Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ ՄամուլՍփիւռք

Մնալով տեսլականին հաւատարիմ «Համազգային»-ի 95-ամեակին առթիւ

«Համազգային»-ի 95-ամեակը նշող տարին փակելէ առաջ արդար է անդրադառնալ իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ մտածել՝ ինչպէ՛ս հաւատարիմ մնալ անոր ու յանձն առնել շարունակել երթը այս մեծ առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութեան։

Կարժէ այստեղ կարճ մէջբերում մը ընել այն յօդւածէն, որ Վահան Նաւասարդեան գրած է «Համազգային»-ի հիմնադրութեան մասին։ Որքան ալ հետաքրքրական ըլլան իր տւած այլ մանրամասնութիւնները, այստեղ կուզեմ տալ այդ հիմնադրութեան որոշումը կայացնող ժողովի նկարագրութեան հետեւեալ հատւածը.

Ժողովականները բաժանւած էին երկու մասի. մէկը, գլխաւորութեամբ [Լեւոն] Շանթի, համեստ ծրագրի կողմնակից էր,- «Լոյս» անունով ընկերութիւն հաստատել՝ միայն մէկ երկրորդական վարժարան հիմնելու ծրագրով։ Շանթի հետ էր [Նիկոլ] Աղբալեանը, ասելով՝ «շատ բան կուզեմ. տւողը ո՞վ է. գիտնանք քչով գոհանալ, եթէ քիչն էլ լինի՝ նորէն շատ է»։

Միւս մասը կողմնակից էր աւելի լայն ծրագրի, համագաղութային ծաւալով կրթական մշակութային կազմակերպութիւն ստեղծելու առաջադրութեամբ, որի առաջին ձեռնարկը պիտի լինէր – իր սկզբնական շրջանին, քանի կազմակերպութիւնը ծաւալած չէր գաղթաշխարհի մէջ – հիմնադրումը միայն մէկ երկրորդական վարժարանի։

Այս երկրորդ տեսակէտի ջերմ պաշտպաններից էի ես՝ ինձ հետ ունենալով մասնաւորաբար Համոյին [Օհանջանեան] եւ Ստեփանին [Եսայեան]։

Մտքերի երկարատեւ փոխանակումից յետոյ յաղթանակեց այս վերջին տեսակէտը։ Եւ իմ առաջարկով ընդունւեց հետեւեալ անունը նորաստեղծ կազմակերպութեան համար – «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»1)։

Հեռուն նայող, լայն հորիզոնի վրայ բացւող հայեացք մը, որը մերը ըլլալու է ամէն ժամանակէ աւելի։ Ահա հինգ բառեր, որոնք կը բնութագրեն կազմակերպութիւնը եւ անոր էութիւնը՝ հայ – կրթական – հրատարակչական – համազգային – ընկերութիւն։ Այդ բառերէն մէկը յետոյ աւելի ընդլայնելով պիտի դառնայ «մշակութային» եւ կազմակերպութիւնը այսօր պիտի կրէ «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն» անունը, եւ անունի վերածւած ածականը, դրւելով սկիզբը, պիտի ստանայ ա՛լ աւելի մեծ առում։

Այո, ի զուր չէ, որ մեծ տեսաբանը՝ Նաւասարդեան, պնդած է այդ առաջին՝ «համազգային» բառին վրայ։ Այդ բառին մէջ կայ ամբողջ աշխարհ մը՝ հայաշխարհը, եւ ահա այդ բառն է, որ կը նշէ կազմակերպութեան դիրքաւորումը. ան չէ՛ կուսակցութեան մը, կողմի մը կազմակերպութիւնը, որքան ալ վայելէ անոր հովանաւորութիւնը ու անոր գաղափարականին ջատագովը ըլլայ ան. իր նպատակը համազգային է, իր կոչումը համազգային է, իր ներուժը համազգային է։ Ատկէ մեկնելով պիտի ըսենք նաեւ իր աշխատանքը համազգային պիտի ըլլայ, այսինքն՝ բոլոր առնչւած կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ գործակցաբար պիտի զարգացնէ իր գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ թէ Հայրենիքի։

Երկրորդ բառը «հայ»-ն է։ Այդ ալ պատահականութեամբ չէ, որ ընտրւած է։ Պարզապէս հայկական կազմակերպութիւն մը ըլլալը չէ՛, որ կը նշւի այդ բառով։ Ան հայ է իր ուղն ու ծուծով եւ իր հայ ըլլալո՛վ է, որ համամարդկային է։ Ան հայութեա՛ն կը ծառայէ եւ հայութեան ծառայելո՛վ է, որ մարդկութեան կը ծառայէ։ Հայութեա՛ն մտահոգութիւններն են իր օրակարգին վրայ, հայութեան կարիքներն են իր ծրագրերուն հիմքը։ Ինչպէս պարզապէս ածական մը չէ «համազգային»-ը, այնպէս ալ պարզապէս ածական մը չէ «հայ»-ը, այլ՝ պատկանելութիւն մը, այդ պատկանելութեան խոր գիտակցութիւն մը։ Ինքնութիւն մը, բայց առանց այլամերժութեան եւ առանց ցեղապաշտութեան, ինչ որ յարիր պիտի չըլլար Դաշնակցութեան իսկ գաղափարաբանութեան։

Հիմա նայինք «կրթական» եւ «մշակութային» բառերուն, որոնք կը ճշտեն ծիրերը այս կազմակերպութեան գործունէութեան, եւ անդրադառնանք, թէ «կրթական»-ը զետեղւած է «մշակութային»-էն առաջ։ Առանց կրթականին, մշակութայինը ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ։

