«Հայ մարզիկի օր»-ւան առիթով Արցախի մարզիկներու գնահատանքի երեկոյ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն մասնակցութեամբ, երեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշւեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը: Անիկա հինգ տարի է ի վեր կը նշւի 22 յուլիսին` հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը: Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն ունեցաւ, նախ` Երեւանի մէջ եւս նշւելով, եւ ապա` «Օր»-ը նուիրւելով միջազգային մարզական մրցաշարքերու պատւաբեր յաջողութիւններ արձանագրած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներուն:
«Հայ մարզիկի օր»-ւան երեկոյին ներկայ գտնւեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան վերջին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Անդրանիկ Չաւուշեան եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներ:
Գնահատանքի երեկոն սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով եւ հայութեան եւ Արցախի համար զոհւած հերոսներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց եւ օրւան հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նայիրի Ազարիկեան, որ նշեց, թէ «Հայ մարզիկի օր»-ը օրն է յարգանքի տուրք մատուցելու այն բոլոր հայ մարզիկներուն, որոնք իրենց հպարտալի իրագործումներով, նւիրումով եւ ազնիւ մրցակցութեամբ կը կերտեն հայ մարզական կեանքին փառաւոր պատմութիւնը: «Այսօր, երբ անցեալի փառաւոր էջերը կը յիշենք, կը հաստատենք, որ հայ մարզիկը միայն ախոյեանութիւններու հետամուտ անձ մը չէ, ան ազգային արժէքներու դրօշակակիր է, կամքի, կարգապահութեան, ազնիւ մրցակցութեան եւ ծառայութեան մարմնացում է»: Երեկոյին կազմակերպման մասին խօսելով` Նայիրի Ազարիկեան ըսաւ, որ «Հայ մարզիկի օր»-ուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, Կեդրոնական վարչութեան քաջալերանքով, գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ գնահատելու եւ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային մրցանակներու տիրացած արցախցի մարզիկներ, որոնք, թէեւ այսօր տեղահան են, սակսյն կը շարունակեն հայութեան անունը բարձր պահել իրենց փայլուն յաղթանակներով: «Անոնք ամէն տեսակ դժւարութիւն յաղթահարելով կը պայքարին իրենցմէ շատ աւելի յարմարութիւններ եւ դիւրութիւններ ունեցող մարզիկներու դէմ եւ այդուհանդերձ կը յաջողին փայլուն մրցանակներ խլել եւրոպական թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ», շեշտեց ան` երախտագիտութիւն յայտնելով այն սքանչելի մարզիկներուն, որոնց արցախցիի անկոտրում հաւատքը եւ մրցակիցին դիմաց տեղի չտալու անյաղթահարելի կամքը ներշնչումի աղբիւր են բոլորիս համար:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Անդրանիկ Չաւուշեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ՀՄԸՄ-ը աշխարհի 41 շրջաններու մէջ հազարաւոր հայ երիտասարդներ կը համախմբէ ազգային, մարզական եւ սկաուտական արժէքներու շուրջ: Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անունով ան շնորհաւորեց մեծարեալ բոլոր մարզիկները, ապա իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ միշտ իր ուշադրութեան կիզակէտը կը պահէ Արցախը, կը լուսաբանէ արցախեան իրականութիւնը եւ կ՛արժեւորէ Արցախի առնչւած բոլոր յաջողութիւնները:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղէն սկաուտներ Պելլա Խալատովա եւ Մարի Սայիեան ասմունքեցին արցախեան բարբառով Գուրգէն Գաբրիէլեանի «Ղարաբաղ» ստեղծագործութիւնը:
Յաջորդ սրտի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան` շեշտելով, որ` «Մեր այսօրւան մարզիկները, մեր ապագայ մարտիկները» կարգախօսը երբեք չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը:
Ան նշեց, որ այսօր Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ իրենց նւաճումներով կը ներկայացնեն Արցախի անկոտրում ոգին, որ երբեք չի մարիր: Անոնք մարզական պայքարի ճամբով արձանագրած իրենց յաղթանակներով բարձր կը պահեն Արցախի դրօշը եւ արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն իրենց ժողովուրդը համաշխարհային հարթակներու վրայ: Արա Պուլուզեան շնորհաւորեց Արցախի մարզիկները իրենց վաստկած տիտղոսներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն համար` մաղթելով, որ անոնք շարունակեն Արցախի դրօշը պահել իրենց սրտերուն մէջ, նորանոր բարձունքներ նւաճեն եւ իրենց հայրենասիրական ոգիով գալիք սերունդները ոգեշնչեն:
Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր սրտի խօսքին մէջ ՀՄԸՄ-ը նկատեց մեծ ընտանիք մը, որ իր «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանով տասնամեակներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ հայրենազրկումէն ետք արցախցիները բախեցան բազմաթիւ դժւարութիւններու, իսկ ընկերային ցանցերու եւ զանազան հարթակներու վրայ տարածւող հակաարցախեան քարոզչութիւնը փորձեց ընկճել անոնց ոգին: Սակայն, ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներու նւիրումն ու հետեւողական աշխատանքը նպաստեցին այդ դժւարութիւններու յաղթահարման:
Լ. Յովհաննէսեան բարձր գնահատեց Արցախի մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւնները` յայտնելով, որ անոնք, զանազան մարզաձեւերու մէջ ախոյեան դառնալով եւ իրենց նւիրեալ պայքարով, Արցախի հայութիւնը արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն համահայկական մարզական դաշտին վրայ: Ան խրախուսեց մարզիկները` շարունակելու իրենց ուղին նոյն վճռակամութեամբ` շեշտելով, որ պէտք է կենդանի պահել Արցախ վերադարձի տեսլականը, պահպանել հայրենիքի յիշողութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման պարագային այդ ամբողջ ներուժն ու ձեռքբերումները տեղափոխւին Արցախ:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրւեցան միջազգային մրցաշարքերու ախոյեանական տիտղոսներ շահած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի ձեռամբ ստացան յատուկ յուշանւէրներ եւ նիւթական պարգեւներ:
Պարգեւատրւեցան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները.
