Գաղափարական

Խանասորի Արշաւանքը՝ հայութեան պատժող բազուկը

Յուլիս 25-ը միայն տարեդարձ մը չի՛ խորհրդանշեր, այլ անկիւնադարձ մը, որ կը վերականգնէ հայորդիին պատմական տիպարը։

1897-ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովին որոշւեցաւ պատժել Մազրիկ ցեղախումբը ծաւալուն արշաւախումբով, որուն նպատակը պիտի ըլլար վրէժը լուծել ջարդւած մարտիկներուն։

1896-ին, Վանի ինքնապաշտպանութենէն ետք, հայ մարտիկնեըը համաձայնութեան յանգած էին օսմանեան կառավարութեան հետ՝ մեկնելու դէպի Պարսկաստան, քաղաքի հայ բնակչութեան կեանքի երաշխաւորումով։ Սակայն, քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հրամանով, ճանապարհին վրայ կոտորածի ենթարկեց մարտիկները։ Աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ զոհւեցան քրտական ցեղախումբի կատարած հայատեաց արարքին։ Հայ մարտիկներու խումբը կը գլխաւորէին դաշնակցական Պետոն, արմենական Մկրտիչ Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը։

24-էն 25 Յուլիս 1897-ի լուսցող գիշերւան կանուխ ժամերուն, 235 դաշնակցական մարտիկներ, որոնցմէ 40-ը՝ ձիաւոր, թուրք-պարսկական սահմանը կտրեցին։ Արշաւախումբը, սկսելով Սալմաստէն, անցաւ Արաուլ լերան լանջը եւ ուղղւեցաւ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը գտնւող Խանասորի դաշտը, որ Մազրիկ ցեղախումբին ամառնային հաւաքավայրն էր։

Վարդան (Սարգիս Մեհրապեան) եւ Յովսէփ Արղութեան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար նշանակւած էին, իսկ արշաւանքի մտայղացումը ներկայացուցած Նիկոլ Դուման՝ չորս յիսնապետներէն մէկն էր։

Քանի մը ժամւան կռիւը վերջ գտաւ ճշդւած նպատակին իրագործումով` Մազրիկ ցեղին բնաջնջումով եւ ֆետայիներուն ամբողջական յաղթանակով: Աւելի՛ն, Մազրիկ ցեղին վրայ, Խանասորի դաշտին մէջ տեղի ունեցած յարձակումը ուժգին ցնցում ստեղծեց թէ՛ հայկական, թէ՛ քրտական եւ թէ թրքական շրջանակներուն մէջ. հայուն համար, անիկա եղաւ նախընթաց ահաւոր կոտորածներէն ետք, խիզախութեան, ստրկութիւնը մերժելու եւ բռնադատութեանց դէմ ծառանալու հայուն ու հայ ֆետայիին կամքին արտայայտութիւնը, իսկ թուրքին ու քիւրտին համար` պատգամ մը, թէ հայուն համար, այլեւս վերջ գտած է ստրկութեան եւ ստրկամտութեան շրջանը։

Խանասորի արշաւանքին ընդմէջէն արտայայտւեցաւ դաշնակցական ֆետայիին բարձր նկարագիրը եւ բարոյական խստապահանջութիւնը: Տաք կռւի մէջ, կիներուն եւ երեխաներուն ձեռք չտւող ֆետայիին գովքը հիւսեցին նախ եւ առաջ իրենք` քիւրտերը եւ այսպէս, հաստատած` հայ ազատագրական պայքարին արդարամիտ դիմագիծը:

Խանասորի արշաւանքը կը ներկայանայ իբրեւ արտայայտիչը ռազմաքաղաքական արդի մտածողութեան, որ միջազգային սահմաններուն վրայ կը գծէր կարելիութիւնը հայկական քաղաքական ուրոյն դերակատարութեան:

Այսպէս, Խանասորի արշաւանքը եւ անոր քաջարի հերոսները դարձան օրինակ եւ առաջնորդ` թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ հայ նոր սերունդներուն համար, որոնք դաշնակցական ֆետայիներու խստութեան եւ ազնւութեան մէջ տեսան այն կեցւածքը, որ կ՛ամրապնդէ հայութեան պայքարի կամքը եւ ազգային արժանապատւութիւնը:

Խանասորի արշաւանքը միաժամանակ ծառայեց քանի մը հիմնական նպատակներու: Անմիջականօրէն, անիկա զօրաւոր ազդարարութիւն մը եղաւ սահմանաբնակ այն քիւրտ ցեղախումբերուն, որոնք մեր յեղափոխականներուն «դէպի երկիր» գործունէութիւնը կը դժւարացնէին: Երկրորդ մակարդակի վրայ, հայկական ներքին ճակատէն ներս, նորաստեղծ յեղափոխութեան շուրջ թանձրացող պահպանողական ամբաստանութիւններու եւ վերապահութիւններու պատը քանդեց, նւիրագործելով Դաշնակցութեան ռազմական ուժականութիւնը: Երրորդ կարգի վրայ, թրքական իշխանութիւններէն սկսեալ մինչեւ մեծ պետութիւնները եւ միջազգային հանրային կարծիքը դէմ յանդիման դրաւ ա՛յն իրողութեան, որ հայկական յեղափոխութիւնը ժողովրդային ամուր կռւաններ եւ ազգային վարակիչ նկարագիր ունեցող հունաւոր շարժում է:

Դեռ աւելի՛ն, Խանասորը եղաւ նաեւ Սարդարապատ կերտող կամաւորներու եւ զինւորներու օրրանը: Վեց դարերու ստրկութենէ, տանջանքներէ եւ շահագործումէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով հայկական բազմամարդ զօրագունդ մը կը բարձրացնէր «Մա՛հ կամ ազատութիւն» դրօշակը, «Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ» կը կանչէր եւ կը նախաձեռնէր զինւորական լայն գործողութեան` ի խնդիր հայորդիին պատիւին պաշտպանութեան եւ ոճրագործին սանձումին:

Ներկայ դաժան օրերուն, տեղին է շարունակ յիշել Խանասորի արշաւանքը՝ հայութեան պատժող բազուկը։

Հայրենիք

Related Articles

Back to top button