Նպատակ չունիմ թւելու «Համազգային»-ի անցնող 95 տարիներու կատարւած աշխատանքները այս ծիրերէն ներս. ատոնք արդէն կը պատկանին պատմութեան։ Ատոնց գնահատումն ալ կը թողեմ ապագայ պատմաբաններուն։ Բայց չեմ կրնար չանդրադառնալ ներկայ կարիքներուն, որոնք պիտի ճշտեն մեր գալիք ուղին։

Ինծի համար այսօր թիւ մէկ խնդիրը մեր լեզւի պահպանումն է՝ հայերէնի՛ պահպանումը. ոչ թէ միայն արեւմտահայերէնի, այլ հայերէնի՝ իր երկու լեզւաճիւղերով, որոնք կը գտնւին աղաւաղման, խաթարման ու ի սպառ անհետացման վտանգին առջեւ։ Լեզւի պահպանումը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով կամ բոլոր առնչումներով, դպրոցներու հարիւրապատիկ բազմացումով Սփիւռքի մէջ, այդ դպրոցներուն համար ուսուցիչներու դաստիարակութեամբ, ամենուրեք տեղւոյն յարմար կրթական ծրագրերու եւ դասագրքերու պատրաստութեամբ, գրականութեան զարգացումով, մանաւանդ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքներուն համար, ժամանակակից բառարաններու եւ լեզւի ուսուցման անհրաժեշտ քերականութեան եւ ուղղախօսութեան դասագրքերու հրատարակութեամբ՝ մասնագիտական պատրաստութեամբ ու ներկայ արդի մօտեցումներուն համապատասխան։


«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»­ի հիմնադրութեան յայտարարութեան օրը՝ 28 մայիսի 1928, Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առջեւ

Մշակութային գործունէութիւնը պիտի գայ ամբողջացնելու կրթական գործունէութիւնը. թատրոնը, մանաւանդ արդի կեանքին առնչւած հայերէն նոր թատերախաղերով, շարժանկարն ու այլազան տեսանիւթերը, երգն ու պարը, ասոնց բոլորին անհրաժեշտ ղեկավարներու եւ դերակատարներու մասնագիտական պատրաստութիւնը, ներկայացումները, անոնց հիւրախաղերը եւ այլն, եւ այլն։ Այս ծիրէն ներս ալ տակաւին թանգարանները՝ ներառելով անոնց ստեղծումը Սփիւռքի բոլոր հայաշատ վայրերուն մէջ եւ չանտեսելով «Համազգային»-ի բոլոր մակարդակներու վարչութիւններու եւ գեղարւեստական խումբերու, ինչպէս նաեւ անհատ մտաւորականներու եւ արւեստագէտներու արխիւներու պահպանումը՝ թւայնացմամբ եւ այլապէս, արւեստագէտներու գործերու փրկութիւնը անոնց մահէն ետք՝ երբ անժառանգ կը մեկնին այս աշխարհէն, գիտաժողովներու յաճախակիացումը եւ այդ ոչ միայն հայրենիքի մէջ։

Խօսելով հայրենիքի մասին, կուզեմ շեշտել, թէ որքան կարեւոր է «Համազգային»-ի տարածումը բոլոր մարզերուն եւ բնակավայրերուն մէջ, անոր գործունէութեան ընդլայնումը՝ առկայ գեղարւեստական խումբերու գործակցութեամբ, արւեստագէտներու քաջալերումը եւ տակաւին ինչեր։

«Համազգային»-ին կիյնայ նաեւ քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ համաշխարհային, շրջանային թէ տեղական, կապեր ունենալ կրթական թէ մշակութային կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու թէ անհատներու հետ՝ ներառեալ լրատւական մարզէն ներս՝ փոխադարձ ծանօթացման եւ համագործակցութեան համար, միշտ ի նպաստ ու ի փառս համայն հայութեան։

Այս բոլորը, սակայն, պիտի ըսւի դրամի կը կարօտին։

Եւ ահա կու գանք կազմակերպութեան անունին վերջին բառին՝ «միութիւն»։ Գիտենք, չէ՞, որ միութիւնը զօրութիւն է։ Աւելին ըսելու պէտք կա՞յ։

95 տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ, օրւան նեղ պայմաններով, «Համազգային»-ը հիմնելու համար եթէ հիմնադիրները յաջողեցան գոյացնել անհրաժեշտ հազար եգիպտական ոսկին, այսօր հայութեան ունեցած անբաւ հարստութեամբ հնարաւոր չէ՞ ստեղծել 1000 միլիոնի դրամագլուխ մը եւ ծրագրումով անցնիլ գործի՝ քայլ առ քայլ իրականացնելու նոր վարժարան առ նոր վարժարան, նոր ծրագիր առ նոր ծրագիր։

Անկասկած կարելի է, եթէ ըլլան գիտակցումը, հաւատքն ու կամքը։

Հաւատարիմ՝ հիմնադիրներու տեսլականին։

————————————————————————
1)- Վահան Նաւասարդեան, «Համազգային»ի եւ իր ճեմարանի հիմնադրութեան շուրջ, «Յուսաբեր» (բացառիկ՝ նւիրւած Վահան Նաւասարդեանի յիշատակին), տպարան «Յուսաբեր», 1957, Գահիրէ (պահած եմ ուղղագրութիւնը այնպէս ինչպէս տպւած է այնտեղ Վ.Ա.)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» թիւ 12, 2023 թ.

Related Articles

Back to top button