեւ, ժամանակի ընթացքին Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, նպատակներուն եւ իրագործումներուն բեմը կը դառնայ «Դրօշակ»-ը՝ դրսեւորելու դաշնակցական նկարագիրը: Բարոյական ըմբռնումներուն, յեղափոխական արարքներուն, քաղաքական մտածողութեան հայելին՝ «Դրօշակ» տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան աղբիւր պիտի հանդիսանար:

«Դրօշակ» իբրեւ տպագիր մամուլի մէկ անդամը գոյատեւած է կարգ մը ընդմիջումներով:

«Դրօշակ»-ը հերթական հինգ ժամանակաշրջաններու մէջ լոյս տեսած է եւ աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ: Ընդհատումները եւ վայրի փոփոխութիւնները բնականաբար ունեցած է իր պատճառները:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջական եւ առարկայական պատմութիւնը հոն գրի առնւած են, անկասկած, լրատւական եւ գաղափարախօսական խիստ կարեւոր եւ արխիւային փաստերու հիման վրայ շարադրւած կոթողային աշխատութիւն մըն է ան, հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ դէպքեր, դէմքեր նոյնիսկ բազմաթիւ իրողութիւններ ալ պարզապէս գրի առնւած չեն:

Հոն ներառւած են՝ գաղափարական, քաղաքական, յեղափոխական, մարտական, ռազմական, կուսակցական, ընկերային եւ այլ նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն իւրաքանչիւր դաշնակցական համեստ շարքայինէն սկսած մինչեւ պատասխանատու մարմիններ: Հոն բանաձեււած են գաղափարներ, որոնք մէկս կը զատորոշեն միւսէն: Գաղափարնե՛ր, որոնք նկարագիր կու տան մարդոց, որոշ խառնւածք մը կը բնորոշեն եւ ի վերջոյ կը ճշտեն մարդոց տեսակը այս աշխարհին մէջ:

ՀՅԴ կուսակցութեան ու հայ ժողովուրդի անցած ուղին ու յեղափոխական ժառանգութիւնը ներկայացնելուն ու ամբողջական աշխատանք դառնալուն կոչւած այս հրատարակութիւնը վերածւած է գաղափարական եւ ազգային-հայրենասիրական ուղղութիւն եւ մտածողութիւն տարածել սերունդէ սերունդ մամուլի միջոցով:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան լրատւական եւ գաղափարական հրատարակութեան՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական ժամանակաշրջաններու վկայագրութիւնը կը սկսի 1891 թւականի մայիսին:

 

Առաջին ժամանակաշրջան

«Դրօշակ»-ի առաջին համարներէն մէկուն մէջ կը նշւի, որ իր էջերուն մէջ կը պարզաբանւի Դաշնակցութեան ծրագիրը:

Իւրաքանչիւր թիւի մէջ առաւելաբար կան նամակներ եւ թղթակցութիւններ, գրեթէ բացառաբար, «Թուրքաց Հայաստան»-էն, Շապին-Գարահիսարէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն, Վանէն, Կարինէն, Ակնէն, Բաղէշէն, Սեբաստիայէն, Երզնկայէն, Մուշէն, Տիգրանակերտէն, Ալաշկերտէն, ինչպէս նաեւ՝ Պոլիսէն:

Այդ նամակներն ու թղթակցութիւնները թանկագին վաւերագիրներ են, անգնահատելի ատաղձ՝ հայ յեղափոխական եւ ազատագրական շարժման պատմութեան համար: Հոն պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքերը տրւած են ականատես վկայ եւ մասնակից անձերու կողմէ:

Թղթակցութիւնները կը ներկայացնեն Երկրի կեանքը՝ թիւերով, վիճակագրական տւեալներով, տեղեկութիւններով, իրողութիւններով, փաստերով, յաճախ առանց մեկնաբանութեան, եւ՝ կողմնակի խորհրդածութիւններով:

Նամակներ կան նաեւ հարեւան երկիրներէն՝ այդ երկիրներու հանրային կեանքին եւ յեղափոխական շարժումներուն մասին: Կան նաեւ ականատեսի եւ մասնակցողի վկայութիւններ Բանկ Օտտոմանի գրաւման, Խանասորի արշաւանքի եւ այլ հայդուկային կռիւներու մասին:

Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է ըսել, որ ՀՅԴ արխիւային տարբեր տեսակի թղթածրարները՝ փաստաթուղթերը տաժանելի մեծ դժւարութիւններով կը հասնէին «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւն: Մէկ խօսքով պատերազմական լրագրողութիւն կատարւած է:

«Դրօշակ»-ին նպատակասլացքը սկիզբէն ի վեր եղած է «Ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդով»:

Ա հատորը կընդգրկէ «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան առաջին տասնամեակի առաջին կիսուն (1890-1897) լրիւ հաւաքածոն, ընդամէնը՝ 750 մեծադիր էջ: Բ հատորը կընդգրկէ՝ 1898-1901, Գ հատորը՝ 1902, 1903, 1904, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Բէյրութ (629 էջ), եւ Դ հատորը՝ 1905, 1906, 1907, նոյնպէս վերահրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Բէյրութ (691 էջ):

«Դրօշակ»-ի թուղթի չափը (հատորներուն) 29 X 22 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ դեղինի զարնող, ծաւալը՝ իւրաքանչիւր թիւ 8 էջ:

Սկսելու համար կը կենտրոնանանք Ա հատորին վրայ, որ Ներածութեան մէջ պարզաբանւած են Դաշնակցութեան հետապնդած նպատակները եւ «Դրօշակ»-ի կատարելիք դերը:

Այնուհետեւ, Ա հատորին սկիզբը գրւած է Հ. Յ.  Դաշնակցութեան «Մանիֆեստ»-ը՝ գրւած 1890-ին, յայտնի չէ՝ ո՛ր ամսուն: Այդ թւականին Դաշնակցութիւնը դեռ «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն» էր լոկ:

«Մանիֆեստ»-էն ետք հատորին կցւած է «Դրօշակ»-ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 2-ը, 1891 թւականին, կարճ ծանօթագրութեամբ. «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հրատարակելով այս թերթը, յայտնում է, որ մօտիկ ապագայում նա կունենայ իր օրգանը «Դրօշակ» անունով, ուր, ի միջի այլոց, կը պարզաբանւի Դաշնակցութեան ծրագիրը»: Պատմութեան համար արձանագրենք միայն, որ «Դրօշակ»-ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 1-ը կորսւած է դժբախտաբար եւ այդ պատճառով ալ «Դրօշակ»-ի Ա հատորին մէջ տեղ չէ գտած:

Վերոնշեալ հատորին մէջ տեղ գտած է ««Դրօշակ»-ի թռուցիկ թերթ» մը, որ հրատարակւած է 15 նոյեմբերի 1894-ին, Վիեննայի Դաշնակցութեան ազատ տպարանէն, խորագիրը՝ «Հինգ հազար նահատակներ», որ կը խօսի Սասունի կոտորած ին մասին, վերջաւորունթեան «Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ստորագրութիւնը կայ:

Արդարեւ, «մօտիկ ապագային», 1891 մայիսին, սկսաւ հրատարակւիլ «Դրօշակ»-ը՝ իբրեւ ««ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» օրգան»:

«Դրօշակ»-ի բոլոր յօդւածները եւ թղթակցութիւնները, նամակները, ներքին եւ արտաքին տեսութիւնները, տեղեկագիրները, վերջապէս, ինչ որ գրւած է թերթին մէջ, հասկնալի պատճառներով անստորագիր են: Հետագային, սակայն, չենք գիտեր ո՛վ եւ ե՛րբ, կարգ մը յօդւածներու եւ թղթակցութիւններու տակ աւելցուցած է գրողին անունը: Եւ շնորհիւ այս բարեդէպ «միջամտութեան», այսօր գիտենք այլեւս, թէ խնդրոյ առարկայ յօդւածները գրւած են՝ Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Յոնանի, (Յովնան) Խաժակի, եւ Իւսուֆեանի եւ այլոց կողմէ: Նամակները եւ թղթակցութիւնները գրած են՝ Պետօ, Մեխակ, Դժոխք, Մուրատ, Թաթուլ, Ազրայէլ, Ս. Շխեան, Ղարա Մելիք, Օր. Շահնազարեան-տկն. Եղ. Զօրեան, Ս. Մինասեան, Մ. Յովհաննիսեան, Լ. Սարգսեան, Սմբատ, Հրաչ, Ան. Քալանթար, Վարդ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Շնորհիւ վերոնշեալ նամակներուն եւ թղթակցութիւններուն, հոն կը գտնենք լրիւ տեղեկութիւններ Հայաստանի այդ օրերու կացութեան եւ այն բոլոր հարցերուն մասին, որոնք 1890-ական թւականներուն եւ անկէ ետք կը ներկայանային հայ ժողովուրդին եւ անոր արժանաւոր ղեկավարութեան:

Խմբագիրներ եղած են՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան), Յոնան Դաւթեան, Միքայէլ Վարանդեան: Իսկ խմբագրական, վարչական մարմիններու անդամներ եւ աշխատակիցներ եղած են՝ Սիմոն Շխեան, Գարեգին Խաժակ, Արշակ Վռամեան, Էդգար Ակնունի, Աւետիս Ահարոնեան, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Տ. Յովհաննիսեան, Արմէն Գարօ, Հրաչ, Անտոն Գոշ (Անտոն Պոյաճեան, Դիւանապետ) եւ ուրիշներ:

«Դրօշակ»-ի թիւերուն բովանդակութեան բաժիններն են՝ «Արտաքին տեսութիւն», «Ներքին տեսութիւն», «Տեղեկագիր», «Կոչ», «Տեղեկութիւններ», «Թռուցիկ թերթ», «Ազդ», «Թուրքիոյ շուրջը», «Յայտարարութիւն» եւ այլ խորագիրներ:

Հրատարակութեան վայրեր եղած են.

1.- Թիֆլիս (Վրաստան) 1891-1892

2.- Կոնստանցիա (Ռումանիա) 1892-1893

3.- Ժնեւ (Զուիցերիա) 1893-1914

Ժնեւի մէջ «Դրօշակ»-ի շէնքը գտնւած է 69 Chemin de Roseraie, երկյարկանի, ութ սենեակնոց տուն մը, գնւած 1898-ին. գինը՝ 22.000 ֆրանկ:

Արխիւային իմաստով անհրաժեշտ է կատարել կարեւոր նկատողութիւն մը, որ պաշտօնաթերթի անունին տակ գրւած մակագրութիւնը՝ ««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրգան», շարունակւած է մինչեւ 1897 յունւարի 20: 1897 փետրւարի 8-էն սկսեալ փոխւած է այս բացատրութիւնը եւ դարձած ««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրգան»-ի: Հետագային շարունակւած է այս ձեւը, իսկ վերջին երեք ժամանակաշրջաններուն ալ, «ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ», «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ», «ՀՅԴ  Պաշտօնաթերթ», այսինքն «օրգան»-ը փոխարինւած է «պաշտօնաթերթ»-ով:

Այստեղ տեղին է նշել, որ այս ժամանակաշրջանին «Դրօշակ»-ի շուրջ համախմբւած գործիչները «Դրօշակ»-ի անունով կոչւած էին «դրօշակականներ»: «Դրօշակականներ»-ը կապ հաստատած են եւրոպական երկիրներու քաղաքական ու հասարակական շրջանակներու հետ՝ յոյս ունենալով եւրոպական իշխանութիւններու միջամտութեամբ վերաբանալ եւ ապա լուծել Հայկական հարցը:

 

Երկրորդ ժամանակաշրջան

«Դրօշակ»-ը իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը ծաւալած է Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նաեւ, իր առջեւ խնդիր դնելով տարածել Հ. Յ. Դաշնակցութեան ազատատենչ ու արդարամիտ գաղափարները, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութեան պարտքը կատարել մեր ժողովուրդի հանդէպ, բոլոր գաղթօջախներու մէջ:

1925-ին, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ «Դրօշակ»-ի վերահրատարակման առիթով հաստատագրւած է, որ «Դրօշակ»-ը իբրեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնական օրգանը, բնականաբար արտայայտիչը պէտք է ըլլայ այն միտքերուն եւ գործերուն, որոնք կը բնորոշեն ՀՅԴ-ի ծրագիրը, կազմակերպական կանոնները, ռազմավարութիւնը եւ ընթացիկ քաղաքականութիւնը: Քաղաքական, ազգային, հասարակական եւ մշակութային կեանքի բոլոր երեւոյթները, ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս եւ արտասահմանի մէջ պէտք է լուսաբանւին անոր էջերուն մէջ՝ համաձայն ՀՅԴ-ի սկզբունքներուն եւ որոշումներուն:

