Լիզպոնի Հինգ հերոսներու յիշատակի ոգեկոչում եւ ազգային արժէքներուն կառչած մնալու ուխտի վերանորոգութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 յուլիսի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը:
Նախ Լիզպոնի Հինգի դամբարանին մօտ կատարւեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ձեռնարկը բացւեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ հաւաքին նպատակը ոչ միայն յիշելն է պատմական դէպք մը կամ ոգեկոչել հինգ հայ երիտասարդներու յիշատակը, այլ նաեւ՝ վերանորոգել մեր ազգային ուխտը, որ կը փոխանցւի սերունդէ սերունդ, եւ որուն հիմքը մեր ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն է, արդարութեան նկատմամբ անսակարկելի հաւատքն ու Հայ Դատի նկատմամբ անխախտ նւիրումը:
Կիրակոսեան ըսաւ, որ 27 յուլիսը մեր օրացոյցին մէջ սովորական թւական մը չէ, այլ այն օրն է, երբ հինգ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնիեան, Սեդրակ Աճեմեան, Արա Քըրճըլեան, Սարգիս Աբրահամեան եւ Վաչէ Տաղլեան, ընտրեցին դժւար ուղին եւ իրենց սեփական կեանքը գիտակցաբար զոհաբերեցին՝ հայ ժողովուրդին ձայնը հասցնելու աշխարհին: Անոնք չընտրեցին լռութիւնը, չընտրեցին անտարբերութիւնը, չընտրեցին «ես»-ը: Անոնք գիտէին, թէ իրենց քայլը կրնար արժել իրենց կեանքը, բայց նաեւ գիտէին, որ ազգ մը, որուն իրաւունքները տասնամեակներ շարունակ ոտնակոխւած են, եւ որուն մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը կը շարունակւէր ուրացւիլ, չէր կրնար անվերջ լուռ մնալ:
«Լիզպոնի հերոսները ծնունդ էին այն սերունդին, որ ապրեցաւ Ցեղասպանութեան յիշողութեամբ, գաղթի ցաւով եւ հայրենազրկման իրականութեամբ, բայց նաեւ՝ այն սերունդին, որ գաղափարական դաստիարակութեամբ սորվեցաւ, թէ ազատութիւնը, արժանապատւութիւնն ու ազգային իրաւունքները ամէն ինչէ վեր են, որ՝ անոնք կը կերտւին զոհողութեամբ, կազմակերպւած պայքարով եւ աննկուն կամքով», հաստատեց Կիրակոսեան՝ աւելցնելով, որ այսօր, երբ աշխարհի տարբեր անկիւններուն եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ տակաւին կը շարունակւի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը, երբ մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ անվտանգային, քաղաքական եւ ազգային գոյամարտի նոր մարտահրաւէրներ, Լիզպոնի պատգամը կը շարունակէ մնալ արդիական՝ յիշեցնելով, որ ազգային պայքարը ժամանակի ընթացքին չի մաշիր, այլ կը փոխանցւի սերունդէ սերունդ՝ իբրեւ սրբազան պատասխանատւութիւն:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Կիրակոսեան շեշտեց, որ Լիզպոնի Հինգը դարձան խորհրդանիշ անձնազոհութեան, ազգային արժանապատւութեան, նաեւ այն գաղափարին, թէ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չհաշտւի անարդարութեան հետ՝ շեշտելով, որ անոնք մեզի կտակեցին պատգամ մը: «Անոնք մեզի չկտակեցին միայն յիշատակ, այլ նաեւ պարտաւորութիւն՝ մնալու կազմակերպւած, գիտակից եւ հաւատարիմ մեր ազգային արժէքներուն եւ շարունակելու պայքարը իւրաքանչիւրիս կարելիութեան սահմաններուն մէջ»:
«Գաղափարական մարտիկներու համար այս պայքարը երբեք եղած չէ միայն անցեալի յիշողութեան պայքար: Ան եղած է ապագայի կերտման պայքար: Հայ Դատը միայն պատմութեան հարց չէ. ան մեր ժողովուրդի գոյութեան, անվտանգութեան, իրաւունքներուն եւ ազգային արժանապատւութեան հարցն է: Արդարութիւնը չի սահմանափակւիր անցեալով, ան կը վերաբերի նաեւ ներկային եւ ապագային», եզրափակեց Կիրակոսեան:
Այնուհետեւ խումբ մը ԼԵՄ-ականներ կարդացին Լիզպոնի Հինգ տղոց կենսագրութիւնները:
Օրւան պատգամը յղեց Գրիգոր Էքմեքճեան, որ շեշտեց, թէ հինգ հերոսներուն՝ Արային, Սեդրակին, Սագոյին, Վաչէին եւ Սիմոնին անունները այլեւս սոսկ անուններ չեն, այլ՝ հինգ ճակատագիրներ, որոնք դարձած են յիշողութիւն եւ պատգամ, հինգ երիտասարդ սրտեր, որոնք մեր ժողովուրդին ցաւը իրենց մէջ կրելով՝ որոշեցին աշխարհին յիշեցնել, թէ լռութեան դատապարտւած ժողովուրդ մը անպայման օր մը պիտի բարձրացնէ իր ձայնը:
Բանախօսը նշեց, որ 27 յուլիս 1983 թւականը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրւած է խոր ցաւով, սակայն՝ անզուգական հպարտութեամբ, ծանր խորհուրդով եւ ազգային պահանջատիրութեան անջնջելի դրոշմով, աւելցնելով, որ ոգեկոչումին նպատակը միայն հինգ հերոսներու յիշատակը յարգել չի նպատակադրեր, այլ՝ իւրաքանչիւր իր խիղճին առջեւ քննութիւն պէտք է կատարէ եւ հարց տայ, թէ արդեօք արժանի ժառանգո՞րդն է այն սերունդներուն, որոնք իրենց գարուն կեանքերը նւիրեցին Հայ Դատին, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան արդար հատուցման պահանջին:
Էքմէքճեան ըսաւ, որ այսօր մենք կը խոնարհինք հինգ հերոսներու յիշատակին անոնց վճռակամութեան, այն սրբազան նւիրումին եւ անոնց համոզումին առջեւ, թէ հայ ժողովուրդին դատը կարելի չէ փակել դիւանագիտական լռութեամբ կամ ժամանակի մաշումով, սակայն իրենց յիշատակին առջեւ կանգնած՝ նաեւ ներողութիւն կը խնդրենք իրենցմէ, որովհետեւ այսօր Հայաստանը վիրաւոր է, իսկ Արցախը՝ հայաթափւած: Հայրենի հողին վրայ կրկին հայը տեղահանւած է, կրկին հայկական տուները դատարկւած են, կրկին եկեղեցիները մնացած են թշնամիի ձեռքերուն մէջ: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդին մէկ մասը ստիպւած եղաւ լքել իր հազարամեայ բնօրրանը, մինչ աշխարհը կրկին դիտեց, կրկին հաշւարկեց, կրկին լուռ մնաց: Մեր ազգային պայքարի կողմնացոյցը երբեմն կորսնցուցինք աշխարհի այս խառնաշփոթին մէջ: Երբեմն հայրենիքը վերածեցինք կարգախօսի, բայց մոռցանք զայն դարձնել ամէնօրեայ պատասխանատւութիւն:
«Եւ ահա այսօր կան մարդիկ, որոնք ստանձնելով հայրենիքի պետականութեան բարձր պաշտօնները՝ ազգային արժէքները փոխանակած են ժամանակաւոր շահերու հետ, որոնք հայրենիքը չափած են աթոռով, պաշտօնով կամ քաղաքական մանր հաշիւներով, որոնք պատրաստ են մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, լուռ մնալ Արցախի հարցով եւ հաշտւիլ պարտութեան հետ, միայն թէ իրենց անցողիկ դիրքերը չվտանգւին», հաստատեց Էքմէքճեան: Ան աւելցուց, որ նմաններուն բարձրաձայն պէտք է ըսել՝ ժողովուրդ մը, որ կը վաճառէ իր յիշողութիւնը, կը վտանգէ իր ապագան, մոռացութեան կամ նոյնիսկ կասկածի կը մատնէ իր զոհերը, իր ազգային արժէքները կը զոհէ քաղաքական փոքր շահերու համար, վաղը պիտի կորսնցնէ ոչ միայն հողը, այլ նաեւ՝ իր գոյութիւնը:
Բանախօսը շեշտեց, որ մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ Հայ Դատը դառնայ ձեւական արտայայտութիւն, որ Արցախը դառնայ փակւած էջ՝ հաստատելով, որ մենք կու գանք նորոգելու մեր ուխտը՝ չմոռնալու, չլռելու, չհաշտւելու կեղծ պարտութեան հետ, շարունակելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման պայքարը:
Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն՝ Գրիգոր Էքմէքճեան թւեց երեք հիմնական կէտեր. Ա) Յոյսը՝ ազգային պայքարի առաջին ուժը: Ան շեշտեց, թէ որքան ալ մեր շուրջը անորոշութիւն, պատերազմներ եւ դժւարութիւններ տեսնենք, մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու, մանաւանդ որ ամբողջ ժողովուրդ մը իր հայեացքը ուղղած է դէպի նոր սերունդը, որոնց խանդավառութիւնը պիտի վերակենդանացնէ յոգնած հոգիներ, որոնց հաւատքը պիտի վերականգնէ ազգային վստահութիւնը: Երբ երիտասարդութիւնը կանգուն ու ամուր կը մնայ, ամբողջ ազգը կը զգայ, որ ապագան տակաւին յաղթանակներով լեցուն է: Բ) Այսօրւան պայքարը՝ այսօրւան միջոցներով: Էքմէքճեան ըսաւ, որ ամէն ժամանակաշրջան իր պայքարի միջոցները ունի, ուստի Հայ Դատի պաշտպանութիւնը այսօր կը պահանջէ գիտելիք, պատրաստւածութիւն, կազմակերպւած աշխատանք եւ համաշխարհային մտածողութիւն: Մեր պայքարը կը շարունակւի այն բոլոր օրինական եւ ազդեցիկ միջոցներով, որոնց շնորհիւ կարելի է՝ պաշտպանել ճշմարտութիւնը, ամրացնել Հայաստանը, հզօրացնել Սփիւռքը եւ աշխարհին հասցնել մեր ժողովուրդի արդար ձայնը: Գ) Միասնութիւնը՝ մեր գոյատեւման անփոխարինելի պայմանը: Էքմէքճեան դիտել տւաւ, որ այսօր մեր ազգը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին, եւ այդ պատճառով ալ մեր ամենամեծ ուժը պէտք է ըլլայ միասնութիւնը: Մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր Եկեղեցին, մեր կրթական հաստատութիւնները եւ մեր ազգային կազմակերպութիւնները բոլորն ալ կը զօրանան, երբ զիրար կը զօրացնենք: Ձեր սերունդը պարտաւոր է ըլլալ այն սերունդը, որ կը վերականգնէ վստահութիւնը, կը կամրջէ բաժանումները եւ կը հաստատէ միասնութեան նոր մշակոյթ մը:
Գ. Էքմէքճեան իր խօսքին վերջին բաժինով հաստատեց, որ այսօր մենք կը խոստանանք, որ մեր սերունդներուն պիտի փոխանցենք ոչ թէ ցաւը, այլ՝ պայքարելու կամքը, պիտի սորվեցնենք անոնց, որ հայ ըլլալը միայն ինքնութիւն չէ, այլ պարտաւորութիւն է լեզւին, մշակոյթին, հայրենիքին եւ արդարութեան հանդէպ: Եզրափակելով՝ ան ըսաւ, որ պայքարը պիտի շարունակւի, ոչ միայն մինչեւ որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ ճանչցւի, այլ նաեւ արժանանայ արդարութեան:
Օրւան պատգամին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն: Աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նւագախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր:
Ձեռնարկը փակւեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:







