31 յունւարի 1986-ի նահատակները, ու պայքարը կը շարունակւի

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ
40 տարի առաջ, 31 յունւարի 1986-ի գիշերը թուրքական ծառայութեան մէջ եղող հայանուն վարձկան տարրեր Բէյրութի մէջ սպանեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան նւիրւած ու տարբեր պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնող ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խուտավերդեանը եւ առեւանգեցին դոկտ. Յակոբ Պարսումեանը:
ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ առաջին նահատակները չէին անոնք, ո՛չ ալ վերջինները եղան:
Իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր, Դաշնակցութիւնը տեւաբար ենթարկւած է տարբեր ուժերու հալածանքին, անոր լաւագոյն ներկայացուցիչները ենթարկւած են բանտարկութեան, գերեվարման, կացինահարումի, առեւանգման, սպանութեան: Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր օրինական ժառանգորդ Թուրքիան, ցարական Ռուսիան թէ համայնավար Խորհրդային Միութիւնը, օտար գործակալութիւններ եւ անոնց վարձկանները, Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ տեսած են այն ներուժը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ հայութեան գոյութեան պահպանման պաշտպանը:
Հետեւաբար հարւածել Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, կը նշանակէ հարւածել հայութիւնը, ջլատել անոր կազմակերպւածութիւնը, քանդել անոր ուժականութիւնը, սադրիչ դաւերու դէմ կանգնելու անոր քաղաքական արթնութիւնը, արժէքներու պաշտպանն ու հայութեան դիմադրական ոգին արթուն պահող քաղաքական ուժը:
Օտարին, թշնամիին կողմէ որեւէ հարւած կրնայ բնական թուիլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պայքարներուն մէջ: Ահաւորը այն է սակայն, երբ հայանուն անձեր մտնելով թշնամիին ծառայութեան մէջ, կը հարւածեն իրենց հայրենակիցը, հայրենիքի՛ ծառայութեան մէջ եղող անհատը կամ կազմակերպութիւնը, եւ վնաս հասցնելով համահայկական շահերուն, ջուր կը լեցնեն թշնամիին ջաղացքին:
Ու երբ ի դերեւ եղած են Դաշնակցութեան ֆիզիկական գոյութիւնը ջլատելու ճիգերը` թէկուզ եւ հարւածելով դաշնակցական ընկերներ, այս անգամ թշնամին եւ անոր հայանուն գործակալները փորձած են կակուղ քաղաքականութեամբ հարւածել Դաշնակցութիւնը, մակաբոյծներու յատուկ ոճով, կաթիլ առ կաթիլ ծծելով անոր արիւնը, ամբոխահաճոյ խօսոյթով, անհիմն տարաձայնութիւններով, անտեղի յերիւրածոյ բամբասանքով, արժէքային համակարգի պարունակազրկումով եւ այլանդակութիւններու տարածումով:
Հոս եւս կայ օտար թշնամի ուժերու հայանուն վարձկաններու ձեռագիրը, որ ներկայ օրերու կասկածելի ու ազգայնազուրկ մտածումներու սփռումը նախամեծար կը նկատէ մեր ժողովուրդի գոյութիւնն ու լինելութիւնը դարեր ամբողջ ապահոված, ապրեցուցած արժէքներէն եւ խորհրդանիշներէն:
Ու կը մոլորին շատեր, այնպէս ինչպէս մեր պատմութեան ընթացքին մոլորած են շատեր:
Կը հաւատան թշնամիին եւ օտարին կողմէ հրապարակւած սուտին, բայց կը մերժեն հայկական, ազգային արժէքային իրականութիւնը:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նահատակութեան ուղին ընտրած է իր ժողովուրդին լինելութիւնը պահպանելու համար:
31 յունւարի 1986-ին ինկած մեր նահատակ ընկերները, նահատակներու ու դեռ նահատակութեամբ ծառայութեան դափնեպսակը տեսնող դաշնակցականներու ուղիին սպասաւորներն են, որոնց յիշատակը յարգելէն անդին, օրինակը պահպանելն ու գօտեպնդւիլն է հրամայականը այսօր:
Ոճիրով, ֆիզիկական չէզոքացումով չքանդւող Դաշնակցութիւնը, կրնայ ու վստահաբար պիտի տոկայ տեւաբար, այլատեսակ` բիրտ թէ կակուղ ու տողատակի հարւածներուն ալ անպայման:
Յարգա՛նք հայ ժողովուրդին ու հայութեան համար իրենք զիրենք մարտի դաշտ նետած մեր նահատակներուն:
Յարգա՛նք 31 յունւարի 1986-ին դաւադրաբար սպանւած մեր նահատակ ընկերներուն:
Հայու ձեռքով հայութիւնը կարելի չէ հարւածել: Ատիկա պարզապէս թշնամիին ծառայութիւն է:
«Ազդակ»