«Դրօշակ»-ի թուղթի չափը՝ 32 X 25 սմ., իսկ թուղթին որակը՝ դեղինի զարնող, ծաւալը՝ իւրաքանչիւր թիւ 32 էջ: Պատկերազարդւած՝ սեւ ճերմակ լուսանկարներով:

Այս ժամանակաշրջանին մէջն է, որ առաջին անգամ կը սկսի յիշատակւիլ եւ տօնւիլ Դաշնակցութեան «Օր»-ը:

Դաշնակցութեան «Օր»-ւան յիշատակման առիթով կարժէ յիշատակել «Դրօշակ»-ի 1926-ի օգոստոս-հոկտեմբեր, թիւ 8-9-ի «Արթուն եւ ամուր» խորագրւած յօդւածը, ուր գրւած է. «Դաշնակցութեան «Օր»-ը պիտի դառնայ նախատօնակը հաւատամքի մը, որ ամէն բանէ առաջ ինքն իր ուժին վստահելու, իր ճակատագիրը վարելու կորով ներշնչեց ստրկացած բազմութեան եւ ազգային գիտակցութեան առաջնորդեց բանաւոր հօտը»: Յօդւածը կաւարտի խորագրի երկու բառերը ընդգծելով. «Արթուն՝ ինչպէս սահմանին վրայ կեցած պահակը, ամուր՝ ինչպէս Արարատը, մենք մեր ճամբան պիտի երթանք այն գիտակցութեամբ, թէ Դաշնակցութեան օրերը տօնի համար չեն, այլ քայլերգներ՝ «բախտաւոր օրերու» համար»:

«Դրօշակ»-ի վերահրատարակման երկրորդ ժամանակաշրջանը տեւած է 8-ը տարի (1925-1933), այս ժամանակաշրջանին մէջ կը զուգադիպի Հ. Յ. Դաշնակցութեան քառասնամեակը. այս առիթով ալ «Դրօշակ» կը հրատարակէ բացառիկ թիւ մը:

«Դրօշակ»-ի բացառիկ թիւին մէջ կը հանդիպինք նախ ՀՅԴ Բիւրոյի պատգամին՝ ուղղւած «ՀՅԴ մարմիններին եւ ընկերներին»:

ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքէն անմիջապէս ետք տեղադրւած է «Դրօշակ»-ի խմբագրականը՝ «Դրօշակ»-ն իր դիրքի վրայ» վերնագրով, խմբագրականը կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Հ. Յ. Դաշնակցութեան քառասնամեակի առթիւ իր խօսքն ունի ասելու նաեւ «Դրօշակ»-ը:

«Դրօշակ»-ը, որ Դաշնակցութեան սերանն է հանդիսանում նրա հիմնադրութեան առաջին տարիներից սկսած:

«Դրօշակ»-ը, որի մէջ ամփոփւած են Դաշնակցութեան դիւցազնապատումի ամենասրտագրաւ էջերը:

«Դրօշակ»-ը, վերջապէս, որի աշխատակիցներն են եղել շատերը այն աննման հերոսներից, որոնք Դաշնակցութեան փառքն են կազմում»:

Խմբագրականը կը շարունակւի Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան մասին կարգ մը յիշատակումներով, կը նշւին դիւցազնական դէպքեր եւ դէմքեր, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան մղած պայքարը՝ «ԿԵՆԴԱՆԻ ԳՈՐԾՈՎ», եւ այս գործը «Դրօշակ»-ը դիւրացուցած է իր յօդւածներով եւ միշտ ջանացած է մերկացնել հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ ազատութեան դէմ նիւթւած դաւերը՝ հիմնաւորելով անոնց դէմ յեղափոխական պայքարը մղելու անհրաժեշտութիւնը, ուսումնասիրելով նաեւ այս պայքարին պայմանները եւ այլն, ինչպէս նաեւ կը շեշտւի վերոնշեալ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԸ միշտ յառաջ տանելու «Դրօշակ»-ի պարտականութիւնը եւ այլ հիմնական կէտեր:

Խմբագրականը կաւարտի խիստ կարեւոր հետեւեալ հատւածով. «Դրօշակ»-ը սիրով ստանձնում է այս պարտականութիւնները, վստահ, որ մեր ձեռնհաս մտաւորականութիւնը, դաշնակցականի պատրաստակամութեամբ, իր եռանդուն աշխատակցութիւնը կը բերէ նրանց իրականացման համար:

«Դաշնակցութիւնը կոչ է անում, որ կուսակցական բոլոր մարմիններն ու ընկերները պատրաստ կենան իրենց դիրքերում:

«Դաշնակցութիւնը պէտք է պատրաստ գտնի կուսակցութեան ղեկավար միտքը «Դրօշակ»-ի դիրքերում»: Խմբագրականը ստորագրւած է «ԴՐՕՇԱԿ» գրութեամբ:

«Դրօշակ»-ի երկրորդ ժամանակաշրջանի յօդւածագրութեան ընդգրկած նիւթեր եղած են Դաշնակցութեան «Օր»-ւան, Խանասորի Արշաւանքի, Բանկ Օտտոմանի, մայիս 28-ի, ապրիլ 24-ի, սփիւռքի, Հայ Դատի, ազգային կեանքի զանազան երեսներն ու երեւոյթները վերլուծող կարեւոր ու հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ: Այս ժամանակաշրջանին զգալի է «Դրօշակ»-ի ընդդիմադիր ըլլալը խորհրդային կարգերուն հանդէպ:

Բովանդակութեան բաժիններն են՝ «Խմբագրական», «Մեր զոհերը», «Թուրքիոյ շուրջ», «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին», «Թղթակցութիւններ», «Կուսակցական կեանք», «Հայաստանում», «Ինտերնասիոնալ» եւ այլն: Իսկ յօդւածագիրները՝ Սիմոն Վրացեան (Ս. ՎՐ.), Ն. Հանգոյց (Նիկոլ Աղբալեան), Արշակ Ջամալեան, Ռուբէն, Շաւարշ Միսաքեան, Վազգէն Շուշանեան, Գարեգին Խաժակ, Կարօ Սասունի, Վահան Նաւասարդեան, Ա. Արիսեան, Արշալոյս Աստւածատրեան, Հրանտ-Սամուէլ, Ս. Մասուրեան, Ռ. Սեւեան, Իրազեկ (Յակոբ Տէր Յակոբեան), Աշոտ-Արծրունի, Յովնան Դաւթեան, Ն. Բադալեան, Ասատուր, Զանգի, Օննիկ Մխիթարեան, Գառնիկ Գիւզալեան, Գ. Սազճեան եւ ուրիշներ:

 

Երրորդ ժամանակաշրջան

«Արծիւ» տպարան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին տպարանը

«Դրօշակ»-ի երրորդ շրջանը «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ի ժամանակաշրջանն է: «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ի անւանումը օրին կատարւած է լիբանանեան միջավայրին մէջ լոկ հրատարակչական արտօնագրի նկատումներով: Խորքին մէջ, եւ ըստ էութեան, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ն էր իր գաղափարական լիցքով, շաղախով, բովանդակութեամբ եւ ուղղւածութեամբ:

Լիբանանեան պայմաններու մէջ «Դրօշակ»-ը վերհրատարակւած է 1969-ին, վարիչ-խմբագրութեամբ Բաբգէն Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Սարգիս Զէյթլեանի, որ այդ օրերուն Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն էր: Այս կարգավիճակով «Դրօշակ»-ը հրատարակւած է մինչեւ 1985 թւական, որմէ ետք Յունաստանի մէջ լոյս ընծայւած է «Դրօշակ» աւանդական անունով 1986 մայիսէն ետք:

ՀՅԴ 21-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք, վարիչ-խմբագիր նշանակւած է Սարգիս Զէյթլեան, մինչեւ իր անարգ առեւանգումը, 1985: Փոխխմբագիրներն են՝ Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Վազգէն Էթիմեզեան:

«Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ի թուղթին չափն է 29 X 22 սմ., իսկ թուղթին որակը պարզ է, ճերմակ եւ ծաւալը մինչեւ 24 էջի սահմաններուն մէջ:

«Շաբաթօրեակ»-ի վերահրատարակութեան առիթով հոն կը կարդանք. «Օրաթերթերը հարկադրաբար կը խմբագրւին օրը օրին եւ կը ստանան առօրեայ կեանքի հեւքն ու կշռոյթը: Կը կրեն նաեւ տեղական բնոյթ՝ գոհացնելու համար տեղւոյն հասարակական նեղ պահանջները: Այս շաբաթաթերթ օրգանը լոյս կը տեսնէ՝ դուրս գալու համար առօրեայ հեւքոտ կեանքի ճնշումներէն, փնտրելու աշխարհը ցնցող դէպքերուն եւ իրադարձութեանց մէջ հետքերը՝ մնայուն եւ տեւական արժէքներուն»:

Այնուհետեւ սկզբունքային հարցերը դիտարկելու ձգտումը հանդէս կու գայ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ի մէջ:

Հոն անգամ մը եւս կը շեշտւին, որ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ հաւատամքը ոչ մէկ ատեն տոկմաթիք՝ քարացած վարդապետութիւն եղած է: Շնորհիւ դաշնակցական կարգ մը մտաւորական յօդւածագիրներու եւ յատկապէս խմբագիրներ՝ Բաբգէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական լայնախոհութեան, պաշտօնաթերթին մէջ կը շեշտւի համաշխարհային, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային զարգացումներուն հետ քայլ պահելու, անոնց բացւած մնալու լայնախոհութիւնը:

«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի հիմնական գլուխները կը բաղկանան հետեւեալ բաժիններէ. «Խմբագրական», «Օրւան դէպքերուն առընթեր», «Հրապարակագրական էջեր», «Ազգային այժմէական հարցեր», «Գաղափարա-տեսաբանական հարցեր», «Կազմակերպական հարցեր», «Արձագանգներ», «Մեր մամուլի լուսարձակին տակ», «Օտար գրականութեան լուսարձակին տակ», «Գրականութեան աշխարհէն», «Պատմաբանասիրական հարցեր», «Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններ», «Խորհրդային հարցեր», «Ընկերա-մշակութային հարցեր», «Ընկերային հարցեր», «Ընկերային քաղաքականութիւն», «Այժմէական հարցեր», «Հայկական այլախոհութիւն», «Ազգային ազատագրական շարժումներ», «Նիւթեր հայ յեղափոխական պատմութեան», «Անդրադարձում՝ յեղափոխական դրւագներու», «Անձինք նւիրեալք», «Միջազգային քաղաքական կեանք», «Այլախոհական շարժումներ», «Օրւան մտածումը» եւ այլն:

Թերթին մնայուն յօդւածագիրներն են՝ Էդիկ Յովհաննիսեան, Սարգիս Զէյթլեան (Ս. Կ. եւ Ս. Կալեան), Մուշեղ Իշխան, Բաբգէն Փափազեան, Լեւոն Մկրտչեան, Հրաչ Տասնապետեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Պօղոս Սնապեան, Կարօ Յովհաննէսեան (Կ. Յ.), Վաչէ Բրուտեան (Վ. Բ.), Վազգէն Էթիեմեզեան (Վ. Է., Վարազդատ, Ն. Դիմաքսեան), Ալեքսան Մնակեան, Գրիգոր Աչըգեան, Սարգիս Կիրակոսեան (Ս. Կիրակ), Յ. Քիւրքճեան (Յարութիւն), Անդրէ Ամուրեան, Կարօ Արմէնեան, Պարոյր, Նազարէթ Պէրպէրեան (Խաժակ), Յակոբ Պալեան եւ ուրիշներ:

«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի ժամանակաշրջանը գաղափարաբանութեան եւ գաղափարախօսական նիւթերէ զատ, կընդգծւի ա՛լ աւելի, որպէս ընդդիմադիր մամուլ խորհրդային կարգերու ընդհանրապէս եւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններու նկատմամբ յատկապէս: Թէեւ կը շարունակւի «Դրօշակ»-ի անցեալ ժամանակաշրջանի ուղեգիծը, բայց հոս ալ աւելի սուր գրիչներ ընթացք կառնեն՝ զսպելու խորհրդային կենտրոնացեալ կարգերու կողմէ յոխորտանքներն ու խեղաթիւրւած ստայօդ տեղեկանքները Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներու հասցէին:

Related Articles

Back to top button