Տիգրան Թովմասեան-17 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի եռակի ախոյեան:
Ալեքս Խաչատրեան- 15 տարեկան, Սանտա Ուշու, Եւրոպայի ախոյեան, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի ախոյեան:
Արսէն Բաղրեան- 25 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, աշխարհի բաժակի արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան:
Սեւակ Մուսայէլեան- 20 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան:
Գարոլինա Համբարձումեան- 18 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի յաղթող, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:
Ռուզաննա Բալասանեան- 23 տարեկան, սամպոյի Եւրոպայի 2021-ի առաջնութեան երրորդ դիրքին տիրացած, իսկ Հայաստանի սամպոյի 2026-ի ախոյեանութեան երկրորդ դիրքին տիրացած:
Արման Պարսիեանց- 18 տարեկան` ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի 2026-ի ախոյեան` Լեհաստանի Կտինիա քաղաքին մէջ:
Ի բացակայութեան գնահատանքի արժանացան Ալեքս Խաչատրեան (19 տարեկան, սամպօ, 2024-ին Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան, 2026-ին Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան) եւ Էռնեստ Միրզոյեան (ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի ախոյեան):
Երեկոյին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի եւ Արցախի կապը անխզելի է: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի վերջին Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին որոշումով` միութեան բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները իրենց տարազներուն վրայ կը կրեն Արցախի յատուկ պէճը: Նոյն ժողովին որոշւեցաւ նաեւ բարձր պահել Արցախի դրօշը` մինչեւ այն օրը, երբ արցախահայութիւնը վերադառնայ իր պապենական հայրենիք:
Այս առիթով, Յակոբ Խաչերեան պատմական զուգահեռ մը կատարեց` յիշեցնելով, որ ՀՄԸՄ-ը տասնամեակներ շարունակ բարձր պահած էր Եռագոյնը` այն տարիներուն, երբ ան ընդունելի չէր նոյնիսկ կարգ մը հայկական շրջանակներու մէջ` շեշտելով, որ այսօր նոյն վճռակամութեամբ ան պիտի շարունակէ բարձր պահել Արցախի դրօշը, որովհետեւ ան պարզ խորհրդանիշ մը չէ, այլ` մեր ազգային կամքին եւ հաւատքին արտայայտութիւնն է:
Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ իբրեւ պասքեթպոլի Ասիոյ ցամաքամասի միջազգային ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն շատ բաժակներ եւ մրցանակներ յանձնած է, սակայն Արցախի մարզիկներուն տրւած յուշանւէրը տարբեր իմաստ եւ թելադրականութիւն ունէր իրեն համար: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ նորանոր ախոյեանութիւններ նւաճեն եւ ազգային քայլերգը հնչեցնեն աշխարհի զանազան հարթակներուն վրայ:
Իր խօսքին աւարտին, Յ. Խաչերեան վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի ազատագրումէն ետք ՀՄԸՄ-ականները ըլլան Արցախի դրօշը առաջին տուն դարձնողները:
Եռօրեայ աշխատանքներէ ետք, համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարը իր աւարտին հասաւ , չորեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Համագումարի ընթացիկ նիստերուն կողքին, , յատուկ զեկուցում մը ներկայացուց ԹՈՒՄՕ-ի հանրային կապերու ղեկավար Շուշան Մարուքի` նիւթ ունենալով «Հանրային կապերու դերն ու հնարաւորութիւնները ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան տարածման մէջ»:
Յայտնենք, որ համագումարի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Ազգային արխիւ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տեսալսողական գիտաշխատանոց (media lab):



