Հաղորդագրութիւն. Կայացաւ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի առցանց նիստը

18 Յուլիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 թւականի Ապրիլ 11-12-ին գումարւած խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ։
Ժողովը գումարւեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ Դատի ﬕջազգային հետապնդման, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համախմբւած դերակատարութեան առնչւող լուրջ մարտահրաւէրներ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրւող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտութիւնը։
Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնելու վերջին երեք աﬕսներու ընթացքին կատարւած աշխատանքները եւ քննարկելու հետագայ քայլերը։ Համադրող Կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացւած են խորհրդաժողովէն ի վեր՝ ներառեալ չորս կլոր սեղաններու մասնակիցներուն ﬕջեւ կազմակերպւած աշխատանքային հանդիպուﬓերը, զեկոյցներու ու համառօտագիրներու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգներու տարածումը։
Նիստի ընթացքին ցուցադրւեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովի նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորւած դրական նոր հեռանկարները:
Քննարկուﬓերուն ընթացքին ներկայացւեցան նաեւ կլոր սեղաններու վերջնական ամփոփագիրները, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի ռազմավարական դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերուն:
Յատուկ ներկայացւեցաւ խորհրդաժողովին նւիրւած կայքէջը, ուր պիտի տեղադրւի խորհրդաժողովի ամբողջ արխիւը՝ զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդւածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր՝ ապահովելով կատարւած աշխատանքներու երկարաժամկէտ պահպանութիւնն ու հանրային մատչելիութիւնը։
Ժողովի եզրափակիչ քննարկումը նւիրւեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն։ Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ ձեւակերպւած սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն ﬓալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբւած, կազմակերպւած ու շարունակական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային շահերուն։
Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի ﬕջոցառում մը եղած է, այլ սփիւռքի ուժերու համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի ﬕաւորել սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնել համազգային ռազմավարական նպատակներու իրականացման։
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազմ
18/07/2026



