Վայրէջքը Կասեցնել Է Պէտք
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ պարտուողական հարկադիր հանգրուանի մը նախընթացին կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ժողովրդային պոռթկումի նախանշաններ երեւան կու գան: Անտարբերութեան մատնուած ժողովուրդի, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան երազներով տարուած հանրութեան մէջ երեւան կու գան ընդվզումի ու մերժումի նշաններ: Հակառուսական տրամադրութիւններու հետզհետէ ժողովրդականացող ու համատարած դարձող արշաւը արդէն նուաճած է բարձրակէտ մը. դժուար է նոր նահանջները այլեւս վերագրել ռուսական կողմին: Ուշադրութիւնը շեղող նոր միջոց պէտք է գտնել, նոր հնարքներ ճարել: Գտնուածը այս անգամ շատ ճղճիմ էր. երեք զինեալներու յարձակումը ոստիկանատան մը դէմ, անորոշ պահանջներով ու անյայտ ծագումով, շատ կարճ ժամանակ միայն կրցաւ զբաղեցնել ներքին ու արտաքին տեղեկատուական միջոցները եւ շուտով մարեցաւ: Տաւուշի շրջանին մէջ չորս գիւղերու յանձնումի նիւթը մնաց այժմէական:
Բազմիցս ըսած ենք ու գրած, որ Հայաստան կը գտնուի բախտորոշ փուլի մը սեմին: Իր ձախողումներուն մէջ ռուսական կողմին պատասխանատուութեան մեծ չափը անվիճելի է: Անվիճելի է միաժամանակ հաւաքական Արեւմուտքի վերաբերումին ժխտականութիւնը: Արեւմուտքը կը փորձէ շահարկել հայերուն Ռուսիոյ նկատմամբ ժխտական վերաբերումը, արմատականացնել հակառուս տրամադրութիւնները, առանց շօշափելի փոխարինումի ոչ մէկ առաջարկ ներկայացնելով: Կրկնենք նաեւ անգամ մը եւս, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքական գիծը, լեցուն շեղումներով ու անորոշութիւններով, ստեղծուած կացութեան մէջ ունի կարեւոր դեր: 29800 քառ. քմ-ի մէջ ամփոփումը դարձուցած ռազմավարական ուղղութիւն, Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ միայն Ազրպէյճանի կողմէ համապատասխան դիրքորոշում չապահովեցին, այլեւ զրկուեցան մարտավարական ընտրանքներով բանակցելու կարելիութենէն: Միայն զիջելով ու ոչինչ պահանջելով Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնուեցան անելի մէջ. յառաջացումը անկարելի է, նահանջի ճամբայ ալ չկայ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է վերանայելու ու վերախմբագրելու իր ազգային ռազմավարութիւնը: Բոլոր մարզերուն մէջ. պաշտպանութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն, ներքին քաղաքականութիւն: Անհրաժեշտ է, որ ստեղծէ հանրային համերաշխութիւն եւ համախմբէ ժողովուրդը հայ ազգի կենսական շահերուն շուրջ: Վերջ տայ նախկիններով, ռուսերով ու հնարովի այլ գործօններով ձախողութիւնները պարտկելու մաշած սովորութեան ու պատասխանատուութիւն ստանձնէ: Վերականգնէ խրոխտ ու յանձնառու հայ մարդու կերպարը, որ դարերու ստրկութիւնը մերժելով հասեր է քսանմէկերորդ դար:
Արմատական նման ցաւագին փոփոխութիւն մը կատարելու ատա՞կ է արդեօք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ իշխանութիւնը, խճճուած սխալ գործընթացներու մէջ, միայն ինքնարդարացման փորձեր կը կատարէ: Այդ փորձերուն կրկնութիւնը շարունակուելու պարագային, Հայաստան ամբողջատիրական վարչաձեւ ունեցող երկիր կրնայ դառնալ: Ընտրութեամբ իշխանութիւն ունենալ չ՛ենթադրեր ազգին ճակատագիրը տնօրինել միանձնեայ եղանակով: Գաղտնիքներով, սուտով ու կեղծիքով կառավարման եղանակը հակացուցումն է իրա՛ւ ժողովրդավարութեան:
Իշխանափոխութեան պահանջը գորդեան հանգոյցը քակելու փորձ է: Իշխանութիւնը ինքզինք զրկած է վերափոխուելու, ընթացքը սրբագրելու, ազգային ռազմավարութիւն մշակելու հնարաւորութենէն: Ազգային ռազմավարութեան մը շուրջ ժողովուրդը համախմբելու, անոր պայքարի կորովը բարձրացնելու հնարաւորութենէն: Թող կա՛մ սթափուի ու շտկէ մէջքը, կա՛մ հեռանայ:
Իշխանափոխութեան պահանջը ինքնանպատակ չէ. իշխող մարդերու, համախմբումներու կամ կուսակցութիւններու փոփոխութիւն կատարելու համար չէ: Ազգային գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած, հայոց պատմութեան ունկնդիր ազգային ռազմավարութեան մը որդեգրումը իրականանալի դարձնելու համար է:
Արկածախնդրութեան դիմելու պահանջ չէ ուզուածը: Իրապաշտ ու գործնապաշտ, աշխարհի խառնակ վիճակին ակնդիր, բայց նաեւ հայութեան կարելիութիւններուն համախմբումով երկիր կառավարելու բնական պահանջ է ուզուածը: Հայութիւնը արժանի չէ՞ վաւերականօրէն ազգային իշխանութիւն մը ունենալու:
«Ազդակ»